ԱՔՍՈՐԻ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ

Արցախի անկումէն շաբաթներ անց, ամէն օր նոր բացատրութիւններ եւ տեղեկութիւններ կը տրուին ա՛յն ահաւոր, ճգնաժամային քանի մը օրերուն մասին, երբ Ատրպէյճանի յարձակումը շղթայազերծուեցաւ, բուռն դիմադրութենէ ետք զինադադար յայտարարուեցաւ, պաշտպանութեան բանակը յանձնուեցաւ եւ ծայր առաւ զանգուածին գաղթը։

Արցախի նախագահ Սամուէլ Շահրամանեան բաւական մանրամասնութեամբ ներկայացուց դէպքերու ընթացքը։ Յիշատակելի է անոր մէկ հաստատումը, թէ 19 սեպտեմբերի Ատրպէյճանի յարձակումին իրեն համար յստակ եղած է՝ արցախցին առանձին մնացած էր։ Պաշտպանութեան բանակը, որ խիզախօրէն կը փորձէր պաշտպանել, կորով չէր կորսնցուցած, սակայն յստակ էր, թէ ռազմաճակատէն առաջ, դիւանագիտական գետնի վրայ արդէն պարտուած էր Արցախը։ Որեւէ աշխատանք չէր տարուած, իսկ ռուս խաղաղապահ ուժերն ալ վերածուած էին պարզ, անզօր դէտի։ Հաշիւները այդպէս կը պահանջէին, իսկ հայկական կողմի հաշուապահներն ալ այլ հաշիւներով զբաղած էին։

Պարտութեան վերջին էջը, նաեւ՝ Արցախի առանձին մնալը, չմոռնանք, սկսած էր խմբագրուիլ այն օրէն, երբ Հայաստանի վարչապետը հպա՜րտօրէն յայտարարած էր, որ Արցախը Ատրպէյճանին մաս կը կազմէ եւ պաշտօնապէս ու վերջնականապէս ձեռքերը լուացած էր այս գործէն: Կարելի չէ մոռնալ այդ յայտարարութիւնը կանխած եւ անոր յաջորդած քաղաքական ձախաւերութիւններու ամբողջ շարանը…

Հիմա բան մը փոխուա՞ծ է: Երանի թէ, սակայն բաց աչքերով կը տեսնենք, որ ոչինչ փոխուած է:

Հայաստանի վարչապետն ու իր խմբակը բազմազբաղ կ՚երեւին։ Այնքա՜ն զբաղած՝ որ Հայաստանի Հանրապետութեան ղեկավարութիւնը պաշտօնապէս որեւէ տեսակցութիւն չէ ունեցած Արցախի ղեկավարութեան հետ։ Զբաղումներուն շարքին են «Հայաստանը ժողովրդավար երկիր է» քարոզները, «խաղաղութիւն պիտի բերենք»ի մենախօսութիւններն ու Ալիեւի հետ նախատեսուած հանդիպումին ջնջումը, Հայաստանի երեսին շպրտուած՝ արհամարհանքին նորագոյն փաստը…

Կրթական վերամուտին առթիւ, Փաշինեան այցելած է նորակառոյց կրթօճախներ, ուրկէ արձագանգներ կը լսուէին, թէ վերատեսութեան ենթարկուած հայոց պատմութեան դասագիրքերուն մէջ կարելի եղածին չափ մոռցուած են Արցախն ու արցախցին, իսկ հնագոյն դարաշրջաններու քարտէսներուն վրայ տեղ գտած է… Ատրպէյճանը, այդ ալ մանկավարժական ինչպիսի՜ հնարամտութեամբ: Անկէ քանի մը օր առաջ, երբ վարչապետը արդիական կազմածներով օժտուած ոստիկաններու նոր փաղանգի մը երդման արարողութեան ներկայ եղած է, հոն ալ յիշողութեան կորուստի դէպք մը արձանագրուած է. մոռցուած է երկրին պաշտպանութիւնն ու անոր բազկերակ՝ բանակը (դեռ կը սպասենք Ֆրանսայէն եւ Հնդկաստանէն մատակարարուելիք հրթիռներն ու ռազմամթերքը)։ Փոխան պետութեան եւ պետականութեան՝ վարչախումբի՛ն ապահովութիւնն է, որ առաջնահերթ տեղ կը գրաւէ։ Մոռցուած են հողն ու անոր համար պայքարած ու նահատակուած՝ Եռաբլուրի սերունդները, որոնց ընտանիքներն ալ վարկաբեկումի կ՚ենթարկուին նո՛յն այդ ոստիկններուն կողմէ։

Պիտի պատահի՞ արդեօք պաշտօնական տեսակցութիւն Արցախի ղեկավարութեան հետ։ Եւ ի՞նչ ընելու համար…

Ղեկավարութիւն մը, որ վիրաւոր է եւ կարիքն ունի շտապ օժանդակութեան եւ գործակցութեան։ Արդեօք պիտի կրկնուի՞ յանկերգը, թէ Հայաստան ընելիք չունի ու Արցախի պատասխանատուները պէտք է իրենց հարցերը (խօսքը քաղաքականին եւ մարդկայինին մասին է) լուծեն Պաքուի հետ: Այլապէս, արդէն տեսանելի է, թէ արցախցիք ինչպիսի՜ տագնապներու դէմ յանդիման են Հայաստան բռնագաղթելէ ետք, անոնցմէ իրողապէս կը խլուի Հայաստանի հպատակի իրաւունքը։

Այո՛, վիրաւոր է Արցախի ղեկավարութիւնը, որովհետեւ կարելի չէ մոռնալ Պաքուի բանտախուցերուն մէջ գերեվարուած տասնեակ մը ղեկավարները, որոնք աւելցան նախապէս գերի տարուած հայորդիներուն վրայ։ Կարելի չէ մոռնալ նաեւ 44-օրեայ պատերազմէն ետք գերի բռնուած հայ զինուորները, որոնց թիւը կը մնայ անորոշ եւ որոնք շատո՜նց դուրս ինկած են Երեւանի հպարտ կառավարիչներուն յիշողութենէն:

Վիճելի չէ, որ Արցախէն հեռացուած շուրջ 120 հազար գաղթականներու դժնդակ կացութիւնը առաջնահերթութիւն է։ Հապա անո՞նք, որոնք Հայաստան հասած էին ու չէին վերադարձած 44-օրեայ պատերազմէն ետք…

Զարմանալի է ստեղծուած կացութիւնը։

Մոլորուած ու ձեռնածալ են բոլորը։

Շեշտենք՝ բոլո՛րը, այսինքն՝ թէ՛ իշխանաւոր եւ թէ ընդդիմութիւն։

Եթէ այս ընթացքը շարունակուի, աւելի քան ամիսէ մը ի վեր պարպուած Արցախը կրնայ վերջնականապէս կորսուիլ: Ատրպէյճան արդէն ոգի ի բռին գործի լծուած է հայկական հետքերու ջնջման համար։ Ո՞վ, ինչի՞ կը սպասէ: Ճիշդ ու խելամիտ վերլուծումները, ախտաճանաչումները շատ լաւ են, սակայն կացութիւնը դարմանող գործ չեն:

Աքսորուած արցախցիին պէտք է շուտափոյթ աքսորական կառավարութիւն (government in exile) եւ այս նպատակով աշխատանք պէտք է կատարուի անյապաղ: Ներելի չեն նմանօրինակ մոռացում, անհոգութիւն, արհամարհանք, թմրութիւն…։

Խմբագրական՝ Պոսթոնի «Հայրենիք»ի

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 9, 2023