ՇՆՈՐՀԱՒՈՐ ՍՈՒՐԲ ԶԱՏԻԿ
Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց...
Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ զանգերը կը ղօղանջեն դարձեալ՝ աւետելով տօնական մեծ աւետիսը։ Այդ ղօղանջները մեր սրտերուն մէջ կ՚արձագանգեն՝ հաւաստելով Տիրոջ յաղթութիւնը, մարդկութեան պատմութեան մեծագոյն հրաշքը։ Սուրբ Զատիկը ամէն տարի մեր եկեղեցւոյ աշխարհասփիւռ զաւակները կը համախմբէ նոյն հրաշքին եւ անով պայմանաւորուած նոյն աւետիսին շուրջ։ Հայ-քրիստոնեայ հաւատացեալները ահա կը համակուին տօնական այն վերանորոգ տրամադրութեամբ, որ իր մէջ կը պարունակէ յոյսը, հաւատքը եւ սէրը։
Յոյսը լեցուած է մեր սրտերուն մէջ այսօր, դարձեալ, Քրիստոսի դատարկ լոյս գերեզմանի պատկերը մեր աչքին առջեւ։ Հաւատքը համակած է մեր ամբողջ էութիւնը, դարձեալ, Տէր Յիսուսի հրաշափառ սուրբ յարութեան պատկառելի խորհուրդին դիմաց։ Սիրով տոգորուած ենք բոլորս իրարու նկատմամբ, դարձեալ, մահուան յաղթած մեր Տիրոջ նկատմամբ վերանորոգ հաւատարմութեամբ։
Խայտաբղէտ պատկեր մը կ՚ուրուագծուի մեր աչքին առջեւ։ Սուրբ Էջմիածինը, Միածնաէջ սուրբ սեղանը, Երուսաղէմի սուրբ գերեզմանը, լուսաշող մեր տաճարները, մեր խորախորհուրդ շարականներուն եւ սրբազան երաժշտութեան առթած անբացատրելի զգացումները, մեր հայաշունչ ծէսին հմայքը ու մեր աւանդութիւններուն ճոխութիւնը։ Մեր եկեղեցին, Մայր եկեղեցին, մեզի կու տայ բոլոր բանալիները, կը մատուցէ շռայլօրէն բոլոր խորհրդանշանները՝ որպէսզի թափանցենք Սուրբ Յարութեան խորհուրդին։ Այդ խայտաբղէտ պատկերի խորքին կը ճառագայթէ Քրիստոսի ճշմարիտ լոյսը։ Այդ պատկերի խորքին կը շողայ Տիրոջ յաղթութիւնը։ Եւ մեր սուրբ եկեղեցին այսօր հերթականօրէն իր հօտին կը պատգամէ՝ որ այդ ճառագայթներէն ու շողերէն առաւելագոյն բաժինը պիտի վիճակի հայոց փոքր ածուին, որքան որ ամրապնդուինք մեր հաւատքին մէջ, որքան որ լիարժէք ձեւով վերանորոգ պահենք մեր հայրերու լոյս, անխախտ հաւատքը։ Եւ տակաւին՝ որքան որ աւելի սէր տածենք իրարու նկատմամբ ու այդ սիրով երաշխաւորենք մեր յոյսի կենսունակութիւնը։
Կ՚ապրինք աշխարհի մը մէջ, ուր մարդկութեան մեծագոյն ձգտումն ու բաղձանքն է խաղաղութիւնը։ Սա կը նշանակէ, որ երկնաւոր արարչի կամքէն անկախ մահերը շրջապատած են մարդկային կեանքը։ Եւ այս վիճակին մէջ հայ-քրիստոնեայ մարդը ի՛նչ ապաւէն կրնայ ունենալ՝ եթէ ոչ Տէր Յիսուս Քրիստոսը, որ յաղթեց մահուան։ Տիրոջ հրաշափառ Սուրբ Յարութեան լոյսը թող առատօրէն սփռուի մեր վրայ ու բոլորս տաղաւարի բերկրանքով զիրար ողջունենք ի սրտէ բարեմաղթանքով։
Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց։
Ձեզի, մեզի մե՜ծ աւետիս...