ՀԵՏԵՒՈՂԱԿԱՆ ՍՊԱՍՈՒՄ
Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ ենթադրեալ խաղաղութեան պայմանագիրը կը շարունակէ զբաղեցնել միջազգային օրակարգը։ Ուաշինկթընէն եւ Մոսկուայէն վերջին օրերուն հերթական յայտարարութիւններ հնչեցին այս կապակցութեամբ։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարութիւնը տեղեկացուց, որ Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութիւնը կը շարունակէ մնալ առաջնահերթութիւն։ ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարութեան փոխ-բանբերը՝ Վետանթ Փաթել նշեց, որ պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն կը շարունակէ ուշադրութեան առարկայ պահել այս նիւթը։
Մոսկուայէն ալ տեղեկացուեցաւ, որ բոլոր նախադրեալները գոյութիւն ունին, որպէսզի Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ կնքուի խաղաղութեան պայմանագիրը։ Ռուսաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Նիքոլայ Փաթրուշեւ յայտնեց, որ Մոսկուա կապի մէջ է Երեւանի եւ Պաքուի հետ՝ յարաբերութիւններու կարգաւորման համար։ Իր խօսքով՝ այս պահուն խաղաղութեան պայմանագրի նախապատրաստման աշխատանքները կը շարունակուին։ Հետեւողական ջանքեր կը գործադրուին հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ։ Բաց աստի, Փաթրուշեւ ընդգծեց, որ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւնները կրնան կարգաւորուիլ միայն այն պարագային, երբ արտատարածաշրջանային ուժերը դադրեցնեն իրենց միջամտութիւնները։ Ան պնդեց, որ Արեւմուտքի քայլերը առայժմ միայն կը սրեն իրավիճակը։ «Մենք շահագրգռուած ենք Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանէն ներս իրավիճակի կայունացմամբ, կայունութեան զարգացման համար պայմաններ ստեղծելով եւ փոխադարձ վստահութեան ու համագործակցութեան ամրապնդումով», ըսաւ Փաթրուշեւ եւ աւելցուց, որ իր երկիրը քայլերու կը ձեռնարկէ Երեւան-Պաքու յարաբերութիւններու համապարփակ կարգաւորման ուղղութեամբ՝ ի շահ կողմերու միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի կնքման, սահմանազատման եւ փոխադրութեան հաղորդակցութիւններու բացման։
Միւս կողմէ, ՄԱԿ-ի մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ դեսպան Մհեր Մարգարեան յայտնեց, որ Ատրպէյճան Արդարադատութեան միջազգային ատեանի իրաւականօրէն պարտադիր վճիռներուն ենթարկուելու փոխարէն զբաղած է անոնց տարամեկնաբանմամբ։
ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովէն ներս, Արդարադատութեան միջազգային ատեանի զեկոյցին նուիրուած հանդիպման ժամանակ դեսպան Մհեր Մարգարեան ունեցաւ ելոյթ մը, որու ժամանակ շեշտեց միջազգային իրաւունքի առանցքային դերը խաղաղութեան սպառնալիքներու դիմակայման ուղղութեամբ։ Դեսպան Մարգարեան այս փուլին շեշտեց, որ Պաքու կը շարունակէ իր պարտաւորութիւնները չկատարել։ Ուստի, ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի անդամներուն արդէն իսկ պարզ ըլլայ Ատրպէյճանի կեցուածքը՝ որպէս երկիր, որ արդարադատութիւնն ու օրէնքի գերակայութիւնը պարբերաբար կ՚ոտնահարէ։ Իր խօսքով՝ այս հանգամանքի վառ դրսեւորումը եղած է Արցախի շրջափակեալ բնակչութեան դէմ սեպտեմբերի 19-ին գործուած լայնածաւալ ռազմական յարձակումը։ Մարգարեան շեշտեց, որ ՄԱԿ յատուկ պատասխանատուութիւն կը կրէ միջազգային իրաւունքի գերակայութիւնն ու Արդարադատութեան միջազգային ատեանի վճիռներու իրականացումը ապահովելու համար։ Ան յիշեցուց, որ Հայաստան Լահէյի դատարանին դիմած է՝ պահանջելով միջանկեալ միջոցներ կիրառել, որպէսզի հնարաւոր ըլլայ ապահովել Արցախէն բռնի տեղահանուած բնակչութեան՝ անվտանգ ու արժանապատիւ վերադարձի իրաւունքը։