Պատմութիւն, կրկնութիւն, խաղաղութիւն եւ 2016 թուականը…
Ժողովրդական իմաստութիւնը կատարեալ կը ցոլացնէ կեանքի առարկայական ճշմարտութիւնները. դիպուկ, պարզ ու խորքային։ Ընկերային գիտութիւններու մարզին մէջ, մանաւանդ, գիտնականներու տեսութիւնները որքան որ ալ ամուր բանաձեւուած ըլլան, պատճառահետեւանքային կապերը որքան որ ալ բիւրեղացած ըլլան՝ ժողովրդական իմաստութիւնը կու գայ զանոնք լրացնել իր փորձաքարով։ Սա չափանիշ է, միանշանակ...
Յաճախ կ՚ըսուի, որ մարդ արարածը իր ունեցածին արժէքը կրնայ լաւագոյնս գնահատել՝ միայն զայն կորսնցնելէ վերջ։ Իսկապէս ալ կեանքի ճշմարտութիւնը յաճախ կ՚արդարացնէ այս խօսքը։ Առաւել չափով առողջութեան պարագային կ՚օգտագործուի, կարծես, այս արտայայտութիւնը, սակայն երեւոյթը այդքան ալ տարբեր չէ խաղաղութեան տեսանկիւնէն։ Խաղաղութեան մաղթանքը լոզունգի մը նման կը կրկնուի տեւաբար։ Հապա ձգտումը...
Աշխարհ այսօր կը դիմաւորէ նոր տարի մը եւս։ Մարդկութիւնը կը թեւակոխէ նոր հան-գրուան մը։ Մոլորակը անժամանակ իր երթին շրջագծով հերթական անգամ կը թարմացնէ օրացոյցը։ Եւ ուրեմն 2016...
Համայն աշխարհ 2015 թուականին նշեց Բ. Աշխարհամարտի վերջաւորութեան 70-րդ տարեդարձը։ Մարդկութեան այժմու կեանքը, համաշխարհային ներկայ կարգը բնորոշելու առընթեր, այդ ահաւոր պատերազմը պայմանաւորած է նաեւ անոր արդի հաւաքական միտքը, արժեհամակարգը։ Անցեալ տարի երկար խօսուեցաւ Երկրորդ Համաշխարհային պատերազմէն քաղուելիք դասերուն շուրջ։ ՄԱԿ-ի ամպիոնէն աշխարհի ղեկավարները հանդէս եկան լորցնաշուրթն ճառերով։ Երկրագունդի խոշորագոյն քաղաքներուն մէջ կազմակերպուեցան շքեղ արարողութիւններ։ Եւ այդ բոլորէն վերջ, ին՞չ է մարդկութեան մեծագոյն մաղթանքն ու սպասումը 2016-ի տարեմուտին։ Խաղաղութի՜ւն։ Անփոփոխ մաղթանքը, որու շարունակական կրկնութիւնը կարծես սկսած է սպառնալ իմաստազրկութեան վտանգ։
Բ. Աշխարհամարտէն ի վեր առաջին անգամ, ըստ երեւոյթին, մարդկութիւնը այսքան մտահոգ կը դիմաւորէ նոր տարի մը։ Ճիշդ է, որ Պաղ պատերազմի տարիներուն լարուածութիւնը նուազ չէր, սակայն ուժային յարաբերակցութիւններն ու ճամբարները, դիրքերն ու խաղի կանոնները գոնէ աւելի յստակ էին։ Այսօր աշխարհի վրայ առկայ է աննախընթաց բեւեռացում մը։ Դիրքերը յստակ չեն, իսկ ճամբարները դարձած են լպրծուն, շահերու պղտոր յարաբերակցութիւնով հանդերձ։ Անորոշութիւնն ու անկանխատեսելիութիւնը կը բազմապատկեն բոլոր սպառնալիքները։ Աւելի՛ն, շահերը կը թաքցուին մարդոց նուիրականութիւններու ետին, կը խօսուի քաղաքակրթուիւններու պատերազմի մը մասին։ Այսինքն եթէ ցայսօր թշնամութիւններուն պատճառն էր մարդուն ունեցածը կամ չունեցածը, ապա այսօր հասած ենք կէտի մը, ուր ատելութեան, ոչնչացման պատճառ կը դառնայ մարդուն ի՛նչ ըլլալը։
Որքան որ ալ մանրամասնենք այս տարեմուտի ֆոնի համայնապատկերը՝ ակնյայտ իրականութիւնը նոյնն է։ Խաղաղութիւնը անհրաժեշտ է աւելի քան երբեք։
Պատմութիւնը լի է դասերով, իսկ Բ. Աշխարհամարտին դառն փորձառութիւնը ապրած սերունդներէն մարդիկ տակաւին կենդանի են՝ իրենց վկայութիւններով։ Խաղաղութեան արժէքը պէտք է վերըմբռնել հերթական անգամ զայն կորսնցնելո՞վ։ Արի՞ւն պէտք է, զոհե՞ր, թէ արտասուք։ Եթէ ամէն ինչի արժէքին գիտակցելու համար անհրաժեշտ է ամէն անգամ զայն կորսնցնել ու վերագտնել հազար ողբերգութեամբ, ապա ի՛նչ պէտք է հաս-կընալ այն խօսքէն, թէ պատմութիւնը կրկնութիւն է։ Ինքնաքննադատութի՞ւն, թէ անմտութիւն։
Շնորհաւոր Ամանոր։