ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿՈՉ ԺԱՄԱՆԱԿ-Ի ԿՈՂՄԷ
Սիրելի ելեկտրոնիկ բաժանորդներ, առցանց ընթերցողներ,
ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը արդէն թեւակոխած է իր անընդհատ հրատարակութեան 115-րդ տարին եւ մենք այս յոբելենական շրջանին Ձեր բոլորին կը դիմենք զօրակցութեան սոյն հրատապ կոչով։
Վստահաբար, կրնաք վկայել, թէ ԺԱՄԱՆԱԿ համացանցի վրայ եւ ընկերային ցանցերու միջավայրին մէջ հայկական իւրայատուկ հարթակ մըն է եւ մանաւանդ՝ եզակի պատուհան մը արեւմտահայերէնով։ Թերթիս տպագիր տարբերակին հրատարակութիւնը թէեւ մեծ զոհողութիւններու գնով կը շարունակուի կայունութեամբ, սակայն մենք համազօր կարեւորութիւն կ՚ընծայենք նաեւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի առցանց հասանելիութեան։ Սա նոր ժամանակներուն հետ քայլ պահելու, անոր ոգիին համապատասխանելու եւ ապագայատեսիլ յոյսեր ու յաւակնութիւններ ունենալու անհրաժեշտ նախապայմանն է։ Թէեւ մեր կայքէջին վրայ եւ ընկերային ցանցերու հաշիւներուն մէջ տեղ կը գտնէ միայն տպագիր տարբերակին բովանդակութիւնը, սակայն այդ անգամ բաւարար կ՚ըլլայ հեռանկարային ձգողականութիւն մը եւ վառ հետաքրքրութիւն մը ապահովելու համար։ Արդարեւ, ԺԱՄԱՆԱԿ-ի պարագային կայ ինքնուրոյն պարունակութիւն։ Այսինքն, մեր թերթին մէջ կամ կայքէջին վրայ եւ կամ ընկերային ցանցերու հաշիւներուն մէջ ամէն օր հասանելի են բազում ճոխ նիւթեր, որոնք մեր հեղինակներուն կամ աշխատակիցներուն կողմէ կ՚արտադրուին միայն ԺԱՄԱՆԱԿ-ին համար։ Բազում նիւթերու սկզբնաղբիւրը ըլլալու առընթեր, ԺԱՄԱՆԱԿ-ը նաեւ արհեստավարժ ու համապարփակ, անաչառ ու առարկայական համադրուած ձեւով կը մատուցէ ընթացիկ լրահոսի ազատ հասանելի նիւթերը՝ որպէս անկախ լրատուամիջոց։
Այս բոլորը չենք նշեր զուտ բաղդատութիւններու կամ ինքնագովութեան համար։ Արդարեւ, այս դիմագծի տեւականացման երաշխաւորման համար կարիքն ունինք մեր բոլոր ընթերցողներու զօրակցութեան։ Վերջին տարիներուն միշտ ահազանգ կը հնչեցնէինք այն ժխտական գործօններուն դէմ, որոնք կը սպառնան ԺԱՄԱՆԱԿ-ի յարատեւութեան։ Պայմանները, դժբախտաբար, չեն փոխուած եւ ընդհակառակն, սակայն որոշած ենք գոնէ 115-ամեակի յոբելե-նական շրջանին այս առումով պահել որոշ լռութիւն՝ խուսափելու համար հայ իրականութենէն ներս առկայ համատարած յոռետեսութեան մեր բաժնով հրահրումէն։ Յամենայնդէպս, Ձեզի ուղղեալ այս կոչը լոկ բացառութիւն մը չէ, այլ հասարակաց յայտարարի մը վրայ գործնական ձեւով շարժման անցնելու համար համախմբուելու հրաւէր մը։
Սիրելիներ,
Մենք գիտենք, թէ ԺԱՄԱՆԱԿ-ը կը կարդաք հետաքրքրութեամբ։ Ան հարազատ է Ձեզի։ Մեր ելեկտրոնիկ բաժանորդներէն շատեր ԺԱՄԱՆԱԿ-ը կը փոխանցեն իրենց բազում բարեկամներուն, իսկ մեր կայքէջն ու ընկերային ցանցերու հաշիւները արդէն առանց սահմանափակումի կամ արգելքի՝ ամբողջութեամբ բաց ու հասանելի են բոլորին։ Այս ընթացքը որդեգրած ու նախընտրած ենք այն սկզբունքով, թէ արեւմտահայերէն այս հարթակը բոլորին բաց ու հասանելի պահելը համահունչ է ԺԱՄԱՆԱԿ-ի դարաւոր առաքելութեան։ Համոզուած ենք, թէ դիմադրելու գրաւականն է արտադրութիւնը եւ դիմադրութիւնը կը կաղայ, եթէ արտադրուածէն բոլորին բաժին չհասնի անխտիր։
Հուսկ, մեր կոչն է, որպէսզի այս պայքարին նկատմամբ անտարբեր չմնա՛ք Ձեր գտնուած հեռաւոր կամ մօտիկ ափերէն՝ ուր որ ալ ըլլաք։ Հաղորդակցութեան մէջ անցէ՛ք իրարու հետ՝ որպէս ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընթերցող կամ համակիր։ Կազմակերպուեցէ՛ք, Ձեր միջավայրերուն մէջ շարժում ստեղծեցէ՛ք, պատասխանատուութիւն զգացէ՛ք եւ յանձնառութեամբ հանդէս եկէ՛ք։ Իրարու միջեւ կարծիքներ փոխանակեցէ՛ք եւ առաջարկներ յղացէ՛ք, որպէսզի նուիրատուութիւններ հաւաքելով ուղարկէք ԺԱՄԱՆԱԿ-ին։ Հաւանական փոխանցման ձեւերուն մասին կրնաք կապ հաստատել մեզի հետ, ինչպէս որ կ՚ընէք զանազան առիթներով։ Սա բաժանորդագին մը վճարելէ անդին՝ պիտի ըլլայ ներդրում մը, որպէսզի այս դժուարին պահուն խնայուի այն կարեւոր ազդակներէն մին, որ կը նպաստէ Ձեր ինքնութեան պահպանման եւ կը դաւանի համահայկական ժառանգութիւնը առանցքային նկատելու սկզբունքին։
Լիայոյս ենք, թէ անարձագանգ չի մնար մեր այս կոչը եւ Դուք չէք զլանար Ձեր զօրակցութիւնը ԺԱՄԱՆԱԿ-էն, որու 115 տարիէ ի վեր միակ ապաւէնն ու յենարանը եղած է իր ընթերցողը։
Ողջոյննե՜ր Ձեր բոլորին…