Ցնցում
Ցնցումի մէջ է թրքահայ համայնքը։ Բեւեռացումներ, իրարու անհաղորդ ճամբարներ եւ իրերամերժ տրամադրութիւններ… Պառակտումը կը ցնցէ թրքահայութիւնը։
2017-ի տարեմուտին, Կրօնական ժողովի ատենապետին հրաժարականը դարձած է հրատապ օրակարգ։ Երկար ատենէ ի վեր համայնքի բոլոր շրջանակները ցաւով կ՚անդրադառնան վարչայիններու միջեւ յառաջացած խոր պառակտումներուն։ Այսօր, ահա՛ փաստ է, որ այդ պառակտումը ի զօրու է նաեւ հոգեւորականաց դասու պարագային։
Ո՞ւր այսպէս, ինչո՞ւ այսպէս… Հատուածական ջանքերը բաւարար պիտի չըլլան մեր համայնքը առկայ փակուղիէն դուրս բերելու համար։ Նախախնամութենէն պէտք չէ ակնկալել կախարդական միջամտութիւն մը։ Հոգեւորական թէ աշխարհական, համայնքի բոլոր հաստատութիւններով, շրջանակներով կամ լծակներով պէտք է թօթափուին։ Պէտք է ձեռք ձեռքի տալ վերստին ոտքի վրայ կանգնելու եւ այս համայնքին կեանքը բնականոն հունին վերադարձնելու համար։
Համայնքի անդամները պէտք է վերականգնեն հարազատութեան զգացումը իրարու նկատմամբ ու պէտք է վերստին ձեւաւորեն խաղի կանոնները։
Չզլանանք իրարմէ համընդհանուր զօրակցութեան պտուղները, որոնք միայն պիտի կարենան հարթել թրքահայութեան առջեւ լուսաւոր ապագայի մը ճանապարհը։