«ՕՂԱԿՆԵՐՈՒ ԱՐՔԱՅ» ՆՈՐՈԳ ՀԱՆԳՈՒՑԵԱԼ ԱԼՊԵՐԹ ԱԶԱՐԵԱՆԻ ՀԱՄԱՐ ՓԱՌԱՇՈՒՔ ՍԳԱՀԱՆԴԷՍ՝ ԵՐԵՒԱՆԻ ՕՓԵՐԱՅԻՆ ՄԷՋ
Երէկ, հայկական մարզական աշխարհը ցաւ ի սիրտ հրաժեշտ տուաւ նորոգ հանգուցեալ Ողիմպիական ախոյեան, «Օղակներու արքայ» Ալպերթ Ազարեանին, որ բոլոր ժամանակներու ամենայայտնի եւ ամենայաջող մարզիկը կը համարուի։ Երեւանի Օփերայի համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ փառաշուք սգահանդէս մը, որու ընթացքին հոծ բազմութիւն մը հրաժեշտ տուաւ Ալպերթ Ազարեանին՝ խոնարհելով իր յիշատակին առջեւ։ Ալպերթ Ազարեանի վաստակին համար իսկական արդարութիւն մըն էր այս վերջին հրաժեշտը, որով բիւրեղացան իրեն նկատմամբ համատարած երախտագիտական զգացումները։ Իր յիշատակին առջեւ խոնարհելու նպատակով սգահանդէսին մասնակցեցաւ նաեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։ Պատուոյ պահակախումբը մահաբեմին վրայ զետեղուած դագաղին շուրջ էր՝ մինչ հոգեւոր հայրեր հոգեհանգստեան կարգ կատարեցին եւ աղօթեցին անմոռանալի ախոյեանի յաւիտենական նենջի խաղաղութեան համար։ Սգահանդէսի բոլոր մասնակիցները անկեղծօրէն վշտակցեցան Ալպերթ Ազարեանի հարազատներուն եւ ընտանիքին։
Ալպերթ Ազարեանի անշունչ մարմինը այսօր կ՚ամփոփուի Երեւանի «Կոմիտաս» պանթէոնին մէջ։