ՄՈԼՏՈՎԱՅԻ ՆԱԽԱԳԱՀ ԻԿՈՐ ՏՈՏՕ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԿՈՒ ՏԱՅ ՀԱՅԱՍՏԱՆ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրաւէրին ընդառաջ, Մոլտովայի նախագահ Իկոր Տոտօ այսօր պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Երեւան։ Նախագահ Սերժ Սարգսեանի առընթեր, հիւր ղեկավարը կ՚ընդունուի երկրի բարձրագոյն ղեկավարութեան դէմքերուն կողմէ։ Երկու նախագահները առանձնազրոյց մը ունենալու առընթեր կը գլխաւորեն բարձր մակարդակով բանակցութիւնները եւ կը սարքեն նաեւ համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։

Իկոր Տոտօ պաշտօնական այցելութեան ծիրէն ներս կ՚այցելէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, «Մեսրոպ Մաշտոց» Մատենադարան, «Թումօ» ստեղծարար փորձագիտութիւններու կեդրոն, Հայաստանի Ճատրակի ակադեմիա եւ Ծիծեռնակաբերդ։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 9, 2017