ՏԱՐԻՆ

Կեանքէն տարեթիւ մըն ալ գլորեցաւ, անցաւ...

Լաւը, վատը մէկդի՝ պարտ ենք տարուան հրաժեշտ տալ եւ հրաժեշտի պահուն խոկում մըն ալ նուիրել ակնթարթներուն, անցեալ դարձած ցաւերուն, որոնք իրենց խորութեամբ անբաժան են մեզմէ, բայց պէտք չէ խախտել արարողակարգը:

Դէպի ետ հայեացք մը՝ անցեալ տարեմուտը իր ուրոյն կեցուածքով, խրոխտութեամբ, յաղթութեամբ կը յայտնուի: Այդ պահը, երբ չէինք զգար մեր ունեցածին արժէքը, դժգոհ էինք, իսկ հիմա՞...

Եւ ամիսները կը յաջորդեն իրարու, յուշ առ յուշ կը շարուին դէպքերը, կը վիճին անոնք փորձելով մէկը միւսէն առաջ անցնիլ, յուշերուն սկիզբի էջերուն շարուիլ, քանի առաջիններուն հանդէպ ուշադրութիւնը աւելի սեւեռուն կ՚ըլլայ:

Խառնիճաղանճ վիճակ մը՝ համաճարակ, պատերազմ, օտարութիւն, կարօտ, Շուշի, Արցախ, ԱԹՍ, թանկ, համազա՛րկ, մեկուսացում, դիմակներ, Գորիս, գերիներ, անհետ կորսուածներ, Հատրութ, արցախցիներ, նահատակնե՜ր...

Ոլորապտոյտ ընթացքով պատկերաւոր բառերը կը դառնան միտքին մէջ, կ՚ուզեն խլել առաջին ուշադրութիւնը, մինչ կեդրոնացումը մոլորած՝ կը փորձէ մէկը որսալ, արագ կողմնորոշուիլ ու ընտրել ճիշդը: Ան բարձրաձայն ժխորէն մեկուսացողի պէս պահիկ մը կ՚առանձնանայ, կը զգայ կարօտը քիչ առաջ կարդացած նամակին եղբօր ձեռամբ գրուած, տարինե՜րու կարօտ եւ՝ «Անիծեա՛լ համաճարակը» կը շշնջայ ինքնիրեն:

Երէկը կը ցցուի յանկարծ շուկայական իր կերպարով՝

-Արցախի նուռ է, քուրօ ճան,- կ՚ըսէր պտղավաճառը, երբ՝

-Ո՞ւր է Արցախը, ախբե՛րս, ինչի թողեցի՞ն, ասա Ատրպէյճանից է,- վրդոված կ՚ընդմիջէր յաճախորդ մը:

Քիչ անդին հագուստի վաճառասրահէն ելլող կին մը իր ուղեկիցին՝

-Զզւում եմ թաւիշից, էլ թաւիշ չեմ հագուելու, վատ յիշողութիւններ է արթնացնում,- կը գանգատէր:

Միւս կողմէն փողոցներուն մէջ, պողոտաներուն վրայ, այս ցուրտին, ահագնացած են մուրացիկները, մէկը՝ երեք, չորս դարձած:

Հոն հայկական արտադրութիւն վաճառող խանութէ մը ելլողը՝

-Էլ հայկականից բացին չեմ գնելու,- կ՚արտայայտուէր կողքինին հետ զրոյցի պահուն:

Կիսատօնական մթնոլորտը կը նկատուէր փողոցը, բայց իւրաքանչիւր անցորդի, իւրաքանչիւր գնում կատարողի, իւրաքանչիւր վաճառողի հայեացքներէն կը հոսէր նոյն թախիծը, նոյն ցաւը, ընկճումը, յուսալքումը եւ կարծես ամէն ոք կ՚ուզէր յոյսին, նոյնիսկ եթէ թափանցիկ, տարազ մը հագցնել:

Պատկերաւոր բառերուն վէճը կը շարունակուի, կը բախին անոնք իրարու, կ՚եռան կարծես սրճեփին մէջ մոռցուած ջուրին պէս, որ գունդերու կը վերածուի ու կը բարձրանայ, կը շոգիանան անկէ կաթիլներ՝ սպասումէն յոգնած, մնացածը կը մաքառի կրակին եւ օդին միջեւ եւ տաք մետաղով պաշտպանուած կ՚ուզէ մնալ ու դիմանալ մինչեւ սուրճին փշրանքներուն հպումը:

Նահատակներուն կենդանի պատկերները կ՚երեւին եւ Եռաբլուրի հողաթումբերը կը յայտնուին՝ երազանք, սէր, ընտանիք, ապագա՛յ գրկող հողաթումբեր... կեդրոնացումը ի վերջոյ կանգ կ՚առնէ այս արժանիին քով եւ որպէս տարուան արգասիք կը մնայ պատկերը անկատար տենջերուն եւ ծաղիկ հողաթումբերուն, եւ՝

«Ողորմութիւնը ու ճշմարտութիւնը իրարու պատահեցան, արդարութիւնը ու խաղաղութիւնը իրար համբուրեցին:

Ճշմարտութիւնը երկրէն պիտի բուսնի ու արդարութիւնը երկնքէն վար պիտի նայի:

Տէրը բարութիւն պիտի տայ ու մեր երկիրը՝ իր պտուղը:

Արդարութիւնը անոր առջեւէն պիտի երթայ ու գնացքները ճամբու պիտի դնէ» (Սաղմոս 85 - 10,11,12,13) կը շշնջայ ինքնիրեն:

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Յունուար 1, 2021