ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՓԱՓԱՔԸ…
Երեւանի Ֆրանսայի հրապարակին վրայ, շաբաթավերջին տեղի ունեցած հանրահաւաքը մի քանի առումներով ունի կարեւոր շեշտադրումներ։ Նախ՝ այս հաւաքը շարունակութիւնը չէ շաբաթ մը առաջ Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցած եւ շուրջ քառասուն հազար մասնակիցներով գնահատուած հաւաքին, որ ինքնին «թելադրական» պատկեր մը կը բանայ մեր առջեւ։
Բաց աստի, Արցախի ներքին քաղաքական իրավիճակին մէջ որեւէ ցնցում իր արագ անդրադարձը պիտի ունենայ Երեւանի ներքին քաղաքական իրավիճակին վրայ, սակայն այս ժամանակներուն գոյութիւն ունին քանի մը շնչող երակներ, որոնք կը փաստեն, թէ Արցախը բոլորովին այլ օրկանիզմով կը գործէ։
Նախ Մոսկուայի դիրքորոշումը, բայց մանաւանդ՝ Արցախի հողին վրայ ներկայութիւնը պատկերը կը դարձնեն բաւական տարբեր։
Անշուշտ, Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ քաղաքական առաջին դէմքերուն կողք-կողքի կանգնիլը ցոյց կու տայ, որ կայ թելադրող կողմ մը, որ կը համարուի խաղի իսկական տէրը եւ այդ մէկը Մոսկուան է։ Ռուսաստանի հաշուարկներով Արցախի մէջ մարդաշատ հանրահաւաք մը կայացնելու իրական նպատակը միայն Արցախի անվտանգութեան խնդիրը հանրայնացնելը չէ, այլ Եւրոպական Միութեան եւ այսպէս ըսած՝ Արեւմտեան պլոքին որոշ թելադրութիւն մը ցոյց տալն է։
Արցախցիք ունին ներքին տարակարծութիւններ, սակայն շատ լաւ գիտեն, որ մասնաւորապէս այս ժամանակներուն պարտաւոր են պահպանել ներքին անդորրը եւ շարժիլ միայն Ռուսաստանի կողմէ դրուած կանոններով։ Այստեղ հարկ է նաեւ յիշեցնել, որ այսօր՝ ի տարբերութիւն Արցախի ճիշդ մէկ ամիս առաջուան դրութեան, կայ ներքին զսպուածութիւն մը եւ Արցախի ժողովուրդը կարծես ստացած է ինչ-որ վստահեցումներ, թէ առնուազն յաջորդ փուլին անվտանգութեան խնդիրներ պիտի չունենայ ու ամենակարեւորը՝ ստիպուած պիտի չըլլայ լքելու իր պապենական հողերը։ Անշուշտ, փակագիծ մը բանալով հարկ է անպայման դիտարկել Ռուբէն Վարդանեանի Արցախ վերադարձը, որ ինքնին կ՚ամրագրէ այն վարկածը, թէ անոր ներկայութեամբ Ռուսաստան իր խաղը տուած կ՚ըլլայ աւելի ապահով ձեռքերու։ Թէ Վարդանեան ինչքանո՞վ պիտի յաջողի յառաջ տանիլ ռուսական գիծի այս նոր մօտեցումը, տակաւին պարզ չէ։ Յստակ է միայն, որ անոր աշխուժացումով Մոսկուա լռելեայն կը յայտարարէ իր անվստահութիւնը Երեւանի իշխանութեան թեւը մտած Արայիկ Յարութիւնեանին եւ անոր շրջանակներուն։
Խորքին մէջ Վարդանեանի երեւումը կը նշանակէ, թէ Ռուսաստան յառաջիկայ փուլերուն չի պատրաստուիր հեռանալ Հարաւային Կովկասի առնուազն այս հատուածէն՝ Արցախէն։ Այս մասին արտայայտուելու պարագային ընդդիմախօսներ յառաջ պիտի քշեն այն փաստը, ըստ որուն Մոսկուա որեւէ պարագայով, եթէ տառապի ներքին կամ շրջանային խնդիրներով, գործի կը դնէ Կովկասէն արագօրէն հեռանալու քաղաքականութիւնը, ինչ որ կրնայ պատահիլ Հայաստանի, սակայն ո՛չ Արցախի պարագային։ Այլ խօսքով, եթէ Ռուսաստանի գործերը (յատկապէս Ուքրայնայի պատերազմին հետեւանքով) լաւ հունի մէջ չըլլան, ապա Քրեմլին կրնայ Կիւմրիի իր զօրանոցները փակել՝ միեւնոյն ժամանակ աւելիով ամրացնելով Արցախի մէջ իր ռազմական ներկայութիւնը։
Ուրեմն, հարկ է շեշտել նաեւ, որ անցեալ շաբաթ Արցախի մէջ տեղի ունեցած հանրահաւաքին սլաքները գլխաւորապէս ունին արտաքին յենարաններ, նաեւ ուղղուած են արտաքին կողմերու, որոնց բոլորն ալ Ռուսաստանի խաղէն դուրս գալուն կողմնակից են։ Իսկ այն ինչ, որ կը կատարուի Երեւանի մէջ, ո՛չ թէ Արցախէ ներս ընթացք առած շարժումին շարունակութիւնն է, այլ նախափորձ մը, որ արդեօք ընդդիմութիւնը (գլխաւորութեամբ Ռոպերթ Քոչարեանի) ունի՞ այն հիմնարար գետինը, որ կրնայ նոր շարժումի մը կայծը տալ։
Երեւանի մէջ կատարուածը մեծ հաշուով ցոյց կու տայ, որ ընդդիմութեան այս հատուածը (Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն-Ռոպերթ Քոչարեան) չունի բաւարար ուժ, որպէսզի կարողանայ նոր ընթացք մը տալ իշխանափոխութեան հին-նոր օրակարգին։ Նոյնիսկ այն ուժերը, որոնք գէշ-աղէկ այս ընդդիմութեան հետ կը հանդիպին Փաշինեանը իշխանազրկելու օրակարգով, պատրաստ չեն կենալու այն հարթակին վրայ, որուն հիմնական հովանաւորը Ռոպերթ Քոչարեանն է։ Նոյն «գաղջ» մօտեցումը պէտք է փնտռել հարթակը զբաղեցուցած կողմին մօտ, որ «Հայաստան» դաշինքի կազմութեան առաջին օրէն իսկ ունէր համոզում, թէ ինք առանձինն պիտի երթայ իշխանափոխութեան օրակարգի իրականացման, որպէսզի անկէ ետք ալ առանձինն վերցնէ իշխանութիւնը։
Փափաքը փափաք, սակայն գետնի վրայ ստեղծուած իրողութիւնները՝ այլ բան։ Ու հոս է նաեւ, որ մեծ հաշուով կը վրիպի ընդդիմութիւնը, որովհետեւ ամէն անգամ, երբ այս տիպի հանրահաւաքներ կը կազմակերպէ, կը կորսնցնէ այն ոսկեայ առիթը, որուն ճամբով ալ կարելի պիտի ըլլայ աւելի մեծ լարումներու տանիլ երկրին ներքին վիճակը ու վերջապէս յանգեցնել ամբողջական իշխանափոխութեան։
Ընդդիմութեան ներքին շրջանակներ (գոնէ մեծ մասը) տակաւին կը հաւատան, թէ պիտի կարողանան շարժիլ յար եւ նման Փաշինեանին ու այդ կերպով ալ երկիրը ամբողջականօրէն անդամալուծելով հասնին ապահով ափ։ Բայց եւ այնպէս, պատկերը այդպիսին չէ։ Անոնք ո՛չ միայն սպառած են կարեւոր առիթները, այլեւ տակաւին կը շարունակեն գործել նոյն հին մեթոտով՝ անտեսելով այն կարեւոր փաստը, թէ այսօր Հայաստանի հանրութեան կարեւորագոյն հատուածը կը մերժէ ո՛չ միայն որպէս «նախկին ուժ» ներկայացողները, այլ մանաւանդ Ռոպերթ Քոչարեանը։
Բաց աստի, կան նաեւ այլ պատճառներ, որոնք այսօրուան ընդդիմութեան իրավիճակը կը դարձնեն բարդ ու դժուարին։ Այդ պատճառներուն կարեւորագոյնները արտաքին ազդակներն են, բայց մանաւանդ՝ Երեւան-Պաքու բանակցութիւնները, որոնք տեղ մը արտաքին ուժերու ուշադրութիւնը կեդրոնացուցած են պայմանագիր մը կնքուած տեսնելու միջազգային փափաքին վրայ։ Այլ խօսք, որ այդ վաւերաթուղթը ինչ ձեւաչափով կրնայ մէջտեղ գալ, ամրանալ ու կեանքի կոչուիլ, բայց եւ այնպէս, այսպիսի պատկեր մը Փաշինեանի դիրքերը կը դարձնէ աւելի արմատական ու աւելի ընդունելի։
Առաջուան Փաշինեանը այսօր գոյութիւն չունի։ Մոսկուայի հանդէպ նախկին սխալները չկրկնելու, Ուաշինկթընի հետ հեռավար զրոյց մը կայացնելու, բայց մանաւանդ Անգարայի հետ երկխօսութեան երթալու ընդունակութեամբ՝ Փաշինեան կը գտնուի հաստատուն դիրքի մը վրայ։ Սա ըսել չէ, անշուշտ, որ անոր այսօրուան ներուժը կրնայ երկարակենցաղ վարչապետ մը դարձնել զինքը, բայց այս փուլին աւելի քան բացայայտ է, որ զինք ուրիշով մը փոխարինելու բոլոր մակարդակի տրամադրութիւնները կը գտնուին զերօ կէտի վրայ։ Սա, անշուշտ, կարեւոր կէտ մըն է ու գուցէ գլխաւորաբար՝ ընդդիմութեան հանրահաւաքային տրամադրութիւններով գործող թեւին համար։
Այլընտրանքներ կա՞ն այս վիճակէն դուրս գալու համար, այո՛, գուցէ կան, բայց ոչ այս փուլին։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան