ՄԱՆԿԻԿ. ՓՈՔՐ ԵՐԵԽԱՆԵՐՈՒ ԽՆԱՄԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ՝ ԾՆԱԾ ՎԱՅՐԿԵԱՆԷՆ ՄԻՆՉԵՒ 3-4 ՏԱՐԵԿԱՆ ՀԱՍԱԿԸ
Բ.
ՆՈՐԱԾԻՆ ԵՐԵԽԱՆ ԵՒ ԱՌԱՋԻՆ ԽՆԱՄՔՆԵՐԸ
Մինչեւ ծնունդը նախապատրաստութիւններ: Պորտը կտրելն ու կապելը: Ի՞նչ է «շապիկով ծնիլը»: Նորածինին գլուխը: Նորածինը լոգցնելը: Նորածինին աչքերուն խնամատարութիւնը: Փաթաթելն ու քնացնելը: Առաջին ծիծ տալը: Մեկոնիոն եւ երեխային դուրս ելլելը:
Նորածինին գլուխը. եթէ ծնունդը դժուար ելած է, մանուկին գլուխը այլակերպուած կ՚ըլլայ, ան երկարած է եւ սրածայր (տե՛ս նկ. 6, 7, 8, 9, 10, 11): Մայրը կամ տատմայրը սովորութիւն ունին գլուխը սեղմել: Ատիկա կրնայ վտանգաւոր ըլլալ, որովհետեւ պինդ սեղմելով շատ դիւրին կարելի է մեծամեծ վնասներ հասցնել երեխային, եւ նոյնիսկ սպաննել զինք: Աւելի լաւ է ընդհանրապէս ձեռք չտալ: Երբեմն, ճիշդ է, որ տձեւ կ՚ըլլայ նորածինին գլուխը եւ կրնայ սարսափեցնել մայրը: Սակայն, պէտք չէ ատկէ վախնալ, որովհետեւ վաղ թէ ուշ (երբեմն մի քանի շաբթուան ընթացքին) գլուխին ձեւը կ՚ուղղուի: Մեր մէջ սովորութիւն կայ նոյնպէս թեւերն ու ոտքերը մերսել, քիթը ուղղել, եւ այլն: Խորհուրդ կու տանք այս բոլորէն հետու մնալ:
Մեկոնիոն կամ նորածինին աղբը. ծնելէն մէկ-երկու ժամ ետք, երեխան առաջին կղկղանքը կ՚արտաթորէ, որ մեկոնիոն կը կոչուի: Ասիկա մածուցիկ նիւթ մըն է, մուգ գոյնով, գրեթէ անհոտ եւ քիչ մը թթու: Ան իր մէջ մաշկային բջիջներ, աղիքներու բջիջներ, մազեր, ճարպային նիւթեր, լեղի, եւ այլն կը պարունակէ: Մեկոնիոնի քանակութիւնը մեծ չէ, բայց արտաթորումը երկու-երեք օր կը շարունակուի: Մօր առաջին կաթը՝ դալը, լուծողական զօրութիւն ունի եւ այդ սկզբնական աղբին դուրս գալը կը դիւրացնէ: Այնպէս որ, եթէ երեխային փորը չոր է, մայրը պէտք է անոր ծիծ տայ, իսկ եթէ այդ ալ չօգնէ, պէտք է գոլ ջուրով հոքնա դնել, որուն կարելի է կա՛մ լուծողական ձէթ, կա՛մ ալ կլիսերին (glicérine), մէկ թէյի դգալ՝ կէս բաժակ ջուրի մէջ: Մենք լուծողականներ տալուն հակառակ ենք, որովհետեւ անոնք երեխային ստամոքսը կը գրգռեն. սակայն, եթէ երկու-երեք օր արտաթորում չկայ եւ գտնուած տեղը բժիշկ չկայ, անհրաժեշտ է երեխային քիչ մը նշաձէթ տալ (թէյի դգալով):
Գ.
ՄԱՇԿԸ ԵՒ ԱՆՈՐ ԽՆԱՄԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆԸ
Մաշկը եւ անոր գոյնը: Նորածինին մաշկին առանձնայատկութիւնները: Մաքրութեան անհրաժեշտութիւնը: Սապոնի աղի գործածութիւնը: Վաննա: Ջուրին տաքութիւնը: Ի՞նչ պարագայի պէտք չէ լոգցնել: Ե՞րբ պէտք է լոգցնել: Վաննային ազդեցութիւնը երեխային վրայ: Բաղնիք տանիլն ու Մկրտութեան լուացումը: Գլուխին խնամումը: Երեխան չորցնելը: Մասնաւոր լուացում:
Մաշկը եւ անոր գոյնը. նորածին երեխային մաշկը կարմրագոյն է, եւ այս գոյնը 3-5 օր կը մնայ: Եթէ մատով սեղմենք, կարմրութիւնը կ՚անցնի եւ մաշկը մի քանի երկվայրկեան դեղին գոյն կը ստանայ: Հինգերորդ օրէն ան դեղնագոյն կը դառնայ եւ ութերորդ ու տասներորդ օրը արդէն իր բնական գոյնը կը ստանայ ու թափանցիկ կը դառնայ:
Ընդհանրապէս, նորածին մանուկին մաշկը չափազանց նուրբ եւ բարակ է, այդ պատճառով ալ մեծ դիւրութեամբ կը գրգռուի, մանաւանդ այն տեղերը՝ ուր փոնթեր կան, ինչպէս՝ թեւերուն տակերը, աճուկներուն, նստատեղիին: Մաշկին մէջ մեծ քանակութեամբ արեան անօթներ կը տարածուին, որոնք արիւնով լեցուած են եւ մաշկին կարմրաւոյն գոյն կու տան: Տաք արիւնը մաշկին մէջ լեցուելով, անշուշտ, կը սառի, եւ այդ է պատճառը, որ երեխան աւելի դիւրութեամբ կը մսի՝ քան տարիքոտը, որու մաշկին վերի շերտը աւելի հաստ է եւ աւելի քիչ արիւն կ՚անցնի անոր տակով, արիւնն ալ աւելի դանդաղ կը հոսի, քան երեխայինը:
Նորածինին ամբողջ մարմինը նոր աղուամազով ծածկուած կ՚ըլլայ, որ շուտով կը թափի:
Բազմաթիւ երեխաներ մազերը իրենց գլուխին կը ծնին: Գլուխին ճարպային գեղձերը առատ նիւթեր կ՚արտաթորեն, եւ մանուկին գլուխին մաշկը ծածկուած կ՚ըլլայ ճարպային նիւթերու հաստ շերտերով:
Առաջին ամսուան ընթացքին քրտինք գրեթէ չի՛ նկատուիր. միայն երկորդ-երրորդ ամիսէն կը սկսի քրտնային գեղձերուն գործունէութիւնը: Մանուկին մաշկը չափազանց հարուստ է ջիղերով, համեմատելով մեծահասակի մաշկին: Ասիկա կը նշանակէ, որ եթէ հաւասար կտորներ վերցնենք երեխային ու մեծահասակին մաշկէն, առաջինին մէջ աւելի շատ ջիղային թելեր կը գտնենք, քան վերջինիս: Այս պատճառով երեխային մորթը աւելի զգայուն է, աւելի դիւրին կը կարմրի, երբ գրգռումի կ՚ենթարկուի: Մայրերը ասիկա պէտք է լա՛ւ հասկնան:
Մաքրութեան անհրաժեշտութիւնը. նորածին երեխային մարմինը ճարպային նիւթերով եւ արիւնով ծածկուած կ՚ըլլայ, մարմինին եւս մազեր կպած կ՚ըլլան, իսկ գլուխը եւ ոտքերուն ծալուածքները ծածկուած կ՚ըլլան տեսակ մը մածուցիկ նիւթով: Նորածինին մաշկը մաքրելու համար պէտք է նախ մարմինին վրայ որեւէ մէկ ճարպային բան քսել եւ յետոյ լոգցնել: Մեր ժողովուրդին մէջ այդ նպատակով հաւկիթի դեղնուց կը գործածեն, եւ ատիկա շատ լաւ է: Նոյնպէս կարելի է վազելին քսել, քոլտ-քրեմ, ձիթենիի ձէթ, նոր կարագ: Հասարակ օճառները երեխային մաշկը կը գրգռեն, իսկ եթէ գործածեն ալ, պէտք է ընտրել մանկական ամենէն քնքոյշ օճառը (օրինակ՝ հաւկիթի կամ կլիսերինի օճառ): Խորհուրդ կու տանք օճառը լեզուին քսել, եւ եթէ չթթուեցնէ, կարելի է գործածել:
Սակայն, ամենէն փափուկ օճառը նոյնիսկ երեխային մաշկը կը գրգռէ, եթէ յաճախ եւ ամէն օր կը քսեն: Ընդհանրապէս մէկ շաբթուան ընթացքին բաւարար է երկու անգամ օճառ քսել, միւս լոգանքները առանց օճառի պէտք է ընել: Գլուխը, սակայն, շատ կը ճարպակալէ եւ պէտք է աւելի յաճախ օճառ քսել: Մեր մէջ սովորութիւն կայ յօդերու ծալլուածքներուն, վիզի կաշիի փոնթերուն միջեւ աղ ցանել: Աղը, իրապէս, ճարպային նիւթերը կը հեռացնէ, եւ այդ կողմէն անոր գործածութիւնը օգտակար է: Բայց միաժամանակ ան մաշկը կը գրգռէ, կարմրութիւնը կը յառաջացնէ, որ ամէն պարագայի ցանկալի չէ: Այս հիման վրայ, մենք խորհուրդ կու տանք աղ չգործածել, այլ՝ եթէ կարիք կայ, բաւարարուիլ զանազան ալիւրներով (բրիձի, օսլայ եւ դեղատան փոշիներ). միաժամանակ պէտք չէ մոռնալ, որ մաշկը կարմրելէն ու բորբոքելէն պաշտպանելու համար ամենէն լաւ միջոցը մաքրութիւնն է, որ պէտք է խստութեամբ պահպանուի, ինչպէս կը բացատրենք:
Ինչպէ՞ս պէտք է լոգցնել. պէտք է մետաղէ շինուած վաննա գործածել (տե՛ս նկ. 12): Այն պէտք է փոքր եւ շատ խոր չըլլայ: Վաննայի յատակին պէտք է փափուկ կտոր մը փռել (օրինակ, մի քանի անգամ ծալած ֆլանել): Ով վաննա չունի, կրնայ չօգտագործած մաքուր տաշտ գործածել: Սակայն տաշտը կը ճաթի եւ ճեղքերուն մէջ կեղտ կը հաւաքուի, այնպէս որ ամէն անգամ գործածելէ առաջ անհրաժեշտ է եռացած ջուրով, օճառով եւ խոզանակով լաւ մը մաքրել: Ամէն պարագայի այդ տաշտը այլեւս ուրիշ բանի (լուացքի, եւ այլն) պէտք չէ գործածել: Լաւ կ՚ըլլայ վաննային վրայ սաւան մը փռել եւ երեխան սաւանին վրայով ընկղմել ջուրը:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 5
Վաղարշապատ