ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ զանգերը այսօր դարձեալ կը ղօղանջեն Սուրբ Յարութեան աւետիսով։ Շնորհաւո՜ր հայուն Զատիկը…
Սուրբ Յարութեան տաղաւարը կու գայ վերանորոգել հայ-քրիստոնեային յոյսը, նաեւ էութիւնը՝ անհատական ու հաւաքական ապրումներով հանդերձ։ Ապրելու եւ վերապրելու ընդունակութեան տաղաւարն է այս մէկը։ Հայկազեան տոհմի գոյատեւելու, յարատեւելու յամառութեան գաղտնիքները վերստին կը բացայայտուին՝ տօնական խորհուրդի ընդմէջէն։ Աշխարհասփիւռ ժողովուրդի մը զաւակները այսօր դարձեալ իրարու կը բանան իրենց սիրտը եւ իրարու կը բացուին տաղաւարի աւետիսով. Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց։
Այս Զատիկին դարձեալ ամպամած է հայոց երկնակամարը։ Երկիր Նայիրին չի շողար արեւու ճոխ ճառագայթներուն մէջ։ Արցախէն մինչեւ սփիւռքի հեռաւոր անկիւնները՝ տագնապալի է ամէնուրեք։ Հայաստանի սահմանին կանգնած զինուորէն, մինչեւ սփիւռքի վարժարանի մայրենիի ուսուցիչը՝ մտահոգութիւն, խռովութիւն եւ, յամենայնդէպս յամառ ջանք՝ յոյսէն, ապագայի նկատմամբ լաւատեսութենէն չհեռանալու համար։ Չկտրուելու համար այն վճռակամութենէն, որ վերանորոգ կը պահէ յոյսը՝ հայ-քրիստոնեային յոյսը, որպէսզի Բարձրեալի Աջը հովանի ըլլայ իր վրայ, հսկէ իր փոքրիկ ածուն։
Եւ տօնական աւետիսը այս Զատիկին ալ հայ-քրիստոնեային շրթներէն կը հնչէ այդ նոյն թեթեւութեամբ, լաւատեսութեամբ եւ ո՜վ գիտէ, նաեւ միամտութեամբ.
Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց…