Խորհրդաւոր բանալին…
24 Ապրիլ 1915… 24 Ապրիլ 2015… Հարիւր տարի, 100-րդ տարելից… Մեծ եղեռնէն դար մը անց, այսօր համայն հայութիւնը կ՚ոգեկոչէ իր բիւրաւոր նահատակները, կը վերյիշէ զոհերը, որոնց դէմ գործուած ոճիրը յաջորդած տասնամեակներուն պայմանաւորեց մարդկութեան դէմ կատարուած յանցագործութիւններուն սահմանումները, բնորոշումը։
ԺԱՄԱՆԱԿ-ի այսօրուան խմբագրականին կը վերագրենք արտասովոր նշանակութիւն՝ որպէս վերապրած օրաթերթ։ Դար մը առաջ մահուան ճանապարհը բռնած, նահատակութեան պսակին արժանացած մտաւորականները մեր խոհերուն մէջ են այսօր։ Անոնց շարքին քիչ չէին ԺԱՄԱՆԱԿ-ի աշխատակիցները։ Այսօր մեր խոնարհումը կը բերենք բոլորի յիշատակին առջեւ։ Եւս առաւե՛լ, այսօր այլեւս կը խնդրենք անոնց բարեխօսութիւնը՝ քանի որ նահատակներու շարքին անոնք եւս երէկ սրբադասուեցան Հայաստեանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ կողմէ։
100-րդ տարելիցի հանգրուանին, այսօր երկու նիւթեր կը վերահրատարակենք ԺԱՄԱՆԱԿ-ի 12/25 Ապրիլ 1919 թուակիր համարէն։ Անոնցմէ մին է՝ Երուանդ Օտեանի «Փառաւորման հանդէս» խորագրեալ յօդուածը, իսկ միւսը՝ Յովհաննէս Պօղոսեանի «Անձնական յիշատակներ»ը։ Երկու նիւթերն ալ թէ՛ լոյս կը սփռեն անցեալին վրայ եւ թէ դար մը անց կրնան պայմանաւորել ամբողջ ապրուածներուն արժեւորումը։
Եթէ դար մը անց բոլորին ձգտումը մնալ կը շարունակեն՝ խաղաղութիւնը, արդարութիւնը, համերաշխութիւնը, հանդուրժողութիւնն ու համակեցութիւնը, ապա տակաւին ո՛ր խորհրդաւոր բանալիին պէտք է ապաւինիլ ժամանակի եւ տարածութեան մէջ ապրուածներու իմաստին ներթափանցելու համար։