ՑՈՒՐՏ ՁՄԵՌՆԵՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՄԱՐ

Արդէն քանիերորդ անգամն է, որ միջազգային գործընկերները կ՚ահազանգեն, իսկ իշխող քաղաքական ուժի՝ «Քաղպայմանագրի» ներկայացուցիչները լռելեայն կը հաստատեն, թէ Հայաստանին ցրտաշունչ ձմեռներ կը սպասեն յառաջիկայ տարիներուն, թերեւս նաեւ՝ սով եւ Հայաստան պէ՛տք է պատրաստ ըլլայ այդ արհաւիրքին։ Բայց ի՞նչ է եղածը. ժողովո՞ւրդը կ՚ահաբեկեն, սադրա՞նք է, թէ՞ չար կատակ: Յամենայնդէպս՝ մարդիկ դժուար կը կողմնորոշուին. ընելիքները չգիտնալով, շատերը տագնապի մէջ են՝ ձմեռը սարերուն ետեւը չէ՛ եւ «ցուրտ ու մութ» ժամանակներուն դառն յուշերը այնքա՜ն մօտ ու իրական կը թուին...

Այնուամենայնիւ, ի՞նչ է խնդիրը:

Մեծ հաշուով՝ իսկապէս խնդիր մը կայ, որ դիտարկելի է երկու հարթութեան վրայ՝ տնտեսական եւ քաղաքական (կամ՝ աշխարհաքաղաքական):

Տնտեսական առումով խնդիրը կը յարի ուժային ոլորտին, որ անմխիթար վիճակ մը ունի Հայաստանի մէջ, իսկ քաղաքական առումով՝ կը շօշափէ գերտերութիւններու՝ մասնաւորապէս Ռուսաստանի եւ Հաւաքական Արեւմուտքի շահերը: Սա այն դէպքն է, երբ աշխարհի զօրեղներու խաղին զոհ կ՚երթան թոյլերն ու անճարակները: Հայաստան այս կարգի պետութիւններու շարքին է:

Գործող իշխանութիւններու վարած ապաշնորհ ուժային քաղաքականութիւնը յանգեցուցած է համակարգի նկատելի յետընթացին, որ զգալի է նոյնիսկ բնակչութեան մատակարարուող ելեկտրական հոսանքի յաճախադէպ անջատումներէն: Հայաստանի վարչապետին աթոռը զբաղեցնող անձը արդէն աշխարհի մէջ նոր-նոր փորձարկում անցնող «մոտուլային աթոմակայանի» անհրաժեշտութեան մասին կը խօսի՝ յանձնուելով Մեծամօրի աթոմակայանը փակելու՝ թուրք-ատրպէյճանական զոյգի ճնշումին. «Մենք պէտք է ունենանք մոտուլային աթոմակայան մը, որ չի դիտարկուիր որպէս սպառնալիք ինչպէս Հայաստանի, այնպէս ալ՝ դրացի երկիրներուն համար», կ՚ըսէ ան։

Հիմա հարց է՝ Քաղաքական պայմանագրի միջազգային գործընկերները արդեօք Հայաստանի ուժային համակարգի բարեփոխումներու ձախողութեան պատճառո՞վ է, որ ցուրտ ձմեռներ կ՚ահագուժեն, թէ՞ ուրիշ «փորացաւ» մը ունին: Օրինակ՝ Հարաւային Կովկասի մէջ Ռուսաստանի ազդեցութեան չէզոքացումը. այն Ռուսաստանը, որ Հայաստանին անհամեմատ աժան ու անխափան կազ կը մատակարարէ: Ռուսաստանը, որ Հայաստանի հացահատիկի պահանջարկի 90 առ հարիւր տոկոսը կ՚ապահովէ եւ վերջապէս Ռուսաստանը, ուր ամէն տարի արտագնայ աշխատանքի մեկնելու շնորհիւ տասնեակ հազարաւոր հայաստանցիներ իրենց ընտանիքները կը պահեն։

Բայց մանր-մունր բաներ են ասոնք Արեւմուտքին համար, որ պատրաստ է փոքրիկ, վտիտ Հայաստանը ոտնակոխ ընել իր նպատակին հասնելու համար։ Պէտք ըլլայ՝ Հայաստան մտնող կազամուղը պայթեցնել կու տան Ատրպէյճանի ձեռքով՝ անոր տարածքով անցնող հատուածին մէջ: Այդ փորձառութիւնը ունի Ատրպէյճան, որ աւելի առաջ Արցախի դէմ կիրառած էր։ 120 հազար արցախահայութիւնը տասը ամիս շրջափակման աքցանի մէջ պահելով, այնուհետեւ էթնիք զտման ենթարկելով եւ, ի դէպ, անպատիժ մնալով։

Ցուրտ, մութ ու սովահար ձմեռներ Հայաստանին վիճակուած էին ոչ այնքան հեռու 90-ականներուն, բայց այդ թուականներուն գոնէ գիտէինք, թէ յանուն ինչի են զրկանքները եւ ժողովուրդի մեծ մասը դիմակայեց դաժան փորձութիւններուն, մնաց ու մարտնչեցաւ Արցախի համար, ազատութեան ու անկախութեան համար: Թէպէտ հարիւր հազարաւոր մարդիկ ալ՝ դժուարութիւններուն չդիմանալով արտագաղթեցին:

Ներկայիս հասկնալի չէ, թէ յանուն ինչի՞ կը պատրաստուինք այդ բոլորի կրկնութեան: Չըլլա՞յ յանուն թրքական աշխարհի…

Ամէն պարագաներուն, այսօր արտագաղթելու դրդապատճառները աւելի ծանրակշիռ են ու մարտահրաւէրները՝ աւելի անողոք եւ այդ մարտահրաւէրներէն ամենամեծը, եկէք խոստովանինք, Նիկոլ Փաշինեանն է՝ իր «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակով:

Խմբագրական՝ www.acnis.am-ի

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 9, 2024