ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԷՆ ՎԵՐՋ ԱՐՁԱԳԱՆԳՆԵՐ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի միջեւ Ուաշինկթընի մէջ՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի նախաձեռնութեամբ ու միջնորդութեամբ կազմակերպուած հանդիպման արձագանգները կը շարունակուին։ Երէկ, ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարութեան բանբեր Նէտ Փրայս յայտարարութիւններ ըրաւ այս կապակցութեամբ։ Իր խօսքով՝ Միրզոյեանի եւ Պայրամովի Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումը կ՚ընդգծէ Երեւանի եւ Պաքուի՝ խտացեալ երկխօսութեան միջոցաւ խաղաղութեան հասնելու լուրջ ձգտումը։ Բանբերը շեշտեց, որ ԱՄՆ կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ խաղաղ Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանի մը ձեւաւորման աջակցելու։ Ան յայտնեց, որ Միրզոյեան եւ Պայրամով կարողացած են պայմանաւորուիլ յառաջիկայ շաբաթներուն ընթացքին հանդիպումներու, ուղիղ երկխօսութեան եւ դիւանագիտութեան մասին։
Մինչ այդ, Հարաւային Կովկասի հարցերով Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարն ալ Արարատ Միրզոյեանի եւ Ճէյհուն Պայրամովի Ուաշինկթընի հանդիպումը յուսադրիչ ու կարեւոր որակեց։ Իր կարգին, Պայրամով Միրզոյեանի հետ հանդիպումէն վերջ նշեց, որ վերահաստատած է Պաքուի յանձնառութիւնն ու պատրաստակամութիւնը խաղաղութեան պայմանագրի շուտափոյթ ստորագրման ուղղութեամբ։
Ուաշինկթընի հանդիպումով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ երէկ յայտարարեց, որ Հայաստան Զանգեզուրի միջանցքին վերաբերեալ պարտաւորութիւններ ստանձնած է։ Շուշիի Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցնելու տարեդարձին կապակցութեամբ Իլհամ Ալիեւ այս օրերուն կ՚այցելէ այդ քաղաքը՝ իր ընտանիքին հետ։ Այս առթիւ ան յայտարարեց, որ ռազմավարական բարձունքներէն կը տեսնեն Կապանը, Գորիսը, Ջերմուկը եւ իրենց տեսադաշտին մէջ կը գտնուի նաեւ Սեւանայ լիճը։ Նոյն յայտարարութիւններուն մէջ Ալիեւ նշեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղակայուած ռուս խաղաղապահները ժամանակաւորապէս այնտեղ կը գտնուին։
Միւս կողմէ, տարածաշրջանի ազդու դերակատարներէն Մոսկուա եւ Թեհրան եւս ուշադրութեամբ կը հետեւին իրադարձութիւններուն։ Քրեմլինի բանբերը՝ Տիմիթրի Փեսքով նախընթաց օր Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին կոչ ուղղած էր, որպէսզի զերծ մնան այնպիսի քայլերէ, որոնք լարուածութեան բարձրացման պատճառ կրնան դառնալ։ Փեսքովի այս յայտարարութիւնները հնչած էին Ուաշինկթընի հանդիպումէն անմիջապէս առաջ։ Ռուսաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Նիքոլայ Փաթրուշեւն ալ երէկ մեկնեցաւ Թեհրան, ուր Իրանի ղեկավարութեան ներկայացուցիչներուն հետ կը վարէ բանակցութիւններ։