ՈՂՋՈ՜ՅՆ ՏՕՆԱԿԱՆ ԱՒԵՏԻՍՈՎ...

Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց... Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ զանգերը այսօր ահա՛ դարձեալ կը ղօղանջեն տօնական աւետիսով։ Հայ-քրիստոնեայ մարդու հայեացքին առջեւ պատկերուած է Յիսուս Քրիստոսի լո՛յս, դատա՛րկ գերեզմանը՝ Սուրբ գերեզմանը։ Կը հնչեն մեր Եկեղեցւոյ զանգակները՝ առթելով հոգեւոր ցնծութիւն, ղօղանջները կ՚արձագանգեն մեր բոլորի սրտին մէջ՝ աւետելով Տէր Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Սուրբ Յարութեան աւետիսը։ Այդ հրճուանքին մէջ կան՝ հոգեւոր արթնութեան ազդանշանը, Աստուծոյ խօսքին հաղորդ ըլլալու գիտակցութիւնը, մեր նախնեաց լոյս հաւատքին հետեւելու հպարտութիւնը։ Աւետարանական պատգամներով ուղղորդուած քրիստոնէական հաւատքի լոյսը այսօր կը սփռուի Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ բոլոր զաւակներուն վրայ։ Զատիկ է այսօր, արդարեւ. Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց...

Երկրագունդի գոյութիւնը միլիոնաւոր տարիներով կը հաշուուի, նոյնպէս եւ մարդ արարածին ներկայութիւնը անոր վրայ։ Այս ամբողջ ճանապարհորդութեան տեւողութեան գաղտնիքներուն գաղտնիքը եղած է մահը։ Սա եղած է մեծագոյն հարցականը, ամենախորհրդաւոր հանելուկը։ Մահը թէեւ կեանքի վերջն է, սակայն անոր դրդած հետաքրքրութիւնը կը պայմանաւորէ նաեւ մարդկային կեանքի ամբողջ ընթացքը։ Ի վերջոյ այս ֆոնին վրայ կեանքի ու մահու ընկալումներուն շուրջ նոր սահմանում մը հաստատուած է Յիսուս Քրիստոսով, երբ ան յաղթած է մահուան։ Մեռելներէն յարութիւն առած աստուածորդին յաւիտենական կեանքի հորիզոնները կ՚ուրուագծէ մարդ արարածին առջեւ։

Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց...

Հայ-քրիստոնեային առաջնորդուած յիշողութիւնը, ժառանգած արժեհամակարգը, իւրացուցած կեանքի փիլիսփայութիւնը ամբողջութեամբ կը համընկնին յարութեան յոյսին հետ։ Հայուն բնորոշ ընդունակութիւններէն մին է վեր յառնիլը բարոյական ուժով։ Հայը փիւնիկին կը նմանի իր բնազդով։ Հայը զաւակն է վերապրող ժողովուրդի մը։ Ծնունդէն դէպի անխուսափելի մահը ընթանալու ճանապարհին՝ հայ-քրիստոնեան գիտէ կերտել իր եւ իր ազգի անմահութիւնը։ Յարութեան յոյսին ապաւինութեամբ ան կ՚ապրի յաւիտենական կեանքի տեսիլքով եւ ժամանակները կ՚անդրանցէ՝ որպէս ուղեցոյց ունենալով Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ նուիրականութիւնները։ Տիրոջ յաղթական խաչափայտը պատմութեան հոլովոյթին մէջ եղած է հայուն լոյս փարոսը։

Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց...

Տօնական բարձր տրամադրութիւնով համակած իրենց հաւաքական կեանքը՝ մեր ժողովուրդի զաւակները այս տարի եւս արժանացած են Սուրբ Յարութեան աւետիսով զիրար ողջունելու շնորհին։ Համընդհանուր ուրախութիւնը պահ մը մոռացութեան կը մատնէ ընթացիկ բոլոր խնդիրները, կեանքի անյաղթահարելի դժուարութիւնները եւ սուր խոչընդոտները։ Առօրեայի ոլորապտոյտ ճանապարհներու, լաբիւրինթոսներու մոլորութիւններուն մէջ այսօր կը ճառագայթէ լոյսը յարութեան, կը շողայ արեւը յոյսի։ Անմար կրակ մը կը ջերմացնէ դարձեալ մեր հոգիները ամառնամուտի շրջանին։ Աստուածորդւոյն հրաշափառ Սուրբ Յարութիւնը մեզ կը պարտադրէ յոյսի ու լաւատեսութեան համար տեղ մը վերապահել մեր կեանքին, մեր խոհերուն ու մեր մտահորիզոնին մէջ։ Հայ-քրիստոնեան չունի ու չի կրնար ունենալ յոռետեսութեան յանձնուելու իրաւունքը։ Ջլատումը համազօր է մեր հաւատի, մեր սրբութիւններու ուրացման։

Մարդ որքան որ ալ կառչի ինքնուրոյնութենէ, դժուար թէ լիարժէք երջանկութիւն կարողանայ գտնել առանձնութեան մէջ։ Մեծ տօներու գաղտնիքներէն մին ալ այն է, որ հաւաքական խանդավառութեան մթնոլորտ մը կը ծնին եւ այդ մթնոլորտը կը սրբագործուի իրարու նկատմամբ սիրով, անկեղծութեամբ, զօրակցութեամբ, բարի կամեցողութեամբ եւ լաւագոյն զգացումներով։ Տօնը հաւաքական է իր էութեամբ ու տրամաբանութեամբ՝ մանաւանդ, որ եթէ զիրար կ՚ողջունենք Տիրոջ Սուրբ Յարութեան անհասանելի խորհուրդով եւ աներեր հաւատքով եւ եթէ իրարու հետ կ՚ողջագուրուինք՝ որպէս նոյն եկեղեցւոյ հարազատ զաւակները:

Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց...

Օրհնեալ է Յարութիւնն Քրիստոսի…

Ձեզի, մեզի մեծ աւետիս:

Շաբաթ, Ապրիլ 20, 2019