ԱՆՁՆԱԿԱՆ ՅԻՇԱՏԱԿՆԵՐ

Ա­րե­ւոտ ու զուարթ առ­տու մըն էր 1915 Ապ­րիլ 12-ի ա­ռա­ւօ­տը։

Մայ­րա­քա­ղա­քը կ՚արթն­նար սո­վո­րա­կա­նին պէս ան­փոյթ ու ժպտուն։

Բա­րե­կամս Սա­հակ-Մես­րո­պի հետ շատ կա­նուխ, ա­րե­ւին մէ­ջէն կը քա­լէինք Բան­կալ­թիի շի­տա­կէն։

Հա­կա­ռակ Կի­րա­կի ըլ­լա­լուն, ան­ցու­դար­ձը շատ ցան­ցառ էր նոյն պա­հուն, ինչ որ ան­սո­վոր պէտք էր ըլ­լար։

Ա­սի­կա ու­շադ­րու­թիւնս չգրա­ւեց նախ, ո­րով­հե­տեւ ան­տե­ղեակ էի մու­թին մէջ գոր­ծուած մեծ Ե­ղեռ­նէն։

Գի­շե­րը մին­չեւ ժա­մը 10.30 Վա­րու­ժա­նին տունն էինք։ Տա­կա­ւին ա­կանջ­նե­րուս մէջ կը թրթռար մեծ բա­նաս­տեղ­ծին առ­նա­կան ու հզօր ձայ­նը։

Հո­գիիս խո­րը տա­կա­ւին թարմ էր ա­կօ­սը սար­սու­ռին, զոր տուած էր ա­նոր հրա­տա­րա­կե­լի «Հա­ցի եւ Գի­նիի եր­գեր»ու շար­քէն քեր­թուած­նե­րուն ըն­թեր­ցու­մը։ Փո­խադ­րուած էինք հայ­րե­նի դաշ­տե­րուն մէջ, ուր ա­րօ­րը կ՚եր­գէր «հի՜ռ հի՜ռ», մինչ հայ մշա­կը կը ցա­նէր «ժի՛ր, ժի՛ր»։ Լ­սած էինք հնձա­նին մէջ զուարթ խմո­րու­մը խա­ղո­ղի հիւ­թին եւ գի­նով­ցած՝ հե­թա­նոս գի­նիին բոյ­րէն։

Եւ կը քա­լէինք, ես ու բա­րե­կամս, դեռ վե­րա­ցած, առ­տուան զո­վու­թիւ­նը ծծե­լով։

Կանգ ա­ռինք Կո­մի­տա­սի դրան առ­ջեւ, ուր այ­ցե­լու մը մեզ­մէ ա­ռաջ կը սպա­սէր, բայց դու­ռը կ՚ու­շա­նար բա­ցուե­լու։

Վեր­ջա­պէս խո­հա­րա­րին ճա­ղատ գլու­խը զգու­շա­ւոր կեր­պով ցցուե­ցաւ ծա­նօթ պա­տու­հա­նէն, եւ

-Վար­դա­պե­տը գի­շե­րը տա­րին։

Ը­սաւ սար­սա­փա­հար դէմ­քով մը։

Շա­րու­նա­կե­ցինք մեր ճամ­բան։ Նա­խազ­գա­ցում մը կը ճնշէ կուրծ­քիս, օ­դին մէ­ջէն կ՚անց­նին կար­ծես ա­նո­րոշ տրտմու­թիւն­ներ ու սար­սուռ­ներ։

Նոյն պա­հուն բաց կառք մը ան­ցաւ։ Զօհ­րապ եւ Վար­դգէս քով քո­վի նստեր էին ան­խօս, ու յայտ­նա­պէս խռո­վուած էր դէմ­քեր­նին։

Փու­թա­ցինք դառ­նալ ան­կիւ­նը եւ ափ առ­նել Վա­րու­ժա­նին ա­փար­թը­մա­նին դու­ռը։

Տի­կին Վա­րու­ժան դի­մա­ւո­րեց մեզ անժ­պիտ ու յու­զուած։ Աչ­քե­րուն կարմ­րու­թիւ­նը կը մատ­նէր ար­ցուն­քով լուս­ցուած գի­շեր մը։

-Ձեր եր­թա­լէն քա­ռորդ ժամ ետք ե­կան եւ տա­րին…։

Հի­մա ի­րա­կա­նու­թիւ­նը կ՚ըմբռ­նէի իր ամ­բողջ ա­հա­ւո­րու­թեա­նը մէջ։

Բաժ­նուե­ցանք գլխի­կոր, մեր սիր­տին մէջ կրե­լով մօ­տա­լուտ ան­ծա­նօ­թին սար­սա­փը։

Փո­ղո­ցին մէջ հի­մա կը կար­դա­յի բո­լոր աչ­քե­րուն խո­րը վա­խի ու զար­ման­քի խառն ար­տա­յայ­տու­թիւն մը կար­ծես։

Եւ ին­ծի այն­պէս կը թուէր թէ մեզ կը հարց­նէին այդ աչ­քե­րը։

-Դուք ին­չո՛ւ եւ ի՛նչ­պէս…։

Քա­ռորդ ժա­մը մեզ փրկած էր։

Բա­րե­կամս Սա­հակ-Մես­րոպ տա­րի մը ետք պի­տի մեկ­նէր իր աք­սո­րա­վայ­րը Տէր-Զօր։

Ես ան­կէ ա­ւե­լի բաղ­դա­ւոր ե­ղայ։

Բաղ­դա­ւո՞ր…

Թե­րեւս ա­ւե­լի դժբաղդ։

​ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՊՕ­ՂՈ­ՍԵԱՆ

Ուրբաթ, Ապրիլ 24, 2015