«G 20»Ի ԳԱԳԱԹԱԺՈՂՈՎԸ՝ ՆԻՒ ՏԵԼՀԻԻ ՄԷՋ
Մեծն քսանեակի (G20) գագաթաժողովը, որ այս շաբաթավերջին առարկայ կը դառնայ միջազգային հանրային կարծիքի ուշադրութեան, տեղի կ՚ունենայ Հնդկաստանի մայրաքաղաքը՝ Նիւ Տելհիի մէջ։ Միջազգային այս կարեւոր հաւաքին կը մասնակցի նաեւ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան։ «Մէկ աշխարհ, մէկ ընտանիք, մէկ ապագայ» կարգախօսով կազմակերպուած է այս գագաթաժողովը, որու ընթացքին նախագահ Էրտողան պիտի անդրադառնայ կլիմայի փոփոխութեան հարցին շուրջ Թուրքիոյ նախաձեռնութիւններուն։ Գագաթաժողովի ծիրէն ներս նախատեսուած են նաեւ Էրտողանի շարք մը երկկողմանի հանդիպումները։ Նախագահին կ՚ընկերանայ բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը։
Նիւ Տելհիի գագաթաժողովին կը մասնակցի նաեւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն։ Ըստ միջազգային աղբիւրներուն, ուշագրաւ բացական է Չինաստանի նախագահ Շի Ծինփինկը։ Մինչդեռ, շատ հաւանական կը նկատուէր Պայտընի եւ Ծինփինկի տեսակցութիւնը Նիւ Տելհիի մէջ։ Անոնց երկուքին ալ ներկայութիւնը մեծ նշանակութիւն պիտի ունենար՝ գագաթաժողովի օրակարգի նիւթերը ազդու ձեւով քննարկելու տեսակէտէ՝ կլիմայի փոփոխութիւններէն եւ համացանցային անվտանգութենէն սկսեալ՝ մինչեւ հրատապ լուծման կարօտ համաշխարհային խնդիրներ։ Անշուշտ, այս ամբողջին մէջ միշտ ուշադրութեան կիզակէտին կը գտնուի Ուքրայնայի պատերազմը։
Միւս կողմէ, ամերիկեան աղբիւրները տեղեկացուցին, որ Ուաշինկթըն կը ծրագրէ խոչընդոտել Փեքինի՝ Մերձաւոր Արեւելքէ ներս հետզհետէ տարածում գտած ազդեցութիւնը։ Ամերիկեան կողմը այս պատճառով այլընտրանք մը յղացած է «Գօտի ու ճանապարհ» ծրագրին, որ չինական կողմի նոր մետաքսի ճանապարհի նախագիծը կը համարուի։ Ամերիկեան կողմը կը ծրագրէ Արաբական ծոցը եւ միւս արաբական երկիրները երկաթուղային ենթակառուցուածքներով իրարու միացնել։ Պայտըն այս հեռանկարին շուրջ կը շօշափէ նաեւ Հնդկաստանի, Սէուտական Արաբիոյ եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու ղեկավարներուն բազկերակը։