ՄՈՍԿՈՒԱՅԷՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆ Օ՚ՊՐԱՅԸՆԻՆ
Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա երէկ դարձեալ անդրադարձաւ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններուն եւ մանաւանդ՝ վերջին շրջանին այս կապակցութեամբ Արեւմուտքէն հնչած յայտարարութիւններուն։ Ան հերքեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարի Եւրոպայի եւ Եւրոասիոյ գծով տեղակալ Ճէյմս Օ՚Պրայընի պնդումները, ըստ որոնց Հայաստան կը փափաքի երես թեքել Ռուսաստանին։ Մարիա Զախարովա դիտել տուաւ, որ այդ խօսքերը անհիմն են։ «Ռուսաստանի եւ Հայաստանի՝ դարերու ընթացքին ձեւաւորուած կապերը կը դիմանան այն բոլոր փորձութիւններուն, որոնք կը ստեղծուին Արեւմուտքին կողմէ», ըսաւ ան։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Մարիա Զախարովա իր յայտարարութիւններուն մէջ՝ Օ՚Պրայընի անհիմն պնդումներու լոյսին տակ յայտնեց, որ հարցախոյզներու միջոցաւ իրավիճակը խեղաթիւրելու ուղղեալ փորձերը տեսանելի են նաեւ տարածաշրջանի այլ երկիրներու մէջ։ «Ինչ կը վերաբերի Օ՚Պրայընի անհիմն պնդումներուն, ըստ որոնց Հայաստան կը փափաքի երես թեքել Ռուսաստանին, ապա սա ամերիկացիներուն բնորոշ աշխարհաքաղաքական ճարտարագիտութեան եւս մէկ օրինակ է՝ համաշխարհային հանրութեան աչքին Ուաշինկթընի համար անհրաժեշտ «իրականութիւն»ը յօրինելու ձգտում, ինչ որ որեւէ կապ չունի իրականութեան հետ։ Օ՚Պրայըն եւ իր լծակիցները պէտք է հասկնան պարզ բան մը. մեր երկիրներուն միջեւ՝ դարերու ընթացքին ձեւաւորուած կապերը կը յաղթահարեն բոլոր փորձութիւնները, որոնք անդադար կը ստեղծուին Արեւմուտքին կողմէ։ Պատմութեան ընթացքին մենք բազմիցս ձեռք երկարած ենք եղբայրական հայ ժողովուրդին եւ մտադիր ենք ընել նոյնը ապագային», նշեց Մարիա Զախարովա։