ԺԱՄԱՆԱԿ 108 տարեկան
Եւ ահա՛ նոր այգաբաց մը... Հայ մամլոյ նահապետը կ՚ողջունէ հերթական արշալոյսը՝ որպէս կերպար ականատեսի, որպէս մարմնաւորում յիշողութեան եւ որպէս գործնական ապացոյց առաքելութեան։ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը այսօր կը թեւակոխէ իր հրատարակութեան 108-րդ տարին։ Սա այս թերթի յաղթական ու փառապանծ երթի թարմ ու շէնշող տարեմուտերէն մին է։ Սա այս թերթի ուրոյն գործունէութիւնը նորովի կշիռքի վրայ դնելու օրն է, անոր եզակի ժառանգութիւնը թարմ հայեացքով դիտարկելու պատեհ առիթը։ Պատկառելի այդ ամբողջին մէջ, ակնթարթի մը տեւողութեանմբ շունչ քաշելու պահն է այսօր՝ տարի մը եւս դիմանալու, տարի մը եւս դիմադրելու ու եւս տարի մը բոլորած ըլլալու համար։ Լրագրական ասպարէզին բնոյթը այնպէս մըն է, որ տարուան մը այդ վիթխարի ճիգին վարձատրութիւնը կ՚ըլլայ միայն ակնթարթի մը տեւողութեմբ շունչ քաշելու ազատութիւնը կամ հնարաւորութիւնը։ Գանգա՞տ. բնաւ երբեք, այս թերթը վաղուց սովոր է այդ հեւքին։
ԺԱՄԱՆԱԿ-ի տարեդարձը բնական առիթ մըն է՝ անդրադառնալու համար թէ՛ հայկական զանգուածային լրատուութեան միջոցներու աշխարհի եւ թէ թրքահայ համայնքի առկայ կացութեան։ Ո՞վ կրնայ պնդել, որ վարդագոյն համայնապատկեր մը կայ մեր աչքին առջեւ։ Ափսո՜ս... Տպագիր մամուլը կը նահանջէ ամբողջ աշխարհի մէջ։ Սա անշրջադարձելի գործընթաց մըն է, որու դէմ երթալը կարծես համազօր ըլլայ ժամանակի մսխումի։ Բայց, միեւնոյն ժամանակ, այդ տկարացման հաւանական հետեւանքները ժամանակի ընթացքին հաւասարակշռելու համար աշխարհի վրայ ձեռք կ՚առնուին շարք մը միջոցներ։ Հապա մե՞ր մօտ... Հիմնական ապաւէնը միայն նախախնամութիւնն է։ Մնացեալին մասին ին՞չ կայ մասնաւորապէս ընդգծելու։ Հակասականը այն է, որ մէկ կողմէ թէեւ կը տկարանայ մեր մամուլը եւ լրիւ անտարբերութեան կ՚ենթարկուի, իսկ միւս կողմէ տեւաբար կ՚աւելնան իրմէ ակնկալութիւնները։ Նախ եւ առաջ հաղորդակցութեան միջոցի, ազատ լրատուամիջոցի դերակատարութիւնը, որու վրայ կու գան անմիջապէս աւելնալ՝ լեզուի գործածութեան միջավայրի ստեղծումն ու անոր գոյատեւման ճանապարհին պատասխանատուութիւնը, հայապահպանման ամուր կռուան դառնալը, Հայաստան-սփիւռք զօրակցութեան քաջալերումը, լայն հասարակութեան ու անոր լրատուամիջոցներուն հետ շփումներուն մէջ անխուսափելի աշխատանքը։ Ինչպէ՞ս կարելի է այս բոլոր սպասումներուն արդարացումը ակնկալել՝ հայ իրականութեան մօտ ներկայիս առկայ մտայնութիւնով զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն պարագային։ Տրամաբանական ըլլալ կը թուի՞ լրատուամիջոցներուն համար այսքան սահմանափակ հնարաւորութիւններու տրամադրումով հանդերձ, անոնց վրայ այսքան մեծ յոյսեր դնելը։ Անիրատեսութի՞ւն, թէ արկածախնդրութիւն...
Գալով զուտ թրքահայ իրականութեան մօտ ստեղծուած կացութեան... Մեր համայնքը այսօր կը տառապի պառակտման ճիրաններուն մէջ։ Ճիշդ է ու հասկնալի, որ հայկական բոլոր գաղութներուն մօտ կան ու կ՚ըլլան ներքին հարցեր։ Բնական... Հակուած չենք հաւաքական տկարութիւններու իւրաքանչիւր դրսեւորումը արդարացնել՝ զայն անմիաբանութեամբ պայմանաւորելու մակերեսայնութեամբ։ Այդ լոզունգի ետին թաքնուիլ կը նշանակէ մեղսակցութիւն եւ անհեռատեսութիւն։ Այս բոլորով հանդերձ, վերջին տարիներուն թրքահայ համայնքին մօտ անվիճելիօրէն կարելի է նկատել յետընթաց մը։ Բեւեռացումները այն աստիճան խորացած են, որ մեր համայնքէն ներս մարդիկ, կամ զանազան խաւեր, այլեւս շատ յաճախ ի վիճակի չեն ըլլար նոյնիսկ իրենց հասարակաց շահը պաշտպանել։ Այս ծանր երեւոյթը մեր համայնքին ու մանաւանդ մամուլին տեսանկիւնէն յղի է քայքայիչ հետեւանքներու։ Առանց ողբերգութեան մը վերածելու, հարկ է արձանագրել, որ մամուլը արիւնահոսութիւն մը կ՚ապրի ներկայիս։ Խնդիրը շուտով կրնայ ահազանգային համեմատութիւններու հասնիլ եւ այս համայնքին հաւասարակշռութիւններն ալ կրնան ըլլալ տակնուվրայ...
Վերջին տարիներուն մեզի համար մարտավարութիւն մը դարձած է այս բոլորին շուրջ այսքան բա՛ց, այսքան յստա՛կ խօսիլ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի տարեդարձներուն օրը։ Համոզուած ենք, որ եթէ տակաւին մնացած է ընելիք բան մը, ապա համապատասխան մթնոլորտին մէջ կարելի է շարժման անցնիլ եռանդով, ինքնավստահութեամբ ու լաւատեսութեամբ։ Այլապէս, ըստ երեւոյթին, երկար խօսքի կարիք չկայ. այս համայնքին մէջ ցաւ ունեցողը վանելու ձգտումը կը խորանայ թափով։
ԺԱՄԱՆԱԿ-ի տարեդարձին օրը պատեհ առիթ մըն է՝ առկայ համայնապատկերը ուշադիր ուսումնասիրելու, մանաւանդ հետեւութիւններ ընելու, համապատասխան ձեւով դիրքաւորուելու առումով։ Իսկ մենք հետամուտ ենք այն մօտեցման, թէ մեր միակ պատասխանը կրնայ ըլլալ գործը, արտադրանքը։ Մնացեալ ամէն ինչ, պարզ է, որ պիտի բիւրեղանայ տարիներու հոլովոյթին մէջ, երբ հասնի պատմութեան դատաստանին ատենը։
*
Տարեդարձի օրուան յուզումով՝ երանութեամբ կ՚ոգեկոչենք ԺԱՄԱՆԱԿ-ի յաւէտ ողբացեալ մեծանուն հիմնադիրները՝ Միսաք եւ Սարգիս Գօչունեան եղբայրները։ Բի՜ւր յարգանքով կը խնկարկենք հանգուցեալ Արաքսի Գօչունեանի ազնիւ յիշատակին առջեւ։ Անսահման երախտագիտութեամբ կը վերյիշենք ողբացեալք Մարտիրոս, Մելիք եւ Արա Գօչունեան եղբայրները, որոնք երկար տասնամեակներ կայուն պահեցին այս թերթը։ Անսահման երկիւղով կը խոնարհինք անմոռանալի եւ ամենասիրելի Լիլի Գօչի բարոյական ներկայութեան առջեւ՝ վերստին արձանագրելով անոր անուրանալի ներդրումն ու վաստակը այս թերթին համար։ Մեր սրտի տրոփին մէջ են՝ Էլիզա, Սիրարփի, Մարի եւ Ալին Գօչունեան քոյրերը, որոնք անմասն չէին այս թերթի ելեւէջներէն։ Կ՚աղօթենք Գարագաշեան, Սեպուհեան, Մանուկեան, Պօղոսեան, Գալփաքճեան եւ Էպէօղլու գերդաստանաց մեզմէ անդարձ բաժնուած անդամներուն համար։ Մեր խոհերուն մէջ են թերթիս անցեալի բոլոր խմբագիրները, սիւնակագիրները, աշխատակիցները, լուսանկարիչ կամ գծանկարիչները, գրաշարները, էջադրողները, ամէն տեսակի թեքնիկ պատասխանատուները, մեքենավարները, ցրուիչները, վարչային սպասաւորները, որոնք իրենց մտքին լոյսով, բազկին ուժով, աչքին լոյսով անխնաօրէն ու ազնուութեամբ վաստակ ներդրեցին այս թերթին համար։ Առանձնապէս պարտականութիւն կը համարենք մեր հանգուցեալ ընթերցողներուն ոգեկոչումը, որովհետեւ անոնց հաւատարմութիւնը եղած էր այն անխախտ վէմը, որ ապահովեց այս թերթին անխափան գոյութիւնը՝ արդէն 108 տարիէ ի վեր։
*
Այս երկար խոհերէն ու ոգեկոչումներէն վերջ, տարեդարձի օրուան մեր ամբողջ ուրախութիւնը, հպարտութիւնը եւ յուզումը կու գանք բաժնել ԺԱՄԱՆԱԿ-ի մերօրեայ սիրելի, ազնիւ ու հաւատարիմ ընթերցողներուն հետ։ Միայն ու միայն անոնց կը վիճակի այդ զգացումներուն ըմբոշխումը՝ ամէն երեկոյ իրենց բնակարանի յարկին ներքեւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը հիւրընկալելէ բխած արդար իրաւունքով։ Անոնք աշխարհի անընդհատ հրատարակուող ամենահին հայերէն օրաթերթի ընթերցողները ըլլալու առանձնաշնորհեալ կարգավիճակի տէրն են՝ իրենց իսկ նախընտրութեամբ, նախասիրութենմբ։ Մենք գիտենք ու կը զգանք, թէ այդ հայ ընտանիքներու նուիրական երդիքին տակ հարազատի նման կ՚ընդունուի ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը, որ այլապէս չէր կրնար յարատեւել աւելի քան դար մը։ Մենք գիտենք ու կը զգանք, որ ԺԱՄԱՆԱԿ-ը իրենց յարկէն ներս անպակաս կ՚ընեն այն մարդիկ, որոնք այս թերթին միջոցաւ կը նորոգեն իրենց ուխտը՝ որպէս Մեսրոպեան բանակի մարտիկ, մշտարթուն կը պահեն հայ ժողովուրդի մէկ տարրը ըլլալու գիտակցութիւնը, կը վերահաստատեն իրենց մկրտութեան ուխտը՝ որպէս զաւակ Հայաստանեայց Առաքելական մարտիրոս, մա՛յր եկեղեցւոյ ու տակաւին մշտապէս հաղորդ կը մնան այն բոլոր վեհ արժէքներուն, որոնց հետ առընչուած է իրենց թերթին լինելութիւնը։
Տարեդարձի օրուան մեր տրամադրութիւններուն մէջ, յամենայնդէպս, անպակաս են սկզբունքայնութիւնը, վճռակամութիւնը, պայքարի ոգին ու մեր կոչումին նկատմամբ հաւատարմութիւնը։ Նո՛ր ապագայի մը սպասումով, նո՛ր տեսլականով մը կ՚ընթանայ այս թերթը, որ կը ջանայ ի գին ամէն բանի կայուն պահել իր թափը՝ հակառակ բոլոր տեղատուութիւններուն եւ մակընթացութիւններուն։ Իրեն վիճակածը պատրաստ է լիուլի ընելու այս թերթը, հնարաւորինս զերծ մնալով մեր հաւաքական կեանքի այժմու բացասական գործօններէն։
ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը անդրդուելի կը մնայ իր յանձնառութիւններուն մէջ։ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը պինդ կը մնայ իր առաքելութեան ճանապարհին։ Եւ ի վերջոյ, յոյսի եւ լոյսի խաչմերուկին, ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը հաւատարիմ կը մնայ իր հաւաքական պատասխանատուութիւններուն՝ բոլոր հարթութիւններու վրայ։
Բարին ընդ մեզ...