ՀՐԱՊԱՐԱԿԻ ՎՐԱՅ ՀԱՑԱԴՈՒԼ
Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ կը շարունակուի հացադուլը այն երիտասարդներուն, որոնք կը բողոքեն Հայաստանի մէջ ելեկտրական ուժանիւթի սակագինի բարձրացման դէմ։ Ինչպէս ծանօթ է, «Ո՛չ թալանին» նախաձեռնութեան կողմէ վերջին օրերուն բողոքի մեծ ցոյց մը տեղի ունեցած էր Երեւանի մէջ։ Այս շրջագծով շուրջ երկու շաբաթ երթեւեկութեան փակ մնացած էր մայրաքաղաքի բանուկ պողոտաներէն Բաղրամեանը։ Երկու շաբաթ սպասելէ վերջ ոստիկանութիւնը միջամտելով բացած էր պողոտան։ Այդ փուլէն վերջ, խումբ մը երիտասարդներ հացադուլի ձեռնարկած էին Ազատութեան հրապարակին վրայ։ Անոնք ներկայիս Օփերայի մուտքին վրանի մը հովանիին տակ կը տեւականացնեն իրենց հակազդեցութիւնը։ Այս ընթացքին պաշտօնական մարմիններու կարգադրութեամբ՝ հացադուլի ձեռնարկած երիտասարդներուն նկատմամբ կը ցուցաբերուի բժշկական խնամք, մասնագէտներ կը հետեւին անոնց առողջապահութեան ընթացքին։