ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ ԱՆԳԱՐԱՅԷՆ ԱՐԴԻՒՆԱՒԷՏ ԴԵՐ ՄԸ Կ՚ԱԿՆԿԱԼԷ՝ ԵՐԵՒԱՆ-ՊԱՔՈՒ ԿԱՐԳԱՒՈՐՄԱՆ ՀԱՄԱՐ
Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահութեան հետախուզութեան բաժնի պետ զօրավար Իսմայիլ Կիւնայտըն վերջերս այցելեց Պաքու, ուր ընդունուեցաւ Ատրպէյճանի ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ եւ պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալ զօրավար Քերիմ Վելիեւի կողմէ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, հանդիպման ընթացքին կողմերը մասնաւորապէս նշեցին համագործակցութեան զարգացումը Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի բանակներուն միջեւ՝ ներառեալ ռազմական հետախուզութեան ոլորտը։ Քննարկուեցան ռազմական համագործակցութեան զարգացման հեռանկարները եւ փոխադարձ հետաքրքրութեան առարկայ այլ հարցեր։
Միւս կողմէ, Ուաշինկթընէն հնչեց ուշագրաւ յայտարարութիւն մը, ըստ որու Անգարա կրնայ արդիւնաւէտ դեր մը խաղալ Երեւան-Պաքու յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ։ Այսպէս, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարութեան բանբեր Մեթիու Միլըր մամլոյ ասուլիսի ընթացքին անդրադարձաւ Հայաստան-Ատրպէյճան կարգաւորման եւ խաղաղութեան ենթադրեալ համաձայնագրի ապահովման կարելիութեան՝ այս ամբողջին մէջ խօսելով Թուրքիոյ դերակատարութեան մասին։ Այս նիւթը բացուեցաւ, երբ բանբերին յիշեցուեցաւ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի եւ ԱՄՆ-ի պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի միջեւ վերջերս տեղի ունեցած հեռախօսազրոյց մը, որու ընթացքին քննարկուած էր նաեւ Հայաստան-Ատրպէյճան հաւանական կարգաւորումը։ Այդ հաղորդումներուն լոյսին տակ բանբերին հարց տրուեցաւ, թէ ներկայ պահուն ինչպէ՞ս կը սահմանէր Թուրքիոյ դերը այս գործընթացէն ներս։ Ի պատասխան Մեթիու Միլըր ըսաւ. «Ես չեմ ուզեր այս մասին մանրամասն խօսիլ, սա մասնաւոր դիւանագիտական խօսակցութիւն մըն էր։ Միայն ըսեմ՝ մենք կը հաւատանք, թէ Թուրքիա կրնայ արդիւնաւէտ դեր մը խաղալ այս հարցին մէջ»։