Դարու մը առարկայական հաշուեկշիռը
Դար մը առաջ, երբ Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը ստեղծուեցաւ, երկրագունդը տակնուվրայ էր։ Բաւարար է յիշել՝ նախորդած Ա. Աշխարհամարտը, որ անթիւ զոհեր խլած ու աննկարագրելի աւերներու պատճառ դարձած էր։ Արիւնալի, ողբերգական դէպքերուն կարեւոր մասը տեղի ունցած էին նոյն տարածքներուն վրայ, ուր յաջորդ քայլափոխին Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը գոյացաւ։ Միջազգային յարաբերութիւններու արդի տրամաբանութենէն բխած բառամթերքով՝ նոր աշխարհակարգ մը ձեւաւորելու պայքարը կար եւ այդ մէկը մարդկութիւնը տարաւ հասցուց մինչեւ Բ. Աշխարհամարտը։ Միայն այդ փուլէն վերջ՝ որպէս այդպիսին հաստատուեցաւ աշխարհակարգ մը, որ քանի մը տասնամեակ միջազգային հաւասարակշռութիւնները բաւարարեց։
Թուրքիոյ Հանրապետութեան պատմութիւնը ուսանելի է. պետականութիւն մը՝ թէ՛ համաշխարհային պատերազմի մը զուգահեռ ծնած եւ թէ համաշխարհային ուրիշ պատերազմ մը դիմագրաւած։
Այսօր ալ երկրագունդի վրայ նոր աշխարհակարգ մը հաստատելու սաստիկ պայքարը ընթացքի մէջ է։ Միջազգային բեմահարթակի վրայ ահաւոր քաոս մը նկատելի է։ Միջպետական դաշինքներն ու յարաբերութիւններու ընթացքը հունէ դուրս եկած են։ Արիւնալի, ողբերգական իրադարձութիւնները այնպիսի համեմատութիւններու հասած են, որ չափազանցութիւն չեն համարուիր այն մեկնաբանութիւնները, ըստ որոնց երրորդ աշխարհամարտը արդէն ծագած է։
Դար մը առաջուան բաղդատմամբ Թուրքիոյ Հանրապետութեան պարագային կան էական փոփոխութիւններ։ Այժմու արիւնալի իրադարձութիւններու ուղղակի թատերաբեմը հանդիսանալէ հեռու է երկրին տարածքները։ Ան այսօր դարձած է միջազգային բոլորովին տարբեր կշիռով ու ազդեցութեամբ դերակատար մը։ Թուրքիան այսօր բոլոր առումներով որակը փոխած պետութիւն մըն է, տարածաշրջանային եւ համաշխարհային իրադարձութիւններու ո՛չ ենթարկուողն է՝ ո՛չ ալ կրաւորական դիտորդը։
Անշուշտ, բոլոր պետութիւններուն նման, Թուրքիան ալ ունի հիմնախնդիրներ, մարտահրաւէրներ եւ խոցելի կէտեր։ Կարեւորը այն է, որ ան այդ բոլորը կը դիմագրաւէ՝ որպէս կայացած պետութիւն, հաստատութենական մտայնութեամբ եւ արհեստավարժ համակարգով։ Պատմութիւնը ցոյց կու տայ, որ պետութիւններու կեանքին մէջ ալ կ՚արձանագրուին տեղատուութիւններ եւ մակընթացութիւններ։ Վերելքը կամ անկումը յարատեւ չեն։ Թուրքիան կրնայ դասուիլ այն լիարժէք պետութիւններու շարքին, որ վերելքի շրջաններու ձեռքբերումները կը վերածէ երկարաժամկէտ արդիւնքներու, որոնք նեղ ժամանակներու մէջ կը պայմանաւորեն դիմադրութեան ընդունակութիւն ու ներուժ։ Այս յարաբերակցութիւնը եւս պատմականօրէն ուսանելի է Թուրքիոյ պարագային՝ ընդհուպ մինչեւ աշխարհի յաւակնոտ պետական միաւորները կամ վարչամեքենաները։
Վէճէ դուրս է, որ Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակի յոբելեանը կը համընկնի՝ փայլուն վերելքի բոլոր նախադրեալներով ժամանակներու՝ ի վայելումն անխտիր բոլոր քաղաքացիներուն, որոնց մղած համակեցութեան պայքարն ալ, իր հերթին, իրերամերժ բոլոր հոսանքներով հանդերձ, կը պայմանաւորէ երկրի եւ հասարակութեան կայունութեան ենթագետինը։