ԱՌԱՆՁՆՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆ
Կեանքի փիլիսոփայութիւնը՝ մանաւանդ բարոյագիտութեան տեսակէտէ, ունի ինչպէ՛ս շատ հետաքրքրական դրսեւորումներ, այնպէս ալ բանաձեւումներ։ Տարբեր արժեհամակարգերու մօտեցումները երբեմն այնպէս մը կը համընկնին, որ զիրար ո՛չ միայն կը լրացնեն, այլեւ կը հաստատեն։
«Ձայն բազմաց՝ ձայն Աստուծոյ», կ՚ըսէ Աւետարանը։ Առ երեւոյթ սա բազմութիւններու նախընտրութիւնը վաւերական համարելու եւ հաւաքական կամքը յարգելու շեշտադրումը ունի։ Բայց եւ այնպէս, ո՞վ կրնայ պնդել, որ այստեղ չկայ նաեւ պատասխանատուութեան երեսակ մը։ Թէ ինչպէ՞ս ձայն կը բարձրացնեն բազմութիւնները։ Բազմութիւններու բարձրացուցած ձայնը ուղիղ համեմատութեան մէջ չէ՞ զանոնք ուղղորդած առաջնորդներու հայեացքին հետ։
Եւ ահա՛ վրայ կը հասնի Մահաթմա Կանտին. «Սխալը պաշտպանելով զանգուածները իմ ետեւէն տանելու փոխարէն՝ կը նախընտրեմ ճշմարտութիւնները պաշտպանել եւ առանձին մնալ»:
Ամբոխավարութիւնը բոլոր ժամանակներուն եղած է խնդրայարոյց, իսկ արդի պայմաններով բոլորովին տարբեր բնոյթ մը ստացած՝ ընկերային ցանցերու դարուն։
Բազմութիւններու ձայնը երկար ժամանակէ ի վեր հնչած է՝ սխալը պաշտպանած առաջնորդներու ի նպաստ։ Այդ ձայնը ուղղակի կամ անուղղակի Աստուծոյ արարած բնութիւնը ապականած ու քանդած է գործնականօրէն։ Կլիմայի փոփոխութեան աղէտը վերահաս դարձած է մարդկութեան համար։
Ուրեմն, հրամեցէ՛ք...