ՊԱՐԹՈԼՈՄԷՈՍ Ա.-Ի ՅԻՇԵՑՈՒՄԸ…

Ծէսի ամբողջ հարստութեան, արարողակարգային ամբողջ ճոխութեան մթնոլորտին մէջ, Ամենապատիւ Տ. Սահակ Պատրիարքի գահակալութեան արարողութիւններուն ժամանակ իսկապէս շատ ուշագրաւ հնչեց պատգամ մը։ Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ խորանէն այդ պատգամը յիշեցուց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ուղղափառաց Տիեզերական Պատրիարքը։ Գումգաբուի մէջ ան թէեւ հիւր մըն էր առաջին հերթին, սակայն իր հնչեցուցած խօսքը քաղաքավարական բարեմաղթանքէ շատ աւելին էին։

Թրքահայութիւնը կը հանդիսանայ Թուրքիոյ ամենաբազմանդամ ոչ-իսլամ փոքրամասնական հաւաքականութիւնը եւ այս հանգամանքը կը պայմանաւորէ իր կշիռը։ Յունաց պատրիարքն ալ՝ յաչս համաքրիստոնէական ընտանիքին, ամենահեղինակաւոր եկեղեցական պետն է մեր երկրին մէջ։ Այս երկու հանգամանքներու խաչաձեւման կէտին վրայ բիւրեղացան Պարթոլոմէոս Ա. Պատրիաքին խօսքերը, որոնք հնչեցին գահակալութեան արարողութեան ժամանակ։

Թէ ի՞նչ ըսաւ ան։ Իրականութեան մէջ նորութեան մը կամ զգայացունց երեւոյթի մը մասին չէր իր խօսքը։ Պարթոլոմէոս Ա. Պատրիարք յիշեցուց Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքական Աթոռի թափուր մնացած անցեալ ժամանակաշրջանը եւ յայտնեց, որ մեր համայնքը մարտահրաւէրները յաղթահարած է հասունութեամբ։ Ուղղափառաց Ծայրագոյն Պատրիարքը շեշտեց, որ հոգեւոր առաջնորդները պէտք է ընտրուին՝ ըստ տուեալ եկեղեցւոյ կամ դաւանանքի ընտրական կանոններուն համապատասխան եւ սա մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ կրօնի ազատութեան տեսակէտէ։ Ի շարունակութիւն ան յայտնեց, որ եկեղեցիներն ու կրօնները տարանջատուած պէտք է ըլլան պետութենէն։ Անոնք զերծ պէտք է ըլլան փոխադարձ ազդեցութիւններէ եւ ներգործութիւններէ։ Իր խօսքով՝ սա խթան մըն է նաեւ տուեալ երկրի զարգացման համար։ Այլ խօսքով, ան ակնարկ մը կատարեց աշխարհիկութեան, աշխարհավարութեան սկզբունքին։

Պարթոլոմէոս Ա. Պատրիարքի պատգամը շատ կարեւոր էր գահակալութեան ապարողութեան մթնոլորտին մէջ։ Ո՛չ միայն թրքահայութեան առանց պատրիարքի անցուցած տարիներու, ո՛չ միայն պետութեան տեսակէտէ... Իր խօսքերը շատ յատկանշական էին նաեւ այս նոր շրջանին առումով. նո՛ր շրջան մը, որ կը զուգորդուի զանգուածային լրատուութեան միջոցներով հրահրուած անօգուտ եւ անտեղի վէճերով։

Պարթոլոմէոս Ա. Պատրիարքի արտայայտած իմաստութենէն պէտք է օգտուիլ անպայման։

 

Երկուշաբթի, Յունուար 13, 2020