ԴԱՐԵՐՈՒ ԽՈՐՔԷՆ ԿԱՊԵՐ
Իտալիոյ Արտաքին գործոց նախարար Փաոլօ Ճենթիլիոնի երէկ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ, ուր ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ։ Դէպի Հարաւային Կովկաս ձեռնարկած տարածքաշրջանային ուղեւորութեան շրջագծով իտալացի նախարարը այցելեց նաեւ Երեւան։ Օրուան տեւողութեան ան հանդիպումներ ունեցաւ Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի, Վարչապետ Կարէն Կարապետեանի եւ Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի հետ։ Հարկ է նշել, որ յառաջիկայ տարուան առաջին կէսին Իտալիա պիտի ստանձնէ Եւրոմիութեան շրջանային նախագահի պաշտօնը։ Իսկ 2018 թուականին Իտալիա պիտի ըլլայ շրջանային նախագահ երկիրը ԵԱՀԿ-ի, որու հովանաւորութեան ներքեւ կ՚ընթանան Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման ուղղեալ բանակցութիւնները։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Սերժ Սարգսեան երէկ Ճենթիլիոնին ընդունելու ժամանակ գոհունակութեամբ մատնանշեց, որ հայ-իտալական յարաբերութիւնները կու գան դարերու խորքէն եւ անոնք լի են բարեկամութեան բազմաթիւ դրսեւորումներով։ Այս հիման վրայ Հայաստանի անկախացումէն յետոյ անցած քսանհինգ տարիներուն ընթացքին ձեւաւորուած միջպետական յարաբերութիւնները ունեցած են վերընթաց զարգացում։ Սարգսեան յոյս յայտնեց, որ Ճենթիլիոնիի այցը նոր խթան մը պիտի հաղորդէ Հայաստան-Իտալիա քաղաքական երկխօսութեան ու պիտի նպաստէ զանազան ոլորտներէ ներս համագործակցութեան առաւել խորացման։ Զրուցակիցները անդրադարձան նաեւ երկկողմանի տնտեսական կապերու խթանման շուրջ հարցերու։ Սարգսեան եւ Ճենթիլիոնի կարծիքներ փոխանակեցին տարածքաշրջանային խնդիրներուն եւ մարտահրաւէրներուն շուրջ, ներառեալ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացը։
Կարէն Կարապետեանի եւ Եդուարդ Նալպանտեանի մօտ տեղի ունեցած հանդիպումներու ընթացքին ալ քննարկուեցան նմանաբնոյթ հարցեր։ Նալպանտեան-Ճենթիլիոնի զրոյցէն վերջ ստորագրուեցաւ համատեղ յայտարարութիւն մը՝ Հայաստանի մէջ մշակութային ժառանգութեան պահպանման ու վերականգնման տարածքաշրջանային կեդրոն մը հիմնելու վերաբերեալ։ Երկու նախարարները հանդէս եկան նաեւ համատեղ մամլոյ ասուլիսով մը։ Իտալացի նախարարը այս առթիւ յայտնեց, որ իր երկիրը դրական դիրքորոշում ունի Եւրոմիութիւն-Հայաստան մուտքի արտօնութիւններու դրութեան ազատականացման ուղղութեամբ։ Հարցումի մը պատասխանելով՝ Ճենթիլիոնի յայտնեց, որ Իտալիա կը պնդէ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի բացառապէս խաղաղ ճանապարհով կարգաւորման վրայ։ «Մենք չենք փափաքիր, որ պատերազմական գործողութիւններ տեղի ունենան տարածքաշրջանին մէջ», ըսաւ Ճենթիլիոնի։