ԹԱՓ ՏԱԼ ՊԱՅՔԱՐԻՆ

Ցե­ղաս­պա­նա­գէտ­նե­րու մի­ջազ­գա­յին ըն­կերակ­ցու­թեան 12-րդ գի­տա­ժո­ղո­վը ե­րէկ բացուե­ցաւ Ե­րե­ւա­նի մէջ։ 2015-ի ո­գե­կո­չում­նե­րուն շրջագ­ծով ըն­կե­րակ­ցու­թիւ­նը որո­շած է սոյն գի­տա­ժո­ղո­վը ի­րա­կա­նաց­նել Հա­յաս­տա­նի մէջ։ Մին­չեւ շա­բա­թա­վերջ պի­տի շա­րու­նա­կուին աշ­խա­տանք­նե­րը։ «20-րդ դա­րու ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րու հա­մե­մա­տա­կան վեր­լու­ծու­թիւն» խո­րագ­րեալ գի­տա­ժո­ղո­վին բա­ցու­մը ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի Ա­մե­րի­կեան հա­մալ­սա­րա­նին մէջ, Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի ե­լոյ­թով։ Մեծ դահ­լի­ճին մէջ բա­ցուած գի­տա­ժո­ղո­վի ա­ռա­ջին փու­լին ներ­կայ գտնուե­ցան նաեւ Ցե­ղաս­պա­նա­գէտ­նե­րու մի­ջազ­գա­յին ըն­կե­րակ­ցու­թեան նա­խա­գահ Տա­նիէլ Ֆէ­յերս­թէյն, Ծի­ծեռ­նա­կա­բեր­դի թան­գա­րան-կա­ճա­ռի տնօ­րէն Հայկ Տե­մո­յեան, 2015-ի մի­ջո­ցա­ռում­նե­րը կազ­մա­կեր­պող պե­տա­կան յանձ­նա­ժո­ղո­վի ընդ­հա­նուր հա­մա­կար­գող Վի­գէն Սարգ­սեան, այլ բարձ­րաս­տի­ճան պաշ­տօ­նա­տար­ներ եւ հե­ղի­նա­կա­ւոր մաս­նա­գէտ­ներ։ Ծի­ծեռ­նա­կա­բեր­դի թան­գա­րան-կա­ճա­ռի հիւ­րըն­կալ­մամբ կ՚ի­րա­կա­նա­նայ այս գի­տա­ժո­ղո­վը։ Ե­րե­ւա­նի մէջ սկսած այս հա­ւա­քոյ­թը ան­նա­խա­դէպ է թէ՛ մաս­նա­կից­նե­րու քա­նա­կին եւ թէ ա­կա­դե­մա­կան բարձր վար­կա­նի­շին տե­սա­կէ­տէ։ Ծրագ­րին կը մաս­նակ­ցին ցե­ղաս­պա­նա­գի­տու­թեան եւ յա­րա­կից ո­լորտ­նե­րու շուրջ 180 մաս­նա­գէտ­ներ, ո­րոնք աշ­խար­հի զա­նա­զան եր­կիր­նե­րէն փու­թա­ցած են Ե­րե­ւան։ 2015-ի ո­գե­կո­չում­նե­րուն շրջագ­ծով կազ­մա­կեր­պուած այս գի­տա­ժո­ղո­վը ձօ­նուած է նաեւ Բ. Հա­մաշ­խար­հա­յին պա­տե­րազ­մի եւ Հո­լո­քոս­տի 70-րդ տա­րե­լից­նե­րուն։

Ցե­ղաս­պա­նա­գէտ­նե­րու մի­ջազ­գա­յին ըն­կե­րակ­ցու­թիւ­նը կը հան­դի­սա­նայ ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րը եւ մարդ­կու­թեան դէմ կա­տարուած յան­ցա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը ու­սում­նա­սի­րող գիտ­նա­կան­նե­րու յա­ռա­ջա­տար ու խո­շո­րա­գոյն միա­ւո­րու­մը։ Ըն­կե­րակ­ցու­թիւ­նը 1994 թուա­կա­նին հիմ­նադ­րուած է խումբ մը յայտ­նի ցե­ղաս­պա­նա­գէտ­նե­րու կող­մէ. օ­րի­նակ՝ Իս­րա­յէլ Չառ­նի, Հե­լէն Ֆէյն, Ռա­պըրթ Մել­սըն, Ռա­ճըր Սմիթ։ Ըն­կե­րակ­ցու­թիւ­նը այ­սօր կը միա­ւո­րէ ա­ւե­լի քան հինգ հա­րիւր գիտ­նա­կան աշ­խար­հի զա­նա­զան եր­կիր­նե­րէն։ Ա­նոր նպա­տակն է հե­տա­զօ­տել եւ ու­սում­նա­սի­րել աշ­խար­հի վրայ տե­ղի ու­նե­ցած ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րու պատ­ճառ­նե­րը՝ կան­խար­գի­լե­լու հա­մար ա­նոնց ա­պա­գա­յին կրկնուի­լը։ Կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րը ու­շադ­րու­թիւն կը հրա­ւի­րեն այն հան­գա­ման­քին վրայ, թէ Ցե­ղաս­պա­նա­գէտ­նե­րու մի­ջազ­գա­յին ըն­կե­րակ­ցու­թեան ան­դամ­նե­րը մշտա­պէս ի­րենց ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րու կեդ­րո­նին պա­հած են Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը։

Գի­տա­ժո­ղո­վի բաց­ման ըն­թաց­քին ու­նե­ցած ե­լոյ­թին ժա­մա­նակ Սերժ Սարգ­սեան ը­սաւ. «Հպարտ եմ, որ ըլ­լա­լով մարդ­կու­թեան դէմ ա­մե­նա­սար­սա­փե­լի յան­ցա­գոր­ծու­թեան՝ ցե­ղաս­պա­նու­թեան են­թար­կուած ժո­ղո­վուրդ, մենք վե­րած­նած ենք, պե­տա­կա­նու­թիւն կեր­տած եւ այ­սօր հնա­րա­ւո­րու­թիւն ու­նինք հան­դէս գա­լու որ­պէս ցե­ղաս­պա­նու­թեան յան­ցա­գոր­ծու­թեան դէմ պայ­քա­րի ա­ռա­ջա­մար­տիկ­նե­րէն մին։ Յա­ճախ կը թուի, որ մի­ջազ­գա­յին ի­րա­ւուն­քի զար­գաց­ման, քա­ղա­քա­կան մտքի յա­ռաջ­խա­ղաց­ման զու­գըն­թաց մարդ­կու­թիւ­նը պէտք է ար­դէն իսկ յաղ­թա­հա­րած ըլ­լար ցե­ղաս­պա­նու­թեան յան­ցա­գոր­ծու­թեան ար­հա­ւիր­քը։ Այն­քան խօ­սուած է մարդ­կու­թեան դէմ ուղ­ղուած այս յան­ցա­գոր­ծու­թեան բա­ղադ­րիչ­նե­րուն մա­սին, այն­քան ջանք ներդ­րուած է այս յան­ցա­գոր­ծու­թիւ­նը բնո­րո­շե­լու, կան­խար­գի­լե­լու, պատ­ժե­լու եւ դա­տա­պար­տե­լու ուղ­ղու­թեամբ, որ կը թուէր, թէ «այ­լեւս եր­բեք» կար­գա­խօ­սը իր լիար­ժէք ի­րա­գործ­ման կը հաս­նի։ Դժբախ­տա­բար, մենք այ­սօր ալ ա­կա­նա­տե­սը կը դառ­նանք ցե­ղաս­պա­նա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն, այ­լա­տեա­ցու­թեան քա­րոզ­չու­թեան, ֆա­շիստ գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թեան յա­ռաջ մղման։ Մենք կը տես­նենք զան­գուա­ծա­յին սպան­ու­թիւն­ներ, վայ­րա­գու­թիւն­ներ, կո­տո­րած­ներ, կրօ­նա­կան, ազ­գա­յին, լե­զուա­կան տար­բե­րակ­մամբ հիմ­նա­ւո­րուող խտրա­կա­նու­թիւն, ա­ռան­ձին խում­բե­րու հա­տուա­ծա­յին կամ ամ­բող­ջա­կան ոչն­չաց­ման փոր­ձեր, մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թեան եւ հո­գե­ւոր կեան­քի թի­րա­խա­ւո­րում։ Սա մե­զի կը յու­շէ, որ ցե­ղաս­պա­նու­թեան յան­ցա­գոր­ծու­թեան դէմ մի­ջազ­գա­յին պայ­քա­րը պէտք է նոր թափ առ­նէ, նոր բո­վան­դա­կու­թիւն ստա­նայ եւ պէտք է օգ­տա­գոր­ծուին հնա­րա­ւոր բո­լոր հար­թակ­նե­րը»։­

Իր ե­լոյ­թին տե­ւո­ղու­թեան Սերժ Սարգ­սեան ընդգ­ծեց, որ ցե­ղաս­պա­նու­թեան մը մա­սին խօ­սե­լու ժա­մա­նակ մշտա­պէս պէտք է օգ­տա­գոր­ծուի այդ եզ­րոյ­թի միակ ճիշդ բնո­րո­շու­մը, որն է յան­ցա­գոր­ծու­թիւն։ Ըստ ի­րեն, հաշուի առ­նե­լով այդ յան­ցա­գոր­ծու­թեան բազ­մա­շերտ բնոյ­թը, չա­փա­զանց կա­րե­ւոր է, որ ա­նոր բնո­րոշ­ման, կան­խար­գիլ­ման, դա­դա­րեց­ման, դա­տա­պարտ­ման, ա­նոր հա­մար պա­տի­ժի կի­րարկ­ման գոր­ծըն­թա­ցը ըլ­լայ բազ­մա­կող­մա­նիօ­րէն հիմ­նա­ւո­րուած եւ այդ հիմ­նա­ւո­րուա­ծու­թիւ­նը կա­ռու­ցուած ըլ­լայ գի­տա­կան հէն­քի վրայ։ Պատ­մա­բան­ներ, քա­ղա­քա­գէտ­ներ, ազ­գագ­րա­գէտ­ներ, մշա­կու­թա­բան­ներ, մի­ջազ­գա­յին ի­րա­ւուն­քի մաս­նա­գէտ­ներ, հո­գե­բան­ներ, բազ­մա­թիւ այլ մաս­նա­գէտ­ներ անհ­րա­ժեշտ են ցե­ղաս­պա­նու­թեան յան­ցա­գոր­ծու­թեան դէմ պայ­քա­րը աւե­լի ար­դիւ­նա­ւէտ յա­ռաջ մղե­լու հա­մար, ինչ­պէս նաեւ ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րու հե­տե­ւանք­նե­րը յաղ­թա­հա­րե­լու ուղ­ղեալ քայ­լեր ծրագ­րա­ւո­րե­լու եւ ի­րա­կա­նաց­նե­լու հա­մար։ Սարգ­սեա­նի հա­մոզ­մամբ, այս հան­գա­ման­քով իսկ կը բիւ­րե­ղա­նայ Ցե­ղաս­պա­նա­գէտ­նե­րու մի­ջազ­գա­յին ըն­կե­րակ­ցու­թեան հար­թա­կին կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը։ Ան շա­րու­նա­կեց.

«Դուք մաս­նա­գի­տա­կա­նօ­րէն կը զբա­ղիք մարդ­կու­թեան առ­ջեւ ծա­ռա­ցած այս դժոխ­ա­յին ե­րե­ւոյ­թով։ Դժբախ­տա­բար, պատ­մու­թեան ըն­թաց­քին յա­ճախ տա­րա­տե­սակ շա­հե­րը ան­հե­ռա­տե­սօ­րէն վեր կը դա­սուին ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րը կան­խա­գոր­ծե­լու հրա­մա­յա­կա­նէն՝ մարդ­կու­թեան տա­րեգ­րու­թեան մէջ ստեղ­ծե­լով ան­պա­տիժ նա­խա­դէ­պեր ու այդ­պէ­սով իսկ խթա­նե­լով այ­դօ­րի­նակ վար­քագ­ծի հե­տա­գայ դրսե­ւո­րում­նե­րը։ Գաղտ­նիք չէ, որ կա­տա­րուած յան­ցա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը քօ­ղար­կե­լու, զո­հը ոճ­րա­գործ եւ ոճ­րա­գոր­ծը զոհ ներ­կա­յաց­նե­լու փոր­ձե­րէն զերծ չի մնար նաեւ գի­տու­թիւ­նը կամ մի գու­ցէ ա­ւե­լի ճիշդ է ը­սել՝ հա­կա­գի­տու­թիւ­նը»։

Հինգշաբթի, Յուլիս 9, 2015