ՊԱՔՈՒ ԿԸ ԽՕՍԻ ԵՐԵՒԱՆԻ ՍԱԴՐԱՆՔՆԵՐԸ ԿԱՆԽԵԼՈՒ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ
Եւրոմիութեան արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան գերագոյն յանձնակատար Ժոզէֆ Պորել երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ։ Զրոյցի ընթացքին Պայրամով Պորելի նկատառման յանձնեց Ատրպէյճանի դիրքորոշումը՝ տարածաշրջանէն ներս առկայ իրավիճակին շուրջ։ Իր խօսքով՝ Հայաստանի ռազմաքաղաքական սադրանքները կը շարունակուին, Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան դէմ ուղղուած յայտարարութիւնները չեն նպաստեր տարածաշրջանէն ներս խաղաղութեան ու կայունութեան։ Պայրամով նշած է Հայաստանի այդ սադրանքները կանխելու կարեւորութիւնը։ Ան դիտել տուած է, որ Հայաստան գրեթէ երկուքուկէս տարի ապօրինաբար Լաչինի ճանապարհը օգտագործած է ռազմական եւ այլ նպատակներով, իսկ տարածաշրջանէն ներս մարդասիրական իրավիճակի վերաբերեալ այժմու չհիմնաւորուած պնդումները քաղաքական շահարկումներ են։ Ըստ իրեն, թէեւ Աղտամ-Ստեփանակերտ եւ Լաչին-Ստեփանակերտ ճանապարհներով բեռներու նոյնաժամանակ փոխադրութեան վերաբերեալ համաձայնութիւն գոյացած է, սակայն անոր խախտումն ու փոխադրումներու պարագային խոչընդոտները անգամ մը եւս կը հաստատեն Պաքուի համոզումները։
Իր կարգին, Ատրպէյճանի նախագահական աշխատակազմի արտաքին յարաբերութիւններու բաժնի վարիչ Հիքմէթ Հաճիեւն ալ յայտնեց, որ իր երկիրը պատրաստ է թոյլատրել Կարմիր խաչի մարդասիրական մատակարարումները դէպի Լեռնային Ղարաբաղ, եթէ Ատրպէյճանի Կարմիր մահիկի մատակարարումներն ալ նոյնպէս թոյլատրուին դէպի տարածաշրջան։ Ըստ Հաճիեւի, երկու երթուղիներու՝ Աղտամ-Ստեփանակերտ եւ Լաչին-Ստեփանակերտ բացումը հնարաւորութիւն պիտի տայ միաժամանակ օգնութիւն ցուցաբերելու Լեռնային Ղարաբաղի բնակիչներուն, ինչպէս նաեւ խթանելու խաղաղութեան բանակցութիւնները Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ։