ՍԹԱՓՈՒԹԵԱՆ ԿՈՉ

Ան­ջա­տո­ղա­կան ա­հա­բեկ­չա­կան ՓՔՔ կազ­մա­կեր­պու­թեան կող­մէ ի­րա­կա­նա­ցուած ի­րե­րա­յա­ջորդ բռնա­րարք­նե­րուն հե­տե­ւան­քով հա­մա­տա­րած սու­գի մթնո­լորտ մը կը տի­րէ Թուր­քիոյ մէջ։ Նա­խըն­թաց օր Տաղ­լը­ճա­յի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած դէպ­քին ե­րէկ յա­ջոր­դեց Իգ­դի­րի յար­ձա­կու­մը։ Ամ­բողջ եր­կի­րը խոր ցնցու­մով եւ յու­զու­մով վե­րա­հա­սու դար­ձաւ, որ ա­հա­բեկ­չա­կան յար­ձակ­ման հե­տե­ւան­քով նա­հա­տա­կուած էր տաս­նե­րեք ոս­տի­կան։ Դէպ­քին զոհ գա­ցած ոս­տի­կան­նե­րէն մին Հան­րա­պե­տու­թեան նախ­կին նա­խա­գահ Ապ­տուլ­լահ Կիւ­լի թիկ­նա­պահ­նե­րէն Ֆեհ­մի Շա­հինն էր։ Ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մե­րուն պա­տա­հած այս դէպ­քէն վերջ օ­րուան տե­ւո­ղու­թեան հրա­պա­րա­կուե­ցան ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ եւ յայտ­նի դար­ձաւ, որ ութ ա­հա­բե­կիչ­նե­րը 800 քի­լօկ­րամ ծան­րու­թեամբ ռումբ մը պայ­թե­ցու­ցած էին Իգ­դի­րի մէջ։ Մար­տի­նի եւ Թուն­ճե­լիի մէջ եւս ե­րէկ նա­հա­տա­կուե­ցան եր­կու ոս­տի­կան­ներ։

Մինչ բո­վան­դակ երկ­րին մէջ կ՚ապրուի հա­մա­տա­րած սուգ մը, զա­նա­զան քա­ղաք­նե­րու մէջ ալ կը կազ­մա­կեր­պուին բո­ղո­քի ցոյ­ցեր, ո­րոնց մի­ջո­ցաւ ժո­ղո­վուր­դը կ՚ար­տա­յայ­տէ իր պոռթ­կու­մը ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ։ Այս մթնո­լոր­տին մէջ, պե­տա­կան ա­ւա­գա­նիին եւ քա­ղա­քա­կան շրջանկ­նե­րուն կող­մէ կը հնչեն սթա­փու­թեան կո­չեր։ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղա­նի եւ Վար­չա­պետ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լուի գլխա­ւո­րու­թեամբ ե­րէկ զա­նա­զան կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ եւ քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ­ներ զգու­շա­ցու­ցին, թէ առ­կայ բարդ ի­րա­վի­ճա­կին մէջ պէտք չէ տե­ղի տալ խա­փա­նա­րա­րու­թիւն­նե­րու։ Ար­դա­րեւ, ա­հա­բե­կիչ­նե­րուն նպա­տակն է ժո­ղո­վուր­դին մօտ յա­ռա­ջաց­նել պա­ռակ­տում­ներ եւ խա­փա­նա­րա­րու­թիւն­նե­րը կրնան միայն ա­նոնց նպա­տակ­նե­րուն ծա­ռա­յել։ 

Ե­րէկ, Վա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ սգա­հան­դէս մը՝ Տաղ­լը­ճա­յի մէջ նա­հա­տա­կուած տասն­վեց զի­նուոր­նե­րուն հա­մար։ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լու, Ընդ­հա­նուր սպա­յա­կոյ­տի նա­խա­գահ զօ­րա­վար Հու­լու­սի Ա­քար եւ այլ բարձ­րաս­տի­ճան պաշ­տօ­նա­տար­ներ ներ­կայ գտնուե­ցան յու­ղար­կա­ւո­րու­թեան, ո­րու ըն­թաց­քին Թուր­քիոյ Կրօ­նից տե­սուչ Մեհ­մէտ Տէօն­մէզ ար­տա­սա­նեց ա­ղօթք մը։ Իր ե­լոյ­թին մէջ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լու նշեց, որ ա­հա­բե­կիչ­նե­րը ինչ­պի­սի ծու­ղակ­ներ ալ լա­րած ըլ­լան, պե­տու­թիւ­նը պայ­քար պի­տի մղէ՝ մին­չեւ որ երկ­րի ամ­բողջ տա­րած­քը դառ­նայ անվ­տանգ։ Տա­մուկ աչ­քե­րով ար­տա­յայ­տուե­լու ժա­մա­նակ Տա­վու­տօղ­լու յայտ­նեց, թէ ուս ու­սի պէտք է տալ ար­տա­քին լծակ­նե­րուն եւ ա­նոնց գոր­ծա­կա­տար­նե­րուն դէմ։

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Էր­տո­ղանն ալ ե­րէկ շա­րու­նա­կեց վճռա­կան պատ­գամ­նե­րով հան­դէս գալ ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ։ Պէշ­թէ­փէի նա­խա­գա­հա­կան պա­լա­տին մէջ Էր­տո­ղան ե­րէկ հիւ­րըն­կա­լեց երկ­րի բարձ­րա­գոյն ուս­ման հա­մա­կար­գին պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը։ Ան ը­սաւ, թէ այս պե­տու­թիւ­նը փո­ղո­ցէն չէ գտնուած եւ ան­կա­րե­լի է ազ­գին ա­պա­գան թո­ղուլ քա­նի մը ա­հա­բե­կի­չի։ Էր­տո­ղան ընդգ­ծեց, որ անվ­տան­գու­թեան ու­ժե­րը պայ­քար կը մղեն մեծ զո­հո­ղու­թիւն­նե­րով եւ զա­նոնք բա­րո­յալքե­լու ուղ­ղեալ իւ­րա­քան­չիւր դիր­քո­րո­շում կը ծա­ռա­յէ միայն ու միայն ա­հա­բեկ­չու­թեան։ Ակ­նար­կե­լով լուծ­ման գոր­ծըն­թա­ցին՝ ան ը­սաւ, թէ երբ ի­րենք ջանք կը գոր­ծադ­րէին նման ցա­ւե­րը կա­սեց­նե­լու հա­մար՝ ա­հա­բեկ­չա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւնն ու ա­նոր շա­ռա­ւի­ղը հան­դի­սա­ցող կու­սակ­ցու­թիւ­նը խա­փա­նա­րա­րած են այս գոր­ծըն­թա­ցը։ Էր­տո­ղան քննա­դա­տեց նաեւ այն պնդում­նե­րը, ո­րոնց հի­ման վրայ ի­րեն ար­հես­տա­կա­նօ­րէն պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն կը վե­րագ­րուի ա­հա­բեկ­չու­թիւն­նե­րուն կա­պակ­ցու­թեամբ։

Միւս կող­մէ, Թուրք զի­նեալ ու­ժե­րը կը շա­րու­նա­կեն Հիւ­սի­սա­յին Ի­րա­քի զա­նա­զան շրջան­նե­րէն ներս ռմբա­կո­ծում­ներ ի­րա­կա­նաց­նել ա­հա­բեկ­չա­կան լծակ­նե­րուն դէմ։ Բա­նա­կի ազ­դու գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը մեծ կո­րուստ­ներ կը պատ­ճա­ռեն ՓՔՔ­-ի ա­հա­բե­կիչ­նե­րուն։ Մաս­նա­ւո­րա­պէս ռազ­մաօ­դա­յին ու­ժե­րը մաս­նակ­ցու­թիւն կը բե­րեն այդ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 9, 2015