ԺԱՄԱՆԱԿ 109 տարեկան

ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ օ­րա­թեր­թը այ­սօր կը թե­ւա­կո­խէ իր հրա­տա­րա­կու­թեան 109-րդ տա­րին։ Հայ մամ­լոյ նա­հա­պե­տը կ՚ող­ջու­նէ տա­րե­դարձ մը եւս՝ ար­դէն իր գո­յու­թեան երկ­րորդ հա­րիւ­րա­մեա­կին մէջ։ Որ­պէս հայ աշ­խար­հի հնա­գոյն օ­րա­թեր­թը, որ կը հրա­տա­րա­կուի ա­նընդ­հատ՝ ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ի տա­րե­դարձ­նե­րը կ՚ու­նե­նան ար­տա­սո­վոր նշա­նա­կու­թիւն։ Ար­դա­րեւ, այս թեր­թի բո­լո­րած իւ­րա­քան­չիւր տա­րին կու գայ նոր մրցա­նիշ մը սահ­մա­նել մեր մամ­լոյ պատ­մու­թեան մէջ։ ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ի եր­կա­րա­կեաց գո­յու­թիւ­նը, ան­խա­փան եր­թը ուղ­ղա­կիօ­րէն կ՚ա­ռըն­չուին հայ ի­րա­կա­նու­թեան օ­րա­կար­գի զա­նա­զան ե­րե­սակ­նե­րուն։ Այս թեր­թին լի­նե­լու­թիւ­նը, ար­տադ­րու­թեան կա­յուն թա­փը, տաս­նա­մեակ­նե­րու հո­լո­վոյ­թին մէջ ա­պա­հո­ված դի­մադ­րու­թիւ­նը, տե­ւա­կա­նաց­ման ըն­դու­նա­կու­թիւն­նե­րը կ՚եր­թան ա­ռըն­չուիլ բա­զում չա­փում­նե­րու հետ՝ հայ­կա­կան ինք­նու­թեան ու մշա­կոյ­թի, հա­մա­հայ­կա­կան ժա­ռան­գու­թեան, Հա­յաս­տան-սփիւռք կա­պե­րուն, ա­մե­նա­լայն ի­մաս­տով հայ-թրքա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն, թրքա­հա­յու­թեան իւ­րա­յա­տուկ կա­ցու­թեան եւ ի­րա­ւունք­նե­րուն, ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի պահ­պա­նու­թեան պայ­քա­րին տե­սա­կէ­տէ ու մա­սամբ նո­րին, ան­շուշտ։ Ան­կա՛խ թեր­թի մը, ինք­նու­րոյն դի­մագ­ծով ու ե­զա­կի պայ­ման­նե­րով ա­նընդ­մէջ լոյս տես­նե­լը ո՛չ միայն հայ ի­րա­կա­նու­թեան մէջ, այլ նաեւ ընդ­հան­րա­պէս յատ­կան­շա­կան նիւթ մըն է, իսկ մնա­ցեալ ա­ռանձ­նա­յատ­կու­թիւն­նե­րը ե­րե­ւոյ­թը կը լրջաց­նեն ա­ռա­ւել եւս։ ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ը ե­ղած է ու կը մնայ՝ ա­կա­նա­տե­սը, մաս­նա­կիցն ու վկան այն­պի­սի դա­րա­կազ­միկ ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րու, ո­րոնց լոյ­սին տակ կը բիւ­րե­ղա­նայ հա­յու­թեան ար­դի պատ­մու­թիւ­նը։ Այդ ամ­բող­ջին մէջ թրքա­հա­յու­թիւնն ալ, որ­պէս հա­մայնք կամ հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն՝ ա­մե­նա­տա­րո­ղու­նակ ի­մաս­տով ու­նի ա­ռանց­քա­յին դիրք մը։ Եւ ան ու­նի թերթ մը, որ կանգ­նած է հայ ի­րա­կա­նու­թեան ընդ­հա­նուր ար­ժէք­նե­րու եւ հե­տաքրք­րու­թիւն­նե­րու ու տե­ղա­կան ա­ռանձ­նա­յատ­կու­թիւն­նե­րու խաչ­մե­րու­կին։ Այս բո­լո­րը կ՚ար­ձա­նագ­րուին ո՛չ թէ ինք­նա­գո­վա­սան­քի կամ գե­րա­դա­սու­թեան յա­ւակ­նու­թեան մը հա­մար։ Քաւ լի­ցի, որ մտա­դիր ըլ­լանք հե­ռա­նալ հա­մես­տու­թե­նէ։ Հար­ցը այն է, որ մա­մու­լի՛ն, զան­գուա­ծա­յին լրա­տուու­թեան մի­ջոց­նե­րուն դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը կը շա­րու­նա­կէ այ­սօր եւս մնալ հե­ռան­կա­րա­յին ու տա­կա­ւին նա­խախ­նա­մա­կան։ Հա­ղոր­դակ­ցու­թիւ­նը ներ­կայ աշ­խար­հին մէջ ինք­նավս­տահ ըն­թա­նա­լու ա­ռու­մով ե­րաշ­խիք մըն է՝ ա­ւե­լի քան եր­բեք։ Այս պա­րա­գան ան­վի­ճե­լի է նաեւ հայ ի­րա­կա­նու­թեան տե­սան­կիւ­նէն՝ մա­նա­ւանդ, որ խօս­քը կը վե­րա­բե­րի մտա­յին հար­թու­թեան վրայ հա­մա­խումբ պա­հե­լու հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն մը, որ կ՚ապ­րի ցրուած աշ­խար­հով մէկ։

Յի­շեալ բո­լոր հան­գա­մանք­նե­րը թէ­կուզ կրկնա­կի կամ բազ­մա­պա­տիկ կա­րե­ւո­րու­թիւն կը ներ­կա­յաց­նեն թրքա­հա­յու­թեան պա­րա­գա­յին։ Երբ որ հա­յա­տառ օ­րա­թեր­թի մը գո­յու­թիւ­նը այս­քան շատ ո­լոր­տի հետ կ՚ա­ռըն­չուի, այդ կէ­տին վրայ պէտք է դան­դա­ղիլ ան­խու­սա­փե­լիօ­րէն։ ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ի պա­րա­գա­յին, մաս­նա­ւո­րա­պէս, ա­նանց ար­ժէք­նե­րու դա­ւա­նե­լով եր­կա­րա­շունչ գո­յա­տեւ­ման ե­րե­ւոյ­թը կ՚ըն­կա­լուի նաեւ յա­րա­փո­փոխ ժա­մա­նակ­նե­րու գոր­ծած զա­նա­զան ա­ւեր­նե­րու պրիս­մա­կէն։ Այս թեր­թին գո­յու­թիւ­նը ինք­նա­բե­րա­բար ցոյց կու տայ կարգ մը բա­նա­լի­ներ՝ հա­յու­թեան օ­րա­կար­գի կարգ մը հրա­տապ մար­տահ­րա­ւէր­նե­րու դի­մագ­րաւ­ման ճա­նա­պար­հին։ Զար­մա­նա­լին ու հա­կա­սա­կա­նը այն է, որ եր­բեմն այդ ճա­նա­պար­հին վրայ լա­րուած ծու­ղակ­նե­րու տխրահռ­չակ հե­ղի­նակ­նե­րը կը ձգտին ա­նոր ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը ներ­կա­յաց­նել՝ սահ­մա­նա­փա­կուած զուտ խորհր­դան­շա­կան ե­րե­ւոյթ­նե­րով ու չեն կրնար հաշ­տուիլ այն ի­րո­ղու­թեամբ, թէ ա­նոր գոր­ծու­նէու­թիւ­նը կը շա­րու­նա­կուի կեն­սու­նա­կու­թեամբ։ Այդ կեն­սու­նա­կու­թեան հի­ման վրայ այս թեր­թին գո­յու­թիւ­նը կը շա­րու­նա­կուի գործ­նա­կան ի­մաս­տով եւ ան կը շա­րու­նա­կէ հան­դի­սա­նալ ազ­դակ ու նոյ­նիսկ կռուան՝ մեր հա­ւա­քա­կան կեան­քի մար­տահ­րա­ւէր­նե­րուն դի­մադ­րե­լու հա­մար։

Իւ­րա­քան­չիւր թերթ նախ եւ ա­ռաջ լրա­տուա­մի­ջոց է, իսկ ա­նոր ար­տադ­րու­թեան լե­զուն մաս կը կազ­մէ այն գոր­ծօն­նե­րու շար­քին, ո­րոնք կը պայ­մա­նա­ւո­րեն ա­նոր դի­մա­գիծն ու ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն­նե­րը։ Սա լիու­լի ի զօ­րու է նաեւ ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ի պա­րա­գա­յին։ Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նով օ­րա­թեր­թի մը հրա­տա­րա­կու­թիւ­նը չու­նի՞ խոր նշա­նա­կու­թիւն։ Այս ուղ­ղու­թեամբ բո­լո­րը կը ձե­ւաց­նեն ըլ­լալ հա­մա­միտ, իսկ ան­կեղ­ծու­թեան փոր­ձա­քարն է ար­դէն մա­մու­լին նկատ­մամբ որ­դեգ­րուած վե­րա­բեր­մուն­քը։ Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի ճա­կա­տագ­րին հետ ու­ղիղ հա­մե­մա­տու­թեան մէջ, ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէն մա­մուլն ալ այ­սօր դժբախ­տա­բար չի խնա­յուիր մեր ի­րա­կա­նու­թեան մօտ։ Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի պաշտ­պա­նի պատ­մու­ճա­նով մար­դիկ կա­մայ թէ ա­կա­մայ կը հա­րուա­ծեն մեր մա­մու­լը, ո­րու հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւն­նե­րը, հա­զար ափ­սոս, որ կա­խում ու­նին բամ­պա­կէ թե­լե­րէ։ Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի գո­յա­տեւ­ման նպա­տա­կով մի­ջոց­ներ յատ­կաց­նե­լու պո­ռո­տա­խօ­սու­թեամբ շրջա­նակ­ներ կա­մայ թէ ա­կա­մայ կու գան տակն ու վրայ ը­նել մեր մա­մու­լին գո­յա­տե­ւած մի­ջա­վայ­րը։ Ա­նոնք այն­պի­սի գոր­ծա­կից­նե­րու հետ ըն­թա­նալ կը ձգտին, որ ի­րենց նա­խընտ­րու­թիւն­նե­րը ի­րա­կա­նու­թեան մէջ կը մատ­նէ ա­նոնց իսկ բուն դէմ­քը ու կը բա­ցա­յայ­տուին ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի հա­մար թա­փուած կո­կոր­դի­լո­սի ար­ցունք­նե­րը։ Երբ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի հա­մար կեն­սա­կան է լե­զուի կրող­նե­րուն հա­մախմ­բու­մը, ան­դին մար­դիկ կը զբա­ղին այ­լընտ­րան­քա­յին ա­ռանցք­ներ ձե­ւա­ւո­րե­լով՝ ի­րենց ազ­դե­ցու­թեան տխուր պայ­քար­նե­րու ճղճիմ հա­շիւ­նե­րով։ Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը խա­ղա­քարտ մը, ման­րուք մը ե­ղած ըլ­լար կար­ծես՝ ա­նոնց մշուշ­նե­րու ե­տին թաք­նուած սա­կար­կու­թեան սե­ղան­նե­րուն վրայ։ Ի­րենց ճա­կա­տա­գի­րը ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի հետ նոյ­նա­ցու­ցած հաս­տա­տու­թիւն­նե­րը մութ ու­ժե­րու ան­տե­սա­նե­լի ձեռ­քե­րով կը խա­փա­նա­րա­րուին, կը խան­գա­րուի ա­նոնց ներ­քին հա­մե­րաշ­խու­թիւ­նը. ձեւ մը թէեւ տկա­րաց­ման ու մա­շեց­ման, սա­կայն ան­հե­ռան­կար բնա­կա­նա­բար։

ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ օ­րա­թերթն ալ ներ­կա­յիս կը պայ­քա­րի նման ե­րե­ւոյթ­նե­րու դէմ՝ շրջա­հա­յեա­ցու­թեամբ առ­նե­լով իր իւ­րա­քան­չիւր քայ­լը։ Հա­յա­պահ­պան­ման ջան­քե­րը այ­սօր կը շա­րու­նա­կուին իս­կա­պէս շատ ան­բա­րեն­պաստ պայ­ման­նե­րու եւ հա­կա­դիր հո­սանք­նե­րու ճի­րան­նե­րուն մէջ։ Մէկ կող­մէ կը նուա­զին այդ պայ­քա­րին հե­տա­մուտ­նե­րը, ա­նոնց թի­ւը կը դառ­նայ սա­կաւ, իսկ միւս կող­մէ ա­նոնք կը դառ­նան լու­սանց­քա­յին եւ չեն կրնան կա­սեց­նել ի­րենց մի­ջա­վայ­րին լճա­ցու­մը։ Առ ի չգո­յէ լա­ւա­գոյ­նին մաս­նա­գէ­տի հո­վեր ա­ռած մի­ջա­կու­թիւն­ներ կը փոր­ձեն հա­յա­պահ­պան­ման ջան­քե­րու աս­պա­րէ­զէն ներս կամք պար­տադ­րել՝ ա­պա­ւի­նե­լով մութ հո­վա­նա­ւոր­նե­րու բաժ­նած կա­շառ­քին։ Սա ար­դէն գրե­թէ թարմ օ­րա­կարգ մըն է, վեր­ջին տա­րի­նե­րուն վե­րա­դա­սա­ւո­րուած ու­ժե­րով։ Կար­ծես պա­կաս խնդիր ու­նե­ցած ըլ­լա­յինք... Կը սի­րենք հա­ւա­տալ, որ պայ­ման­նե­րը որ­քան որ բար­դա­նան՝ մեր պայ­քա­րե­լու, դի­մադ­րե­լու տրա­մադ­րու­թիւնն ալ այն­քան պի­տի բարձ­րա­նայ։ Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի ճա­կա­տա­գի­րը պէտք է փրկել հա­կա­դիր բե­ւեռ­նե­րու քաշք­շու­քի եւ լո­զունգ­նե­րու փակ շրջա­նէն։ Ա­նոնք, ո­րոնք նուի­րուած են այս պայ­քա­րին, պէտք է հասկ­նան՝ որ պատ­մու­թեան առ­ջեւ ի­րենց պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւնն է մնալ հա­մա­խումբ, միաս­նա­կան ու ներ­դաշ­նակ եւ չտա­րուիլ ար­հես­տա­կան գոր­ծօն­նե­րէ, ո­րոնք գե­տին կը պատ­րաս­տեն պա­ռակտ­ման։

ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ օ­րա­թեր­թը հա­ւա­տա­րիմ է՝ որ­պէս ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէն լրա­տուա­մի­ջոց գո­յա­տե­ւե­լու տես­լա­կա­նին։ Այս թեր­թը այդ ի­տէա­լը ար­դա­րաց­նե­լու գլխա­ւոր գրա­ւա­կա­նը կը հա­մա­րէ՝ հնա­րա­ւո­րինս քայլ պա­հել ժա­մա­նակ­նե­րուն հետ, գոր­ծու­նէու­թիւ­նը շա­րու­նա­կել ինք­նա­կա­տա­րե­լա­գործ­ման վե­րա­նո­րոգ ձգտու­մով, միշտ մնա­լով ա­ռողջ ու նպա­տա­կաս­լաց հար­թակ մը եւ ի վեր­ջոյ ըլ­լա­լով այն հե­ռա­տես խո­շո­րա­ցոյ­ցը, ո­րու ճշգրիտ ոսպ­նեա­կին ներ­քեւ ինք­նա­բե­րա­բար կը զա­տո­րո­շուին մնա­յունն ու գնա­յու­նը։ Այս հա­շուար­կին մէջ թե­րա­ցում­նե­րէ զերծ մնա­լու, սայ­թա­քում­նե­րու դէմ ա­պա­հո­վագ­րուե­լու հիմ­նա­կան ե­րաշ­խիքն է՝ ըլ­լալ ան­կեղծ ժո­ղո­վուր­դին առ­ջեւ։ Հա­մո­զուած ենք, որ ա­ւե­լի քան դար մը իր ըն­թեր­ցող­նե­րուն հետ վստա­հու­թեան ոս­կէ կա­մուր­ջը հաս­տա­տած այս թեր­թը տա­կա­ւին պի­տի կա­րե­նայ տո­կալ իր առ­ջեւ ցցուած դժուա­րու­թիւն­նե­րուն։ Մենք գի­տենք ու կը զգանք, որ ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ի ըն­թեր­ցող­նե­րը ա­մէն օր այս թեր­թը ի­րենց յար­կէն ներս կ՚ըն­դու­նին յա­մա­ռօ­րէն, զայն կը հիւ­րըն­կա­լեն հա­ւա­տար­մօ­րէն ու զայն կ՚ող­ջու­նեն որ­պէս պտու­ղը՝ խումբ մը նուի­րեալ­նե­րու հա­մո­զուած աշ­խա­տան­քի, անձ­նու­րաց ջան­քե­րու յաղ­թա­նա­կին։ Այդ յաղ­թա­նա­կի ար­դիւն­քին վա­յել­քը ար­դէն ա­ւե­լի քան դա­րէ մը ի վեր դար­ձած է ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ օ­րա­թեր­թի ազ­նիւ ու ան­զու­գա­կան ըն­թեր­ցող­նե­րուն ա­ռանձ­նաշ­նոր­հեալ պա­տի­ւը։ Տա­րե­դար­ձի օ­րը մե­զի հա­մար նախ եւ ա­ռաջ ա­ռիթ մըն է՝ վե­րա­նո­րո­գե­լու հա­մար մեր սէրն ու յար­գան­քը ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ի ըն­թեր­ցող­նե­րուն նկատ­մամբ եւ ա­նոնց առ­ջեւ թար­մաց­նե­լու մեր անվ­հատ աշ­խա­տան­քի վճռա­կա­մու­թիւ­նը՝ ա­պա­ւի­նե­լով բո­լո­րի բա­րի կա­մե­ցո­ղու­թեան ու քա­ջա­լե­րան­քին, նաեւ նա­խախ­նա­մու­թեան վե­րին զօ­րակ­ցու­թեան։

*

Տա­րե­դար­ձի օ­րուան յու­զու­մով՝ ե­րա­նու­թեամբ կ՚ո­գե­կո­չենք ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ի յա­ւէտ ող­բա­ցեալ մե­ծա­նուն հիմ­նա­դիր­նե­րը՝ Մի­սաք եւ Սար­գիս Գօ­չու­ն­­եան եղ­բայր­նե­րը։ Բի՜ւր յար­գան­քով կը խնկար­կենք հան­գու­ցեալ Ա­րաք­սի Գօ­չու­նեա­նի ազ­նիւ յի­շա­տա­կին առ­ջեւ։ Ան­սահ­ման ե­րախ­տա­գի­տու­թեամբ կը վեր­յի­շենք ող­բա­ցեալք Մար­տի­րոս, Մե­լիք եւ Ա­րա Գօ­չու­նեան եղ­բայր­նե­րը, ո­րոնք եր­կար տաս­նա­մեակ­ներ կա­յուն պա­հե­ցին այս թեր­թը։ Ան­սահ­ման եր­կիւ­ղով կը խո­նար­հինք ան­մո­ռա­նա­լի եւ ա­մե­նա­սի­րե­լի Լի­լի Գօ­չի բա­րո­յա­կան ներ­կա­յու­թեան առ­ջեւ՝ վերս­տին ար­ձա­նագ­րե­լով ա­նոր ա­նու­րա­նա­լի ներ­դը-րումն ու վաս­տա­կը այս թեր­թին հա­մար։ Մեր սրտի տրո­փին մէջ են՝ Է­լի­զա, Սի­րար­փի, Մա­րի եւ Ա­լին Գօ­չու­նեան քոյ­րե­րը, ո­րոնք ան­մասն չէին այս թեր­թի ե­լե­ւէջ­նե­րէն։ Կ՚ա­ղօ­թենք Գա­րա­գա­շեան, Սե­պու­հեան, Մա­նու­կեան, Պօ­ղո­սեան, Գալ­փաք­ճեան եւ Է­պէօղ­լու գեր­դաս­տա­նաց մեզ­մէ ան­դարձ բաժ­նո­ւած ան­դամ­նե­րուն հա­մար։ Մեր խո­հե­րուն մէջ են թեր­թիս ան­ցեա­լի բո­լոր խմբա­գիր­նե­րը, սիւ­նա­կա­գիր­նե­րը, աշ­խա­տա­կից­նե­րը, լու­սան­կա­րիչ կամ գծան­կա­րիչ­նե­րը, գրա­շար­նե­րը, է­ջադ­րող­նե­րը, ա­մէն տե­սա­կի թեք­նիկ պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը, մե­քե­նա­վար­նե­րը, ցրուիչ­նե­րը, վար­չա­յին սպա­սա­ւոր­նե­րը, ո­րոնք ի­րենց մտքին լոյ­սով, բազ­կին ու­ժով, աչ­քին լոյ­սով անխ­նաօ­րէն ու ազ­նուու­թեամբ վաս­տակ ներդ­րե­ցին այս թեր­թին հա­մար։ Ա­ռանձ­նա­պէս պար­տա­կա­նու­թիւն կը հա­մա­րենք մեր հան­գու­ցեալ ըն­թեր­ցող­նե­րուն ո­գե­կո­չու­մը, ո­րով­հե­տեւ ա­նոնց հա­ւա­տար­մու­թիւ­նը ե­ղած էր այն ան­խախտ վէ­մը, որ ա­պա­հո­վեց այս թեր­թին ան­խա­փան գո­յու­թիւ­նը՝ ար­դէն 108 տա­րիէ ի վե­ր։

*

ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ի բո­լո­րած տա­րի­նե­րու շղթա­յին վրայ ա­ւել­ցած ոս­կէ օ­ղա­կը այ­սօր կը ջեր­մաց­նէ մեր սրտե­րը ու մեր բո­լո­րը լա­ւա­տե­սու­թեամբ կը տո­գո­րէ՝ շա­րու­նա­կե­լու հա­մար այս անկրկ­նե­լի մրցա­նի­շա­յին ճա­նա­պար­հոր­դու­թիւ­նը։ Իւ­րա­քան­չիւր Հոկ­տեմ­բե­րի 28-ի այ­գա­բա­ցը մե­զի կ՚ա­ւե­տէ նո՛ր հանգ­րուան մը, մեր առ­ջեւ կ՚ու­րուագ­ծէ նոր հո­րի­զոն մը, ուր կը բիւ­րե­ղա­նայ ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ օ­րա­թեր­թի գոր­ծու­նէու­թեան, ա­ռա­քե­լու­թեան ի­մաս­տը՝ նո՛ր ձեռք­բե­րում­նե­րու սպա­սու­մով ու նո­րո­վի՛ հաս­տա­տա­կա­մու­թեամբ։

Ու­րեմն, սի­րե­լի ըն­թեր­ցող­ներ, մին­չեւ յա­ջորդ տա­րի...

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 28, 2016