ԴԷՊԻ ԱՊԱԳԱՅ ՆՈ՛Ր ԽԱՉՄԵՐՈՒԿ…

Այսօր տակաւին կ՚ապրին ներկայացուցիչները այն սերունդներուն, որոնց համար գրելու հիմնական խորհրդանշանը կամ միջոցը գրիչն է։ Թէեւ տակաւին ամէնուրեք կը շարունակուի գրիչներու համատարած վաճառքը, սակայն անոնք ականատես կ՚ըլլան, որ գրիչը հետզհետէ կը փոխարինուի զանազան ձեւաչափերէ ստեղնաշարերու կողմէ՝ որպէս գրելու հիմնական խորհրդանշան կամ միջոց։ Գիրին հետ յարաբերութիւնը առանցքային է ժամանակներու հոլովոյթին մէջ։

Հապա ժամանակներո՞ւն հետ յարաբերութիւնը… Մարդկութիւնը ժամանակի սահմանումներուն հետ յարաբերուած է զանազան ձեւերով ու միջոցներով։ Այստեղ ալ հիմնական խորհրդանշանը կը համարուի օրացոյցը։ Թէեւ տակաւին անոնց վաճառքն ալ համատարած կը շարունակուի ամէնուրեք, սակայն…

Նոր տարի մը դիմաւորելու պատկերաւոր բացատրութիւնը՝ տակաւին շատերուն համար օրացոյցի էջ մը թերթելն է։ Այդպիսի պատկերացումով սերունդներու ներկայացուցիչներն ալ թէեւ տակաւին շատ են, բայց անոնք ալ ականատես կը դառնան այդ խորհրդանշանի հետզհետէ փոխարինուելուն՝ ինչ-ի՜նչ ձեւաչափերով։

Աներեւակայելի ապագայ ժամանակներու այս խաչմերուկին՝ բարի գալուստ 2024-ին… 

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 30, 2023