ԷՐՏՈՂԱՆ. «ՖՐԱՆՍԱ ԿԸ ՎՆԱՍԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ»

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ Ֆրանսա կը վնասէ Հայաստանին։

Դէպի Աթէնք կատարած պաշտօնական այցելութենէ վերադարձի ճանապարհին, զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ զրուցելու ժամանակ, Էրտողան անդրադարձաւ նաեւ Հարաւային Կովկասի իրադրութեան։ Իր խօսքով՝ Ֆրանսայի կողմէ Հայաստան զրահափոխադրիչներու ուղարկումը սադրանք կը նկատուի։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, անդրադառնալով Հարաւային Կովկասի իրավիճակին՝ Էրտողան ըսաւ. «Ֆրանսա պէտք է իմանայ, որ այսպէսով ոչ թէ կ՚օգնէ, այլ կը վնասէ Հայաստանին»։

Աւելի վերջ նախագահը յիշեցուց, որ Ֆրանսա անցեալի մէջ ալ մեծ աջակցութիւն ցուցաբերած է Հայաստանին։ «Ո՞րն էր արդիւնքը։ Ֆրանսա ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի անդամ է։ Իր աշխատանքը աւարտած է, արդիւնք չկայ, բայց այսօր Ֆրանսա կրկին կը սադրէ Հայաստանը։ Ի՞նչ պիտի տայ զրահափոխադրիչներ ուղարկելը. ոչինչ։ Որովհետեւ հիմա կայ Ատրպէյճան մը, որ վերջ տուած է իր տարածքներու բռնագրաւման։ Ղարաբաղի մէջ արդիւնքը մեր աչքի առջեւն է։ Ի՞նչ պիտի տայ այս մարտական մեքենաներու ուղարկումը։ Նախապէս Հայաստան ուղարկուած հրասայլերն ու հրացանները ինկած են Ատրպէյճանի ձեռքը։ Անոնք ուղղակի կը խաբեն Հայաստանը։ Հայաստանի իշխանութիւնները պէտք է դասեր քաղեն իրենց վերջին փորձառութենէն եւ չենթարկուին այդ սադրանքներուն։ Հայաստանի շահերէն կը բխի օգտուիլ խաղաղութեան հաստատման հնարաւորութիւններէն եւ չիյնալ թակարդը այն երկիրներուն, որոնք կ՚ապակողմնորոշեն զինքը։ Ատրպէյճանի հետ խաղաղ յարաբերութիւնները Հայաստանի համար լաւագոյն տարբերակն են։ Երկիրները, որոնք կը զինեն Հայաստանը, շուտով զայն կը թողեն մինակ», աւելցուց Էրտողան։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 9, 2023