ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԱՆՍԻ ՔԱՂԱՔԻՆ ՄԷՋ ՍԱՐՍԱՓԵԼԻ ԴԷՊՔ. 2-3 ՏԱՐԵԿԱՆ ՓՈՔՐԻԿՆԵՐ ՍՈՒՐԻԱՑԻ ԳԱՂԹԱԿԱՆԻ ՄԸ ՅԱՐՁԱԿՄԱՆ ԵՆԹԱԿԱՅ

Ֆրանսայի մէջ երէկ պատահեցաւ սարսափելի դէպք մը, որ ամբողջ աշխարհի մէջ պոռթկումի պատճառ դարձաւ։ Այսպէս, Ալպեան լեռնաշղջայի լանջի Անսի քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ յարձակում մը։ Զուիցերիոյ սահմանին մերձակայ այս քաղաքի ճեմապարտէզներէն մէկուն մէջ Սուրիայէն մեկնած գաղթական մը պատճառ դարձաւ իսկական ողբերգութեան։ Ան դաշունահարեց այգիի մէջ խաղացող երեխաներ։ Իր յարձակման հետեւանքով չորս երեխայ եւ երկու չափահաս վիրաւորուեցաւ։ Հինգ վիրաւորեալի պարագան ծանր է։ Սուրիացի, գաղթականի կարգավիճակով յանցագործը այս յարձակումը կատարեց առաւօտեան ժամերուն, Անսիի լիճի ափի այգիին մէջ։ Իր կողմէ դաշունահարուած փոքրիկները կը տարուբերին երկու-երեք տարեկանի միջեւ։

Կը հաղորդուի, որ Ապտալ Մասիհ Հ. անունով 32-ամեայ այս յարձակողը ամուսնացած է եւ ունի երեք տարեկան զաւակ մը։ Ան դէպքէն 4 վայրկեան վերջ արդէն ձերբակալուած է իրաւապահ մարմիններուն կողմէ։ Ականատեսներու վկայութեան համաձայն, ան յարձակումը գործելու ժամանակ գոչած է. «Յանուն Յիսուսի»։ Տեսագրութիւնները ցոյց կու տան, որ ան յարձակումը գործած է ծայր աստիճան պաղարիւն ձեւով։ Խնդրոյ առարկան քրիստոնեայ մըն է։

Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն այս դէպքէն վերջ յայտնեց, որ երկիրը շոքի մատնուած է։ Վարչապետ Էլիզապէթ Պոռն եւ ներքին գործոց նախարար Ժերալ Տարմանինն ալ դէպքէն անմիջապէս վերջ ուղեւորուեցան դէպի Անսի։ Կը հաղորդուի, որ Ֆրանսայի մէջ հանրային կարծիքի ցասումին պատճառ դարձած է՝ դէպքէն անմիջապէս վերջ Ահաբեկչութեան դէմ պայքարի դատախազութեան շարժման չանցնիլը։

Ֆրանսական լրատուամիջոցներու հաղորդումներով, քրիստոնեայ այս յարձակողը տասը տարիէ ի վեր կ՚ապրէր Շուէտի մէջ։ Անցեալ ապրիլի 26-ին Շուէտի կողմէ իրեն տրուած է գաղթականի կարգավիճակ։ Ան որեւէ արձանագրութիւն չունի Ֆրանսայի հետախուզական մարմիններուն մօտ։ 2022 թուականի նոյեմբերին ենթական Ֆրանսայէն ալ գաղթականի կարգավիճակ պահանջած է։ Իր դիմումի թղթածրարը փակուած է՝ քանի արդէն այդ իրաւունքը տրուած է Շուէտի կողմէ։ Անոնք, որոնք գաղթականի կարգավիճակի տիրացած են, ազատ շրջագայութեան իրաւունք ունին Շենկէնի գօտիէն ներս։ 

Ուրբաթ, Յունիս 9, 2023