ԼՈՆՏՈՆԻ ՄԷՋ ՇՓՈՒՄՆԵՐ

Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան այ­սօր եր­կօ­րեայ պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւն մը կու տայ Լոն­տոն։ Այս այ­ցե­լու­թիւ­նը կը կա­տա­րուի Անգ­լիոյ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ֆի­լիփ Հա­մոն­տի հրա­ւէ­րով։ Լոն­տո­նի մէջ Նալ­պան­տեան Ֆի­լիփ Հա­մոն­տի ա­ռըն­թեր հան­դի­պում­ներ կ՚ու­նե­նայ Անգ­լիոյ Եւ­րո­պա­յի հար­ցե­րով նա­խա­րար Տէյ­վիտ Լի­վինկ­թը­նի եւ Մշա­կոյ­թի, մե­տիա­յի ու մարմ­նա­մար­զի գծով նա­խա­րար Ճոն Ո­ւի­թինկ­տէյ­լի հետ։

Պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թեան շրջա­նակ­նե­րէն ներս նա­խա­տե­սուած է նաեւ Ե­դուարդ Նալ­պան­տեա­նի ե­լոյ­թը Անգ­լիոյ Մի­ջազ­գա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ար­քու­նի կա­ճա­ռի (Chatham House) եր­դի­քին տակ։ Նալ­պան­տեան այս առ­թիւ կ՚անդ­րա­դառ­նայ Ե­րե­ւա­նի ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն­նե­րուն։ Ըստ նա­խա­տե­սուած ծրագ­րին, 20 վայր­կեան կը տե­ւէ իր ե­լոյ­թը, ո­րու ա­ւար­տին տե­ղի կ՚ու­նե­նայ հար­ցում-պա­տաս­խա­նի բա­ժին եւ այս ձե­ւա­չա­փին մէջ սոյն հա­ւա­քոյ­թին հա­մար սահ­մա­նուած է ժամ մը։

Միւս կող­մէ, Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան ե­րէկ Փա­րի­զի մէջ մաս­նակ­ցե­ցաւ Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի կրօ­նա­կան եւ ազ­գա­յին փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րուն դէմ բռնու­թիւն­նե­րու կան­խար­գիլ­ման նուի­րուած մի­ջազ­գա­յին հա­մա­ժո­ղո­վին, որ կազ­մա­կերպուե­ցաւ Ֆրան­սա­յի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ։ Հա­մա­ժո­ղո­վի բաց­ման ե­լոյ­թով մը հան­դէս ե­կաւ Ֆրան­սա­յի Նա­խա­գահ Ֆրան­սուա Օ­լանտ։ Նալ­պան­տեան, որ Փա­րիզ մեկ­նած էր Ֆրան­սա­յի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Լո­րան Ֆա­պիու­սի հրա­ւէ­րով, հան­դէս ե­կաւ ե­լոյ­թով մը։ Հա­մա­ժո­ղո­վին ներ­կայ գտնուե­ցան շուրջ վեց տաս­նեակ եր­կիր­նե­րու ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­ներ կամ բարձ­րաս­տի­ճան պա­տուի­րա­կու­թիւն­ներ, ինչ­պէս նաեւ մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու ղե­կա­վար­ներ, ՄԱԿ-ի փոխ-ընդ­հա­նուր քար­տու­ղար Եան Է­լիա­սոն, Եւ­րո­միու­թեան ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան եւ անվ­տան­գու­թեան հար­ցե­րով գե­րա­գոյն յանձ­նա­կա­տար Ֆրե­տե­րի­քա Մո­կե­րի­նի, բարձ­րաս­տի­ճան հո­գե­ւո­րա­կան­ներ եւ այլ հիւ­րեր։

Ֆրան­սա­յի եւ Յոր­դա­նա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րուն նա­խա­գա­հու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցաւ այս հա­մա­ժո­ղո­վը, ո­րու ըն­թաց­քին Նալ­պան­տեան ընդգ­ծեց, թէ Հա­յաս­տան խո­րա­պէս մտա­հո­գուած է իր ան­մի­ջա­կան հա­րե­ւա­նու­թեամբ՝ Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի մէջ ծա­ւա­լուող ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն հե­տե­ւան­քով։ «Մենք բազ­միցս խստօ­րէն դա­տա­պար­տած ենք այս­պէս կո­չուած «Իս­լա­մա­կան պե­տու­թեան» եւ ա­հա­բեկ­չա­կան այլ խում­բե­րուն կող­մէ ի­րա­կա­նա­ցուող ոճ­րա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք սպառ­նա­լիք կը հան­դի­սա­նան ինչ­պէս տա­րած­քաշր­ջա­նի ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն հա­մար, այն­պէս ալ ա­նոր սահ­ման­նե­րէն դուրս», ը­սաւ Նալ­պան­տեան եւ ա­ւել­ցուց, թէ հայ ժո­ղո­վուր­դը դա­րեր շա­րու­նակ մաս կազ­մած է Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի մշա­կու­թա­յին բազ­մա­զա­նու­թեան ու­րոյն մաս­նա­կից­նե­րու շար­քին։ Այժմ, երբ վտան­գուած է տա­րած­քաշր­ջա­նի ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն կեան­քը եւ ազ­գա­յին ու կրօ­նա­կան հա­մայնք­նե­րու գո­յու­թիւ­նը, մենք մեր բա­րո­յա­կան պարտ­քը կը հա­մա­րենք ա­նոնց կող­քին կանգ­նի­լը։

«Այս բռնու­թիւն­նե­րէն ան­մասն չեն մնա­ցած նաեւ մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րը, ո­րոնց­մէ շա­տեր զոհ դար­ձած են ա­հա­բեկ­չա­կան յար­ձա­կում­նե­րու, ա­ւե­րուած են հայ­կա­կան բնա­կա­վայ­րեր, ե­կե­ղե­ցի­ներ, մշա­կու­թա­յին ու կրթա­կան հաս­տա­տու­թիւն­ներ։ Ինչ­պէս հա­րիւր տա­րի ա­ռաջ, տաս­նեակ հա­զա­րա­ւոր հա­յեր՝ Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի այլ ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն հետ միա­սին այ­սօր եւս ստիպուած բռնած են գաղ­թի ճամ­բան։ Միայն Սու­րիա­յէն շուրջ 15 հա­զար հա­յեր ա­պաս­տան գտած են Հա­յաս­տա­նի մէջ», ը­սաւ Նալ­պան­տեան։

Փա­րի­զի իր ե­լոյ­թին մէջ ան ընդգ­ծեց, թէ մի­ջազ­գա­յին ա­ջակ­ցու­թիւ­նը պէտք չէ տա­րան­ջա­տուի ա­ռաջ­նա­յին կամ երկ­րոր­դա­կան ուղ­ղու­թիւն­նե­րու ու պէտք է տրա­մադ­րուի բո­լոր տու­ժած­նե­րուն։ Նալ­պան­տեան պա­տա­հա­կան չնկա­տեց, որ ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւո­րում­նե­րը պա­տե­րազմ կը վա­րեն այս տա­րած­քաշր­ջա­նի ժո­ղո­վուրդ­նե­րու մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թեան դէմ։ Ան շա­րու­նա­կեց. «Պատ­մու­թեան եւ հա­ւա­քա­կան յի­շո­ղու­թեան մի­ջո­ցաւ սե­րունդ­նե­րուն կը փո­խան­ցուին այն հա­մա­մարդ­կա­յին ար­ժէք­նե­րը, ո­րոնց վրայ կը խարս­խուին քա­ղա­քակր­թու­թիւ­նը, հան­դուր­ժո­ղա­կա­նու­թիւ­նը, հա­մա­կե­ցու­թիւ­նը, յար­գան­քը այ­լոց մշա­կոյ­թի եւ կրօ­նի նկատ­մամբ։ Ար­ժէք­ներ, ո­րոնք կը հա­կադ­րուին ա­հա­բե­կիչ­նե­րու քա­րո­զած այ­լա­տեա­ցու­թեան եւ խտրա­կա­նու­թեան գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թիւն­նե­րուն»։ Այս ամ­բող­ջին մէջ օ­րի­նակ­ներ թուար­կե­լու ժա­մա­նակ Նալ­պան­տեան յի­շեց նաեւ Տէր Զօ­րի Սրբոց Նա­հա­տա­կաց հայ­կա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ ա­ւի­րու­մը։ Ան հա­մո­զուած է, թէ նմա­նօ­րի­նակ վայ­րա­գու­թիւն­ներ քա­ղա­քակր­թու­թեան դէմ գոր­ծուած յան­ցանք­ներ են։ Հե­տե­ւա­բար, տա­րած­քաշր­ջա­նի ազ­գա­յին եւ կրօ­նա­կան հա­մայնք­նե­րուն դէմ ծա­ռա­ցած վտան­գը զուտ ֆի­զի­քա­կան չէ, այլ նաեւ քա­ղա­քակր­թա­կան մար­տահ­րա­ւէր։

Նալ­պան­տեան Փա­րի­զի մէջ շեշ­տեց, թէ ան­յա­պաղ կեր­պով պէտք է ձեռք առ­նուին մի­ջոց­ներ՝ փրկե­լու հա­մար ա­հա­բե­կիչ­նե­րը ա­մէն տե­սակ հնա­րա­ւո­րու­թե­նէ։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 9, 2015