ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԴԻՒԱՆԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ Թուրքիա կը գտնուի երեք ցամաքամասերու սրտին վրայ եւ չի կրնար ձեռնունայն հետեւիլ իրադարձութիւններուն։ «Թուրքիա դարձած է երկիր մը, որու առած քայլերուն կը հետեւին, որու ըրածներուն կը հետեւին եւ այլեւս խաղը նախաձեռնող դերակատար մըն է», յայտարարեց ան՝ երէկ երեկոյեան Անգարայի մէջ մէկտեղուելով 14-րդ Դեսպաններու խորհրդաժողովի մասնակիցներուն հետ։

Նախագահ Էրտողան Պեշթեփէի համալիրէն ներս սարքուած բացօթեայ ընթրիքին ընթացքին հանդէս եկաւ ծաւալուն ելոյթով մը։ «Թէ՛ դաշտի վրայ եւ թէ սեղանի գլուխ հզօր ըլլալը մեզի համար ո՛չ թէ նախընտրութիւն մը, այլ ստիպողութիւն մըն է։ Թուրքիոյ առանցքով պատումով մը՝ ճատրակի վարպետի մը նախանձախնդրութեամբ միջամուխ կը դառնանք մեր տարածաշրջանի եւ անկէ անդին առկայ իրադարձութիւններուն», ըսաւ Էրտողան։

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի մօտալուտ Թուրքիա այցելութեան ընդառաջ ան յոյս յայտնեց, թէ պիտի կարողանան հասարակաց յայտարար մը գտնել։ Նախագահը համոզուած է, թէ Սեւ ծովու նախաձեռնութեան շնորհիւ ստեղծուած դրական մթնոլորտը՝ դիւանագիտական քայլերով պէտք է վերագրել նախ հրադադարի, աւելի վերջ ալ մշտական խաղաղութեան։ «Մինչ այս բոլորը չեն կատարուիր, տակաւին կրակը կը հրահրուի։ Թուրքիոյ կեցուածքը յայտնի է։ Մենք չենք ուզեր տակաւին աւելի շատ արիւն ու արցունք տեսնել։ Մանաւանդ պատերազմի դէպի Սեւ ծով ընդլայնումը իսկապէս աղէտ մը կ՚ըլլայ ամբողջ տարածաշրջանին համար։ Մենք այսպիսի ողբերգութեան մը յառաջանալը ցարդ կանխեցինք՝ Մոնթրէօյի համաձայնութիւնը բծախնդրօրէն գործադրելով։ Ապագային ալ երկու կողմերուն հետ անկեղծօրէն աշխատիլ պիտի շարունակենք՝ լարուածութիւնը նուազեցնելու համար», ըսաւ ան։

Նախագահը առանձնապէս կանգ առաւ իսլամատեացութեան դէմ պայքարի վրայ։ Ան յիշեցուց, որ թրքական դիւանագիտութիւնը արդէն դարձած է աշխարհի ամենաընդարձակ 5-րդ դիւանագիտական ցանցը։

Էրտողան ելոյթին մէջ նշեց նաեւ, որ Թուրքիա անլուծելի հարցեր չունի իր հարեւաններուն հետ։ «Որպէս Թուրքիոյ դար խորհրդանշուած ժամանակաշրջանին մեր նպատակն է՝ խաղաղութեան, կայունութեան ու բարգաւաճման գօտի մը ստեղծել մեր երկրին շուրջ։ Երկխօսութիւնն ու դիւանագիտութիւնը պիտի ըլլան այն ամենակարեւոր երկու միջոցները, որոնք մեզ պիտի առաջնորդեն այս նպատակներուն։ Միշտ կ՚ըսեմ, թէ բռունցքներով կարելի չէ ձեռնուիլ։ Մենք հետամուտ չենք ոեւէ մէկուն հետ կռիւի։ Ընդհակառակն, մենք կը ձգտինք մեր բարեկամներուն թիւը ա՛լ աւելի բարձրացնել։ Մենք ոեւէ մէկուն հետ՝ մանաւանդ մեր հարեւաններուն հետ անլուծելի հարց մը չունինք։ Պատրաստ ենք բոլորին հետ տեսակցելու, խօսելու եւ փոխադարձ քայլեր առնելու։ Ձեզմէ ալ կ՚ակնկալեմ, որ ձեր երկխօսներուն հետ շփումներուն ժամանակ միշտ առաջնորդուիք այս զգայնութեամբ», յայտնեց նախագահը։

Հուսկ, Էրտողան դիտել տուաւ, որ վերջին տարիներուն Թուրքիա իր հետքը կը թողէ միջազգային յարաբերութիւններուն վրայ ու դարձած է այնպիսի դերակատար մը, որու ներդրումը կ՚ակնկալուի միջազգային օրակարգի ամենանուրբ գլուխներու պարագային։

Դեսպանահաւաքի մասնակիցներուն ուղղած խօսքին մէջ Էրտողան առանձնապէս անդրադարձաւ նաեւ Հարաւային Կովկասի իրադրութեան։ Ան յիշեցուց, որ Թուրքիոյ կողմէ Ատրպէյճանի հետ ցուցաբերուած զօրակցութեան շնորհիւ թէ՛ Ղարաբաղը անկախացած է երեսուն տարուան բռնագրաւումէ վերջ եւ թէ կարեւոր հնարաւորութիւն մը ստեղծուած է տարածաշրջանէն ներս մշտական խաղաղութեան հաստատման համար։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 9, 2023