ԴԱՇՆԱԿԻՑՆԵՐՈՒ ՇԱՐՔԻՆ
Ուաշինկթընի մէջ այսօր կը սկսի ՆԱԹՕ-ի գագաթաժողովը՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու տանտիրութեամբ։ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան եւս կը մասնակցի այս գագաթաժողովին, որու շրջանակներէն ներս ԱՄՆ-ի նախագահ Ճօ Պայտըն կը հիւրընկալէ դաշինքի անդամ երկիրներու ղեկավարները։ Ուխտի հիմնադրութեան 75-ամեակին առթիւ, գագաթաժողովի ծիրէն ներս նախատեսուած են նաեւ յոբելենական ձեռնարկներ։ Ամերիկեան կողմը երկօրեայ հաւաքին հրաւիրած է նաեւ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը։
Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմն ու Կազզէի իրադարձութիւնները, անխուսափելիօրէն ՆԱԹՕ-ի գագաթաժողովի օրերուն ուշադրութեան կիզակէտին կը գտնուին՝ համաշխարհային հրատապ բնոյթին բերումով։ Գագաթաժողովին ընդառաջ երկու պարագաներուն ալ մտահոգիչ իրադարձութիւններ տեղի ունեցան։ Ռուսաստան հրթիռակոծեց Քիեւը, իսկ Ուքրայնա անօդաչուներով փոխադարձ յարձակում կազմակերպեց։ Իսրայէլի բանակն ալ ցամաքային գործողութիւններուն թափ տուաւ Կազզէի դէմ։
Այս հրատապ նիւթերուն առընթեր, Ուաշինկթըն փափաքած է ՆԱԹՕ-ի գագաթաժողովը հարթակի մը վերածել՝ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ նոր շփումի մը ապահովման նպատակով։ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով արդէն ուղեւորուած են Ուաշինկթըն։ Կողմերը այս փուլին չեն հաստատած, որ երկկողմանի հանդիպման մը համաձայնութիւնը գոյութիւն ունի, սակայն, այդ մէկը կը համարուի շատ հաւանական։ Միրզոյեանի Ուաշինկթըն մեկնելուն զուգահեռ Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի անվտանգութեան խորհուրդի նիստը՝ գլխաւորութեամբ Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի։
Իր կարգին, Ճէյհուն Պայրամովն ալ Ուաշինկթըն մեկնելէ առաջ հերթական անգամ խօսեցաւ Երեւանի հետ խաղաղութեան պայմանագիր ստորագրելու համար Պաքուի պայմաններուն շուրջ։ «Հայաստանի Սահմանադրութիւնը տակաւին տարածքային պահանջներ կը պարունակէ Ատրպէյճանի դէմ եւ որպէսզի ամբողջութեամբ խաղաղութիւն հաստատուի, այդ գործօնը պէտք է վերացուի», ըսաւ ան։ Միեւնոյն ժամանակ Պայրամով շեշտեց, որ խաղաղութեան պայմանագրի պարագային զգալիօրէն նուազած է թիւը այն հարցերուն, որոնց պարագային համաձայնութիւն չէ գոյացած։ «Պաքու շատ նպատակներ ունի իր առջեւ, իսկ առաջնահերթ խնդիրն է վերացնել այն խնդիրները, որոնք իր ինքնիշխանութեան կը սպառնան», աւելցուց Պայրամով։
Արարատ Միրզոյեանի ՆԱԹՕ-ի գագաթաժողովին համար Ուաշինկթըն մեկնելէն առաջ Հայաստան-ԱՄՆ առանցքին վրայ որոշ աշխուժութիւն նկատուեցաւ։ Այսպէս, հաղորդուեցաւ, որ յառաջիկայ շաբթուան սկիզբին շուրջ տասնօրեայ հայ-ամերիկեան համատեղ զօրավարժութիւններ տեղի պիտի ունենան՝ «Արծիւ գործընկեր-2024» անուանումին ներքեւ։ Ռազմափորձերուն նպատակն է միջազգային խաղաղապահ առաքելութիւններու մէջ մասնակցութեան նախապատրաստուիլը։
Միւս կողմէ, «Washington Examiner» ամսագրին մէջ յօդուած մը լոյս տեսաւ Երեւան-Պաքու հաշտութեան որոնումներուն շուրջ։ «Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութիւնը վեհ նպատակ մըն է, սակայն անոր գինը չի կրնար ըլլալ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ էթնիք զտումը», նշած է յօդուածին հեղինակը՝ վերլուծաբան Մայքըլ Ռապին։