«ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԱՇԽԱՐՀԱԿԱՐԳԸ ՊԱՂ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ՇՐՋԱՆԷՆ Ի ՎԵՐ ԱՌԱՋԻՆ ԱՆԳԱՄ ԱՅՍՔԱՆ ԼՈՒՐՋ ՎՏԱՆԳ ՄԸ ԿԸ ԴԻՄԱԳՐԱՒԷ»

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Անգլիոյ հետախուզութեան ծառայութիւններու՝ CIA-ի եւ MI6-ի ղեկավարներ՝ Ուիլիըմ Պէօռնս եւ Ռիչըրտ Մուր յօդուած մը հրապարակեցին «Financial Times»ի մէջ։ Այսպիսի համատեղ ստորագրութեամբ յօդուածի մը հրապարակումը աննախընթաց երեւոյթ մըն է։ Պէօռնս եւ Մուր շեշտեցին, որ համաշխարհային աշխարհակարգը Պաղ պատերազմի շրջանէն ի վեր առաջին անգամ այսպիսի լուրջ վտանգի մը ենթակայ է։ Նոյն առթիւ ընդգծուած է, որ Ուաշինկթըն եւ Լոնտոն աշխուժօրէն կը համագործակցին միասնական ճակատ մը ձեւաւորելու համար Մոսկուայի դէմ։ Անոնք կը ձգտին դիմադրել Ռուսաստանի ակրեսիւ մղումներուն եւ նախագահ Վլատիմիր Փութինի Ուքրայնայի նուաճողական պատերազմին։ ԱՄՆ-ի եւ Անգլիոյ հետախուզական ծառայութիւնները նաեւ նպատակադրած են նուազեցնել հակամարտութեան լարուածութիւնը Մերձաւոր Արեւելքի մէջ։ Անոնց աշխատանքները կը կեդրոնանան նաեւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի վրայ՝ մանաւանդ «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» կազմակերպութեան վերածնունդը կանխելու հետամուտ։

Պէօռնսի եւ Մուրի յօդուածին մէջ նշուած է հետեւեալը. «Կասկած չկայ, թէ միջազգային աշխարհակարգը՝ հաւասարակշռուած համակարգը, որ մոլորակը հասցուց յարաբերական խաղաղութեան ու կայունութեան, միեւնոյն ժամանակ, կենսամակարդակը բարձրացուց՝ ստեղծելով նոր հնարաւորութիւններ եւ հիմք դնելով բարգաւաճման համար, այժմ այնպիսի վտանգի մը տակ է, որ Պաղ պատերազմէն ի վեր չէ եղած»։

Յօդուածի համահեղինակները դիտել տուած են, որ ԱՄՆ եւ Անգլիա կը բախին վտանգներու աննախադէպ համակցութիւններու եւ այս ամբողջին մէջ կ՚առանձնացնեն Ուքրայնայի պատերազմը։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 9, 2024