ԵՐԵՒԱՆ ԵՒ ՄՈՍԿՈՒԱ ՊԻՏԻ ՍՏԵՂԾԵՆ ՕԴԱՅԻՆ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԻԱՍՆԱԿԱՆ ՆՈՐ ՀԱՄԱԿԱՐԳ ՄԸ
Հայաստանի եւ Ռուսաստանի միջեւ պիտի ստորագրուի հակաօդային պաշտպանութեան միասնական համակարգի մը ստեղծման ուղղեալ համաձայնագիր մը։ «Ինթէրֆաքս» գործակալութեան հաղորդումներուն վրայ «Արմէնփրէս» տեղեկացուց, թէ Ռուսաստան կ՚աշխատի Հայաստանի, Խրղըզիստանի, Տաճիկիստանի եւ Ղազախիստանի հետ հակաօդային պաշտպանութեան միասնական տարածքաշրջանային համակարգ մը ստեղծելու ուղղութեամբ։
Ռուսաստանի Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Փաւէլ Քուրաչենքօ, որ միեւնոյն ժամանակ օդատիեզերական ուժերու հրամանատարի առաջին տեղակալն է, անդրադարձաւ այս ծրագրին։ Ըստ իրեն, Հայաստանի եւ Ռուսաստանի միջեւ Կովկասէ ներս համատեղ անվտանգութեան հակաօդային պաշտպանութեան միասնական տարածքաշրջանային համակարգի մը ստեղծման շուրջ համաձայնագրի նախագիծը անցած է ներքին բոլոր ընթացակարգերէն ու կը պատրաստուի ստորագրուելու։
Ռուս բարձրաստիճան զինուորականին խօսքերով, Խրղըզիստանի եւ Տաճիկիստանի պարագային ալ սկսած են համաձայնագրի մշակման աշխատանքները։ Իսկ Ղազախիստանի հետ այսպիսի համաձայնագիր մը ստորագրուած էր 2013 թուականին։