Անսահմանելին…

Օրացոյցն ու ժամացոյցը, ըստ էութեան, կարգապահութեան երկու հիմնական խորհրդանշան կը համարուին։ Նոր տարուայ իմաստին հետ ուղիղ համեմատութեան մէջ չէ՞ ժամանակի սահմանումը։

Նիւթի մը մասին արտայայտուիլը դժուար կ՚ըլլայ, խորքին մէջ, երկու պատճառով. կա՛մ շատ ծաւալուն ամբողջ մը կը կազմէ ինքնին եւ կամ անոր մասին չես ունենար բաւարար, նուազագոյն տեղեկութիւնը։ Ժամանակը որպէս այդպիսին ծաւալուն ամբողջ մըն ալ չէ՝ քանի անսահման է իր էութեամբ։ Անսահմանելին սահմանելու մասին, անշուշտ, պէտք չէ մտածել։ Խօսքը դժուարութենէ խուսափելու մասին չէ, պարզապէս, անկարելիին վրայ միտք յոգնեցնելը կրնայ այնպիսի վերացականութեան մը հասցնել, որ մարդ կրնայ կաթուածահար դառնալ։

Ժամանակի հարցը հանելուկներու հանելուկն է։ Մարդ անոր ներթափանցելու կարելիութիւնը կրնայ ունենալ՝ միայն իր վկայութեան ու փորձառութեան լոյսին տակ։ Թէեւ սա բացարձակապէս չի գոհացներ զինքը, բայց, կը յօժարի ստիպողաբար։ Եւ քանի մարդ անծայրածիր ժամնաակը ըմբռնել կը ջանայ իր իսկ փորձառութեան եւ վկայութեան հիման վրայ, ապա օրացոյցն ու ժամացոյցը ինքնաբերաբար կը վերածուին ժամանակի սահմանումի։ Խօսքը չի վերաբերիր սահմանման միջոցի, այլ՝ ուղղակի սահմանման։

Կուտակուած հարցականները չեն պակսիր, ընդհակառակն։ Իւրաքանչիւրի վկայութիւնն ու փորձառութիւնը տարբեր, տարատեսակ սահմանումներ կրնան վերագրել ժամանակի հասկացութեան՝ ըստ սեփական ենթակայականութեան։

Ու վրայ կը հասնի շրջանառութեան մէջ մտնել ժամանակի արժեւորման պարագան։ Սա կարծես լռելեայն ժամանակը մոռնալու ձեւ մըն է։ Թէեւ այդ արժեւորում ըսուածն ալ, իրականութեան մէջ, շատ ենթակայական է, բայց, մարդիկ յաճախ անոր մէջ կը տեսնեն անսահման ժամանակի դէմ դիմադրելու երանգ մը՝ յիշուելու կամ յիշողութեան ձեւաչափին մէջ։ Ժամանակի հանելուկն ու կեանքի խորհուրդը ունին իրենց փիլիսոփայութիւնները, որոնք յաճախ զիրար կը լրացնեն եւ անոնց մէջէն անպակաս է նաեւ մխիթարութեան երանգը։ Ժամանակն ու կեանքը ունին նաեւ իւրաքանչիւրին համար վերապահուած նուէրներ։

Ամանորի տրամադրութեան յարի՞ր է փակ շրջաններու մասին խօսիլը։ Անոնք միշտ ալ ինքզինքնին չե՞ն պարտադրեր։ Բայց, մարդ նաեւ ըմբոստ չէ՞ պարտադրանքներու դէմ։

Կեանքի վերանորոգ նուէրը չէ՞ սիրելիներու հետ նոր տարիներ ողջունելը, անսահմանը իւրովի սահմանելու միասնական ջանքը եւ անճարութեան դէմ ասպարէզ կարդալը։

*

Ինչե՞ր գիտենք օրացոյցի մասին…

1. Հոկտեմբեր ամիսը կը սկսի միշտ շաբթուան այն միեւնոյն օրով, որով սկսած էր յունուար ամիսը:

2. Յուլիսը կը սկսի միշտ շաբթուան այն միեւնոյն օրով, որով սկսած էր ապրիլը:

3. Դեկտեմբերը կը սկսի միշտ շաբթուան այն միեւնոյն օրով, որով սկսած էր սեպտեմբերը:

4. Փետրուարը, մարտն ու նոյեմբերը կը սկսին միշտ շաբթուան միեւնոյն օրով:

5. 12 ամիսներէն մայիսը, յունիսն ու օգոստոսն են միայն, որ կը սկսին տարբեր օրերով:

6. Տարին կը վերջանայ միշտ այն միեւնոյն օրով, որով սկսած էր:

7. Վերի օրէնքներուն չեն հպատակիր միայն ամիսները նահանջ տարիի մը, ինչպէս էր հերու:

8. Դար մը երբեք չի կրնար սկսիլ չորեքշաբթի, ուրբաթ կամ կիրակի օրով մը:

9. Միեւնոյն օրացոյցը կրնայ գործածուիլ 28 տարին անգամ մը:

Խորհո՞ւրդ, զարմանալի՞ք, գաղտնի՞ք, հաշուա՞րկ, թէ ոչ բոլորը միասին…

*

Ուրեմն, շնորհաւոր Ամանոր 2025։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 31, 2024