ԵՕԹԱՆԱՍՈՒՆԱՄԵԱԿ 1951-2021. ԳԱՐԵԳԻՆ Ա. ՅՈՎՍԷՓԵԱՆՑ ԳԻՏՆԱԿԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԿՏԱԿԸ

ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ԿՏԱԿԸ

Պիտի հարցնէք, թէ ի՛նչ կրնար ըլլալ Կիլիկիոյ մեծանուն եւ գինական Գարեգին Ա. Հայրապետին կտակը ուղիղ 70 տարիներ առաջ: 1950 թուականի Գահիրէի իր ամառնային արձակուրդին, ուր Եգիպտոսի բուրգերուն ստորոտը գտնուող յայտնի հիւրանոցին մեծ հիւրն էր Հայրապետը, երկու եգիպտահայ ուսանողներս Նուպար Քիւփէլեանն ու ես գացեր էինք իր Աջն առնելու ու օրհնութիւնը ստանալու: Անթիլիաս վերադարձին Կաթողիկոսարանին մէջ Գարեգին Կաթողիկոս իր մօտ կը կանչէր տաղանդաւոր երաժշտագէտն ու մեր ուսուցիչը՝ Համբարձում Պէրպէրեանը, յանձնարարելով որ Վարդանանց Հերոսամարտի 1500-ամեակի բացառիկ առիթով երաժշտական վայելուչ համերգ մը պատրաստէր: Մեր ուսանողութեան շրջանը ըլլալով պրն. Պէրպէրեան յայտնեց ծրագիրը եւ ընտրեց ձայնեղ տղաքն ու սկսաւ գործի:

Տաղանդաւոր երաժշտագէտը նախ պիտի
 ընտրէր լաւագոյն բնագիրը, զոր պիտի վերածէր հագներգութեան 
(Քանթաթայի) եւ այդ բնագիրը միայն մեծանուն բանաստեղծ Վահան Թէքէեանի «Խորհուրդ Վարդանանց» նոյնքան հանճարեղ բանաստեղծութիւնը պիտի ըլլար: Հիմնական աշխատանքը Դպրեվանքին մէջ կատարելէ ետք մասնագէտ երգիչներ, լրիւ նուագային գործիքներու մասնակցութեամբ, տարուան մը ընթացքին Համբարձում Պէրպէրեան կարողացաւ Խորհուրդ Վարդանանց Քանթաթան ստեղծագործել որ շուտով համերգային պետական եւ յայտնի սրահներու մէջ իր հռչակը տարածեց:

Առաջին պատեհութեամբ Գարեգին Հայրապետի հովանաւորութեամբ 1951 թուականի փետրուարի 1-ին, կիրակի օր, յոբելենական տարիին բացումը կը կատարուէր Կաթողիկոսութեան Մայր տաճարին մէջ մատուցուած եպիսկոպոսական Պատարագի աւարտին ու առաջին անգամն ըլլալով՝ համանուագը կը հնչէր ի ներկայութեան հազարաւոր ժողովուրդի: Ականատեսի վկայութեամբ է, որ գրի կ՚առնեմ սոյն տողերը: Երգչախումբի նախնագոյն մասնակիցներէն ընտրեալներու կարգին պիտի ըլլային նաեւ Վաչէ Արքեպիսկոպոս Յովսէփեան, այն ատեն սարկաւագ, եւ Ընծայարանի Ա. կարգի ուսանող՝ տողերս արձանագրողը:

ՀՈՅԱԿԱՊ ՀԱՄԱՆՈՒԱԳ

Այս եղաւ Սրբազնագոյն Հայրապետ Տ.Տ. Գարեգին Ա. Կաթողիկոսի կտակը, բոլորովին տարբեր ուրիշներու թողած կտակներէն: Դարձաւ միջազգային ստեղծագործութիւն սփիւռքի տարածքին եւ Հայաստանի մէջ: Հայրապետական կտակը դարձաւ մնայուն՝ աշխարհին ցոյց տալով երաժշտական հոյակապ համերգ մը իր լիիրաւ բովանդակութեամբ եւ բարձրօրէն արժանի Հայ ժողովուրդին հոգեհարազատ 451 թուի Վարդանանց հերոսամարտին: Խորապէս տպաւորիչ այս համանուագը մնաց իմ յիշողութեան մէջ անխախտ: Հանդիսացաւ մեր ժամանակներու հայ երաժշտութեան գլուխ գործոցը, ինչպէս կը վկայէր հանգուցեալ երաժշտագէտ փրոֆ. Յակոբ Փիտէճեան՝ Պէրպէրեանի աշակերտն ու հիացողը: Մտովի միշտ կ՚երգեմ հետզհետէ իրազեկ դառնալով երաժշտութեան վերիվայրումներուն, կառուցուածքային նրբերանգներուն ու շեշտադրումներուն՝ մտածուած եւ նրբագոյնս հետեւողական:

Այնքան զգայուն եւ իմաստալից այս համանուագը «լուռ ու լուրջ գիշերով» մը կը սկսի, «հսկած բանակին շուրջ», հսկումի արարողութեամբ, եկեղեցիներու կոչնակներու ղօղանջին ներքեւ: «Խթում է կարծես», ամէն կողմ սեղան Սուրբ Հաղորդութեան մատակարարման համար, «մոմերով ու երէցներով», նոյնքան պատրաստ զինակիցներուն համար, գլխաւորութեամբ Ղեւոնդ Երէցի: «Բանակը ճաշակ կ՚առնէ այս գիշեր», երբ ամենէն վերջը Զօրավար Վարդան Մամիկոնեան «գլխաբաց կու գայ հաղորդուիլ արեամբն Յիսուսի»:

ՀԵՐՈՍԱՄԱՐՏԸ ԿԸ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԻ

Արական նրբագոյն ձայնով մեներգիչը կու տայ մարտահրաւէրը՝ «Վասն Յիսուսի, վասն հայրենեաց յառա՛ջ»: Այստեղ երաժշտութիւնն է, որ պատերազմի դաշտ կը դառնայ ինքնին՝ թմբուկներու, ծնծղաներու եւ փողերական գործիքներու համոյթով մը, ձայնեղ եւ սրտառուչ, որոնց կը հետեւի Զօրավարին հրամանը, այս բոլորը մեծ բանաստեղծ Թէքէեանի թռիչքով եւ երաժշտագէտին տաղանդով, ծաւալուն երկսեռ երգչախումբով եւ լման նուագախումբով: Կը լսենք ու կը հիանանք, թէ ինչպէս երաժշտական ձայներն ու ելեւէջները կը հրաւիրեն «երկինքն այս գիշեր երկիրը կ՚օրրէ»: Եւ մինչդեռ կռիւը կը լսուի իր լիաբուռն երաժշտութեամբ, յանկարծ կը մեղմանան, շատ կը մեղմանան, յայտնելու համար Զօրավար Վարդան Մամիկոնեանի նահատակութիւնը՝ իր «անմահ հոգին» ետին ձգելով:

Քանթաթան իր վեհաշունչ եզրափակիչ ու վերասլաց երգով կը վկայէ, թէ «դարերը կ՚անցնին, բայց Վարդանը քաջ, բայց Վարդանը սուրբ, կ՚երթայ միշտ յառաջ»: Տարին յոբելենական տարի ըլլալով սոյն ստեղծագործութիւնը ներկայացուեցաւ Լիբանանի, Երեւանի, Պոսթոնի եւ Նիւ Եորքի մէջ յաջորդաբար: Բախտաւորութիւնը ունեցայ վերջին անգամ Նիւ Եորքի ծանօթ երաժշտասրահին մէջ, հայոց եւ ամերիկացիներու խուռներամ ներկայութեան մատուցուած համերգին, այս անգամ գերազանց, ղեկավարութեանը ներքեւ Համբարձում Պէրպէրեանի: Փիտէճեանի վկայութեամբ՝ Պէրպէրեան 20-րդ դարու հայ մեծագոյն երաժշտագէտը կը հանդիսանար, ինչպէս դար մը աւելի կանուխ՝ Կոմիտաս Վարդապետ:

ՎԱՀԷ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆԻ ԿՏԱԿԸ

Համբարձում Պէրպէրեանի արժանաւոր որդին, թաւջութակահար Վահէ Պէրպէրեան, եղաւ իմ մտերիմը: Այժմ հանգուցեալ Վահէն որ ատեն մըն ալ մեր ուսուցիչը եղաւ Դպրեվանքէն ներս, յաճախ կը հեռաձայնէր: Օր մը յայտնեց, թէ Վարդանանց Օրաթորիոյին վերջնական եւ լաւագոյն օրինակը իր քովն էր եւ կ՚ուզէր ապահով տեղ մը հասցնել: Քեզի կը վստահիմ, ըսելով ղրկեց եւ այժմ իմ մօտ կը գտնուի վերջնագոյն եւ լաւագոյն տարբերակը, լրիւ երգչախումբի եւ նուագախումբի նօթերով, քսան էջ: Այդ մասին տեղեակ պահեցի փրոֆ. Գրիգոր Փիտէճեանը, օր մըն ալ ընտիր այս օրինակը իրեն ցոյց տալու եւ յանձնելու: Չհասայ սակայն եւ Փիտէճեան իր մահկանացուն կնքեց:

Մտքէս անցաւ, արդեօք կրնայի՞ Internet-ին մէջ գտնել ուղղակի քանթաթային կատարումը՝ թերեւս մեծանուն հեղինակին ճպոտին ներքեւ: Գտայ եւ սակայն շատ հեռու մեր գիտցածէն: Երգչախումբը տկար, ղեկավարը նորընծայ, նուագները ոչ-իրական գործիքներով՝ այլ երիզներու վերարտադրութեամբ, շատ դանդաղ եւ միապաղաղ ընթացքով: Կը մնան միայն Երջանկայիշատակ Գարեգին Մեծ Հայրապետին կտակն ու Համբարձում Պէրպէրեանի գերազանց ստեղծագործութիւնը:

ՏՔԹ. ԶԱՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

Երկուշաբթի, Փետրուար 1, 2021