ԵՐԿԻՐ ՄՈԼՈՐԱԿԻ ԿԵՆՍՈՒՆԱԿՈՒԹԵԱՆ ՅԱՐԱՏԵՒՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ՄՇԱԿԵԼԻ ՀՈՂԵՐՈՒ ՎԻՃԱԿԸ ՈՒՂԻՂ ՀԱՄԵՄԱՏՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ

ՄԱԿ-ի կլիմայի գագաթաժողովը աւարտին հասնելու վրայ է։ COP28-ի աշխատանքները յառաջիկայ շաբթուան սկիզբին պիտի եզրափակուին։ Մինչ այդ, Տուպայի մէջ կազմակերպուած այս կարեւոր հաւաքոյթին առթիւ օրերէ ի վեր դարձեալ ահազանգ կը հնչէ՝ երկրագունդի հրատապ օրակարգին կապակցութեամբ։ Տեսանելի ապագային մարդկութիւնը այնպիսի մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման պիտի մնայ, որ արդէն չափազանցութիւն չի նկատուիր վերահաս աղէտի մը մասին խօսիլը։

 COP28-ի ծիրէն ներս մասնագէտները առանձնապէս ուշադրութեան առարկայ դարձուցին այն սպառնալիքները, որոնք ի զօրու են երկրագործութեան յարմարութեամբ՝ մշակելի տարածքներուն դէմ։ Ըստ զգուշացումներուն, ապագայ սերունդները դէմ յանդիման պիտի մնան՝ սնունդի արտադրութեան տագնապի մը։ ՄԱԿ-ի պարէնի կազմակերպութիւնը (FAO) տեղեկացուցած է, որ արդէն 2020 թուականին երկրագունդի մշակելի տարածքներուն գրեթէ մէկ երրորդը երաշտի ազդեցութեան տակ մնացած է։ Իւրաքանչիւր 5 երկվայրկեանը անգամ մը նման ճակատագրի կ՚ենթարկուի՝ ֆութպոլի դաշտի մը մեծութեամբ մշակելի տարածք։

«Փրկէք հողերը» խմբաւորումը կը յայտնէ, որ համաշխարհային մակարդակի վրայ մեծ հարց մը դարձած է երաշտն ու անոր ազդեցութիւնը մշակելի հողատարածքներուն վրայ։ Արդարեւ, հողը համաշխարհային մակարդակով կը մահանայ ու անոր ընդգրկած օրկանական նիւթերն ալ կը նուազին։ Աշխարհի կառավարութիւնները պէտք է որդեգրեն հողի քաղաքականութիւն մը, որու շնորհիւ յաջորդ սերունդներուն առողջ հող ապահովել հնարաւոր պիտի ըլլայ։ Այս խմբաւորումը COP28-ի օրերուն մասնաւորապէս ընդգծած է, որ երկիր մոլորակի կենսունակութիւնն ու հողը ուղիղ համեմատութեան մէջ են։

Համաշխարհային մակարդակով հողերու առկայ վատ վիճակը ի յայտ բերելու համար զանազան շարժումներ կը կատարուին։ Ծառերու հիմքով գիւղատնտեսութիւնը եւ բերքի հերթափոխութիւնը առկայ տագնապի հաւանական լուծումներու շարքին կը դասուին։

ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԿԼԻՄԱՅԻ ՖՈՆՏ

«COP28» գագաթաժողովը բնորոշած է «Զերօ արտանետում» նախաձեռնութեան պաշտօնական մեկնարկը։ Իր կարգին, ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ Ապտուլլահ ալ Տարտարի յայտնեց, որ գագաթաժողովի որոշումներու հիման վրայ շրջանառութեան մէջ կը մտնէ Համաշխարհային կլիմայի ֆոնտը։ Այս վերջինը հզօր նպաստ մըն է, որպէսզի արաբական աշխարհագրութենէն ներս կլիմայի շարժումը ամուր թափ ստանայ։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 9, 2023