ՎԱՐԴԳԷՍ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆԻ ԳԻՒՏԸ

Հայաստանի Ճարտարապետութեան ու շինարարութեան ազգային համալսարանի դասախօսներէն փրոֆ. Վարդգէս Գրիգորեան վերջերս իր գիւտով արժանացաւ միջազգային ոսկէ վկայականի մը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, պեթոնի պատրաստութեան նոր եղանակը շինարարութեան բնագաւառէն ներս նորութիւն մըն է։ Սա հետաքրքրական ու տնտեսապէս շահաւէտ լուծումներու հնարաւորութիւններ կը ստեղծէ շինարարներուն համար։

IFIA NV կարգավիճակով գիւտարարներու երրորդ միջազգային ցուցահանդէս-մրցոյթին ան իր գիւտով արժանացաւ ոսկէ վկայականի։ Գիւտին էութիւնն է՝ առանց աւազի պեթոնի պատրաստութեան եղանակը։ Այսպէսով կը ստացուի նոր տեսակի թեթեւ պեթոն մը, որ ունի ջերմամեկուսիչ եւ ձայնամեկուսիչ յատկութիւններ։

Զուիցերիոյ Ժընեւ քաղաքին մէջ առցանց եղանակով տեղի ունեցած է այս միջազգային մրցոյթը։ Գերմանիոյ Նիւրընպերկ քաղաքին մէջ ալ օրերս պարզ դարձած է, որ փրոֆեսէօրը տակաւին 2000-ական թուականներուն պատրաստած է այս գիւտին ենթագետինը։

Համալսարանին կողմէ այս առթիւ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ շեշտուած է, որ փրոֆ. Վարդգէս Գրիգորեանի գիւտը ուժանիւթի խնայողութեան հարցը գերխնդիր դարձուցած է՝ քանի նոյնիսկ աշխարհի զարգացած երկիրներուն մէջ այդ մէկը լրջութիւն կը ներկայացնէ։ Շինարարներու գնահատմամբ՝ շէնքերու ջերմամեկուսացման առաջնահերթ խնդրի լուծման համար այս նոր պեթոնի օգտագործումը բաւական արդիւնաւէտ հնարաւորութիւններ կը ստեղծէ՝ կրճատելով ջերմային կորուստները։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 9, 2023