Ողջոյն Պատրիարքական Աթոռի 85-րդ գահակալի ընտրութեան
Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայր,
Թէեւ տակաւին վաղահաս է ընտրեալ-պատրիարքիդ այսպէս դիմելու համար, սակայն թող ներուի այդքանը, որովհետեւ իսկապէս մեր համայնքը կարօտցած է իր նոր հոգեւոր պետը, երկար ատենէ ի վեր կը զգայ անոր հովանիին զրկանքը, օրհնութեան պակասը եւ ծարաւ է անոր սիրոյն։ Այսօր դուք այլեւս վերջնականօրէն կը բազմիք մեր դարաւոր Պատրիարքական Աթոռին վրայ։ Շուրջ 550 տարուան այս սուրբ Աթոռի գաւազանագիրքին մէջ արդէն կ՚արձանագրուի ձեր անունը՝ որպէս ազգընտիր, արժանընտիր պատրիարք։ Սա նոր այգաբաց մըն է մեր ազգային-եկեղեցական կեանքի պատմութեան մէջ։ Սա նոր շրջան մըն է ընդհանրապէս թրքահայութեան տարեգրութեանց մէջ։ Ճի՛շդ է՝ անցեալ տասներկու տարիներու տագնապը շատ մաշեցուց մեր համայնքը, ճի՛շդ է նաեւ, որ վերջին ամիսներու պատրիարքական ընտրութեան գործընթացն ալ եկաւ բազմապատկել բոլոր հետեւանքները, սակայն այդ բոլորէն վերջ Ձերդ Ամենապատուութեան ընտրութիւնը ո՛չ միայն յոյս եւ լաւատեսութիւն, այլեւ՝ թեթեւութիւն մը կը պարգեւէ մեր ժողովուրդին։ Անգլուխ մնացած մեր համայնքը հիմա տոգորուած է հայր մը, հոգեւոր հայր ունենալու երջանկութեամբ։ Սա արդար երջանկութիւն մըն է, որովհետեւ երկար սպասումէ մը վերջ Տէրը նոր հովիւ մը, նոր մշակ մը ուղարկեց մեր համայնքին։
Պատրիարք Հայր,
Այսօրուան ձեր ընտրութեան պիտի յաջորդէ Ամանորի եւ Սուրբ Ծնունդի տօնական շրջանը։ Վստահաբար աւելի վերջ պիտի կազմակերպուի ձեր գահակալութիւնը եւ պիտի մատուցանէք ձեր անդրանիկ Սուրբ Պատարագը։ Գուցէ փոփոխութիւններ ըլլան հերթականութեան մէջ։ Չենք գիտեր առ այժմ, սակայն ինչ որ ալ ըլլայ, ինչպէս որ ալ ըլլայ ձեր առջեւ կայ «մեղրամիս» մը, որ առաւել չափով արարողակարգային փուլերով պիտի բնորոշուի։ Աւելի վերջ է, որ պիտի սկսի ձեր բուն գործունէութեան շրջանը։ Դուք, անշուշտ, ունիք անանտեսելի ուսում եւ պատրաստութիւն, նաեւ հրապարակած էք ձեր տեսլականը։ Բայց եւ այնպէս, ինչ որ ալ ըլլայ, դուք աննախընթաց ճանապարհորդութեան մը պիտի սկսիք ձեր հոգեւոր ծառայութեան մէջ։ Թէկուզ առաջին անգամ պիտի ունենաք այսքան մեծ կշիռ, այսքան մեծ հնարաւորութիւն, սակայն նաեւ առաջին անգամ ձեզի պիտի վիճակի այսքան ծանր բեռ եւ այսքան մեծ պատասխանատուութիւն։ Պատրիարքական ձեր իշխանութիւնը ո՛վ գիտէ քանի քանի անգամներ այդ բոլորի խաչաձեւման կէտի վրայ ջրբաժաններու առջեւ պիտի կանգնեցնէ ձեզ։ Եւ դուք այդ խաչմերուկներուն վրայ ճի՛շդ պիտի կողմնորոշուիք Տիրոջ ապաւինութեամբ, ինչ որ, միեւնոյն ժամանակ, տանելի պիտի դարձնէ պատրիարքական իշխանութեան ծանր, բայց քաղցր լուծը։
Ամենապատիւ Տէր,
Թրքահայ հաւաքականութիւնը ունի ծով խնդիրներ, որոնք քիչ թէ շատ ծանօթ են բոլորին։ Նորութիւնը այն է, որ յետայսու անոնց լուծման որոնումները պիտի կրեն ձեր ձեռագիրը՝ որպէս այս համայնքին գլուխը։ Դուք էք, որ առաջնահերթութեան կամ յարաբերակցութեան մէջ պիտի դնէք անոնց լուծման ջանքերը։ Գէ՛թ համակարծիք ըլլալով մարդիկ պիտի զօրակցին, գէթ տարակարծութիւն յայտնելով պիտի քննադատեն։ Երբեմն նոյն անձը պիտի կարենայ վարուիլ այդպէս եւ դուք հակասութիւններ պիտի տեսնէք։ Ձեր հերթին, դուք ալ երբեմն պիտի արդարացնէք ձեր դերակատարութիւնով, երբեմն ալ պիտի պատահի հակառակը։ Պիտի ըլլան, անխուսափելիօրէն պիտի ըլլան այս բոլորը։ Համայնքային կեանքի մէջ յաճախ կրնան պատահիլ ուժերու վերադասաւորումներ, կրնան ձեւաւորուիլ նոր հաւասարակշռութիւններ։ Ձեռքբերումներն ալ, թերացումներն ալ թէեւ պիտի ըլլան հաւաքական, սակայն դուք այդ բոլորը պիտի զգաք ձեր մաշկին վրայ, ձեր սրտին մէջ, նոյնիսկ ձեր էութենէն ներս՝ որպէս այս համայնքի հոգեւոր հայրը, անոր գլուխը։
Այսօր դուք կ՚անցնիք Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ նուիրապետական աթոռներէն մէկուն գլուխը։ Սա կը վերաբերի ձեր առաքելութեան համազգային երեսակին։ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը կը խորհրդանշէ մեծ աւանդութիւն մը, խոր ժառանգութիւն մը՝ իր լինելութեամբ եւ այսօրուընէ սկսեալ այդ բոլորը պիտի մարմնաւորէք ձեր անձին մէջ։ Սա եւս գործօն մըն է, որ թէ՛ կը բարձրացնէ ձեր հեղինակութիւնը եւ թէ յաւելեալ պատասխանատուութիւններ կը բերէ ձեզի։ Դուք այլեւս դարձած էք մէկ կողմէ շատ իրական անհատ մը, որու ձեռքին է պատրիարքական ասան, իսկ միւս կողմէ կը մարմնաւորէք շատ վերացական պատկեր մը, որ կը խտացնէ ձեր ութսունչորս երանաշնորհ նախորդներուն վառ կերպարը։
Մեր պատմական փորձառութիւնը կ՚ապացուցանէ, թէ Պոլսոյ Աթոռի գահակալը այն անձն է, որ պարտաւոր է իրերամերժ ազդակներու, հակադիր պարագաներու եւ հակասական իրավիճակներու մէջ կողմնորոշուի նպատակասլաց ձեւով։ Իրմէ կը պահանջուի վարպետութիւն եւ ճկունութիւն՝ ազգին, համայնքին, Եկեղեցիին եւ Աթոռին շահերը, արժանապատուութիւնը պաշտպանելու համար։
Այս ճանապարհին վրայ դուք պիտի ունենաք երկու հիմնական յենարան՝ ձեր հոգեւոր եղբայրներու հաւատարմութիւնը եւ ձեր հաւատացեալ հօտի աղօթակցութիւնը։
Ուրեմն, այս խոհերով կ՚ողջունենք ձեր ընտրութիւնը, Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայր։ Ձեզ անկեղծօրէն կը շնորհաւորենք, ի սրտէ կը մաղթենք յաջող եւ արդիւնաւոր գահակալութեան շրջան մը։ Վստահ ենք, թէ Բարձրեալն Աստուած ձեզի կը շնորհէ արեւշատութիւն, կամք եւ իմաստութիւն, որպէսզի դուք հովուէք ձեզի վստահուած հօտը եւ նորանոր նուաճումներու դուռ բանաք թրքահայութեան համար։ Կենսունակ դարձնէք մեր ազգային-եկեղեցական կեանքը։ Լուսաւորէք մեր հայրերէն աւանդուած անարատ հաւատի ուղին։ Թափ տաք մեր իրականութեան։ Վարչակազմակերպչական բարեփոխումներու գետին պատրաստէք։ Նոր թռիչք մը ապահովէք մեր ընկերամշակութային կեանքին։ Նոր սլացք մը բերէք մեր կրթական համակարգին։ Տակաւին ծաղկեցնէք թրքահայ իրականութիւնը բոլոր ուղղութիւններով՝ սկսեալ մտաւորականէն, մինչեւ ելմտական։
Աստուած օգնական, Պատրիարք Հայր։