ՌՈՒՍԱՍՏԱՆԷՆ ԲՈՂՈՔԻ ՎԵՐՋՆԱԳԻՐ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ

Երեւան-Մոսկուա վերջին՝ լեզուակռիւի մակարդակին հասած բանավէճը երէկ ուշագրաւ դրսեւորում մը ունեցաւ դիւանագիտական հարթութեան վրայ։ Այսպէս, Ռուսաստանի կողմէ բողոքի վերջնագիր մը տրուեցաւ Հայաստանին։ Մոսկուայի մօտ Հայաստանի դեսպան Վաղարշակ Յարութիւնեան հրաւիրուեցաւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւն։ Այս կապակցութեամբ Ռուսական կողմը հանդէս եկաւ նաեւ պաշտօնական յայտարարութիւնով մը։

«Վերջերս արձանագրեցինք Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտօնական շրջանակներուն եւ քաղաքական վերնախաւին Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) շրջանակներէն ներս ու Ռուսաստանի հետ երկկողմանի հիմքով դաշնակցային կապերու նպատակայարմարութեան վերաբերեալ, ինչպէս նաեւ Մոսկուա-Երեւան-Պաքու շարք մը եռակողմանի համաձայնագրերու իրագործելիութեան մասին 2020-2022 թուականներուն Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղիներու վերաբերեալ կարգ մը կասկածներու ի յայտ գալը։ Այս համայնապատկերին վրայ Հայաստանի ղեկավարութիւնը վերջին օրերուն ձեռնարկած է կարգ մը ոչ-բարեկամական քայլերու՝ ներառեալ Միջազգային քրէական դատարանի Հռոմի սթաթիւի վաւերացման գործընթացի մեկնարկը, վարչապետի տիկնոջ՝ Աննա Յակոբեանի մարդասիրական օգնութիւնը Քիեւի նացիական վարչակազմին եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մասնակցութեամբ հայկական տարածքէ ներս զօրավարժութիւններու կատարուիլը», նշուած է յայտարարութեան մէջ։

Դեսպան Վաղարշակ Յարութիւնեանին յանձնուած բողոքի վերջնագրին մէջ ալ շեշտուած է, որ Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանի կողմէ սեպտեմբերի 6-ին կատարուած յայտարարութիւնները, որոնք ուղղուած էին Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովային եւ ընդհանուր առմամբ նախարարութեան, անընդունելի են իրենց վիրաւորական բնոյթով։ Ռուսական կողմը առանձնապէս մտահոգութիւն յայտնած է սեպտեմբերի 7-ին Հայաստանի մէջ պլոկըր Միկա Բադալեանի եւ «Սփութնիք Արմենիա» ռատիօկայանի մեկնաբան Աշոտ Մելքոնեանի ձերբակալութեան վերաբերեալ։

«Միեւնոյն ժամանակ, Մոսկուա համոզուած է, թէ Ռուսաստան եւ Հայաստան կը մնան դաշնակիցներ, գործընկերութեան զարգացման ու ամրապնդման վերաբերեալ բոլոր պայմանաւորուածութիւնները լիովին կ՚իրականացուին՝ ի շահ մեր երկու երկիրներու ժողովուրդներուն։ Խօսքը, ի թիւս այլնի, կը վերաբերի ՀԱՊԿ-ի շրջանակներէ ներս վարժանքներու իրականացման եւ անոր դիտորդական առաքելութեան ուղարկումը՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ կարգաւորման նպաստելու առումով։ Ռուսական կողմը կը շարունակէ գործադրել անհրաժեշտ բոլոր ջանքերը այդ նպատակներուն համար», նշուած է յայտարարութեան մէջ։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 9, 2023