ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐԱՑՈՒՄ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան կառավարիչ Սեմենթա Փաուըր երէկ ժամանեց Երեւան, ուր «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ դիմաւորուեցաւ Հայաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Պարոյր Յովհաննիսեանի կողմէ։ Այս այցելութիւնը նախատեսուած է հաստատելու համար Երեւան-Ուաշինկթըն գործընկերութեան զարգացումը։ Փաուըր նշեց, որ վերջին տարուան ընթացքին սա իր երկրորդ այցելութիւնն է դէպի Հայաստան։ Ան այս ընթացքին ուսումնասիրած է համագործակցութեան խորացման հնարաւորութիւնները։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, քառօրեայ շփումներու շրջանակներէն ներս տեղի ունեցաւ Սեմենթա Փաուըրի հանդիպումը Լեռնային Ղարաբաղէ տեղահանեալ անձերու հետ՝ ուժեղացնելու համար ԱՄՆ-ի աջակցութիւնը Հայաստանի կառավարութեան մարդասիրական, հոգեընկերաբանական եւ երկարաժամկէտ օգնութեան ծրագիրները՝ վերականգնելու համար անոնց կեանքը։ Արցախցի տեղահանեալ կանանց հետ ան հաց պատրաստեց՝ որպէս զօրակցութեան ցոյց։
Բաց աստի, Փաուըր կը մէկտեղուի Հայաստանի կառավարութեան բարձրաստիճան պաշտօնատարներու, գործարար ոլորտի առաջնորդներու, երիտասարդներու եւ լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներու հետ՝ ընդգծելու համար ԱՄՆ-ի Միջազգային զարգացման գործակալութեան յանձնառութիւնը՝ Հայաստանի ժողովրդավարական հաստատութիւններու ամրապնդման եւ անոր տնտեսական ներուժը ի շահ ողջ հայութեան օգտագործելու համար։
Նոյն գործակալութիւնը կ՚աջակցի Հայաստանի կառավարութեան բարեփոխումներու օրակարգին, նաեւ երկրի դիմակայութեան բարձրացման ուղղեալ ջանքերու յառաջ մղման։