ԻՐԱՆԻ ՊԱՐԱԳԱՅԻՆ ՍՊԱՍՈՒՄԱՆ ՓՈՒԼ
Մինչ աւարտած է Իրանի արտահերթ նախագահական ընտրութիւնը, արդէն միջազգային եւ տարածաշրջանային դերակատարները հետաքրքրութեամբ կը սպասեն երկրի նոր ղեկավարութեան վերաբերմունքի յստակացումը՝ համաշխարհային հրատապ հարցերուն շուրջ։ Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նասէր Քանանի երէկուան յայտարարութիւնները այս առումով առանձնապէս ուշագրաւ էին։ Այսպէս, ան յայտնեց, որ Թեհրան կարեւոր դեր խաղացած է Կովկասի տագնապի կարգաւորման ուղղութեամբ։ Իր խօսքով՝ Թեհրան զգալի ձեռքբերումներ ունեցած է բարիդրացիութեան ու բազմակողմանիութեան իր քաղաքականութեան մէջ։ Ան համոզուած է, թէ Իրանի կառավարութիւնը կրնայ օգտագործել միջազգային կազմակերպութիւններու հնարաւորութիւնները՝ լուծելու համար համաշխարհային օրակարգի կարեւոր խնդիրներ եւ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան արդիւնաւէտ անդամ դառնալու նպատակով։
Ըստ Նասէր Քանանի, Իրան արդիւնաւէտ դեր մը ունի տարածաշրջանային եւ արտատարածաշրջանային համագործակցութեան ամրապնդման, անվտանգութեան եւ կայունութեան ստեղծման ուղղութեամբ։ Ան աւելցուց, որ Թեհրանի օրակարգին վրայ է նաեւ տարածաշրջանէն ներս ահաբեկչութեան դէմ պայքարի համագործակցութեան գծով յառաջատար դեր խաղալը։ Յամենայնդէպս, նորընտիր նախագահը յայտարարած է, որ Իրան պիտի շարունակէ աջակցիլ «Հիզպուլլահ»ին։
Միւս կողմէ, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ հեռախօսազրոյցներ ունեցան Իրանի նորընտիր նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիանի հետ՝ այս վերջինը շնորհաւորելով ընտրութիւններու արդիւնքին տարած յաղթանակին համար։