ԲԱՑԱՌԻԿ ՀԱՄԱՐԻ ԹՈՂԱՐԿՈՒՄ...

Այսօր ԺԱՄԱՆԱԿ լոյս կ՚ընծայէ բացառիկ համար մը՝ Երեւանի մէջ իր հրատարակութեան 110-ամեայ յոբելեանին ձօնուած տարեդարձի հանդիսութեան առթիւ։ 8 էջէ բաղկացեալ այս յատուկ թիւը կը ցոլացնէ արարողութեան ամբողջ մթնոլորտը, նաեւ խորքը։

Այս առթիւ պարտք կը զգանք մեր անկեղծ երախտագիտութիւնը յայտնել՝ Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանին, որու տնօրինութեամբ կազմակերպուեցաւ 110-ամեակի ձառնարկը։ Խորապէս շնորհակալութիւն կը յայտնենք՝ Սփիւռքի փոխ-նախարար Սերժ Սրապիոնեանին եւ նախարարութեան Մերձաւոր սփիւռքի բաժնի վարիչ Տարօն Շեգոյեանին, որոնք համակարգեցին ծրագիրը։ Չենք կրնար մոռնալ նաեւ նախարարութեան Մերձաւոր սփիւռքի բաժնի բոլոր աշխատողները, որոնք ջանք ու վաստակ չխնայեցին՝ կազմակերպչական աշխատանքէն։

Երախտապարտ ենք նաեւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան, որ իբրեւ հիւրընկալ հաստատութիւն լայն բացած էր ո՛չ միայն իր Երեւանի կեդրոնի դռները, այլ նաեւ՝ սիրտը։

ԺԱՄԱՆԱԿ-ի 110-ամեակին ձօնուած Երեւանի հանդիսութիւնը ունէր եզակի երեսակ մը։ Ցայսօր բազում ձեռնարկներ տեղի ունեցած են Երեւանի մէջ՝ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի վերաբերեալ։ Այս անգամուանը սակայն տարբեր էր կարեւոր հանգամանքի մը բերումով։ Արդարեւ, յոբելեանը համախմբեց թերթիս աշխատակիցները, որոնք կը գտնուին Երեւանի մէջ։ Անուշ Դրուանց, Սագօ Արեան, Անի Բրդոյեան-Ղազարեան եւ Ալեքս Գալայճեան տարեդարձին մասնակցեցան՝ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեանի հետ։ Աւելի՛ն, եթէ այս վերջինը հիւր մըն էր, ապա անոնց կարգավիճակը կարծես արդէն աւելի տարբեր էր՝ որպէս տեղացի։ Դժբախտաբար, ակամայ բացակայեցաւ Վարանդ Քորթմոսեանը։ Մեր այսօրուան բացառիկին մասնաւոր իմաստ մը կը վերագրեն՝ անոնց տպաւորութիւններն ու խոհերը։ Մենք իւրաքանչիւրը կ՚ողջունենք ջերմօրէն՝ որպէս ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընտանիքի հարազատ անդամ։ Անոնք, անշուշտ, իրենց բաժինն ու դերակատարութիւնը ունին թերթիս նորագոյն շրջանի ձեռքբերումներուն մէջ։

110-ամեակի առթիւ Երեւանի հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ 26 Յունուար 2018-ին։ Ներկայ բացառիկը բաւական յապաղումով կը հրատարակուի՝ գլխաւորաբար թեքնիկ զանազան պատճառներով։ Սակայն, քանի որ յոբելենական տարուան մէջ ենք՝ այս յապաղումը կը հաւասարակշռուի ինքնին։ Սա պատմական համար մըն է։ Պատմակա՛ն, ո՛չ միայն պատմութեան, այլ նաեւ՝ ապագայի համար։

Բի՜ւր ողջոյն մեր սիրեցեալ ընթերցողներուն։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 16, 2018