ՓՈՔՐ ԵՒ ՄԻՋԱԿ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ ԱՊԱԳԱՆ

Բոլոր երկիրները իրենց ստեղծման օրէն, իրենց ներած  ու հնարաւոր կարողութիւններով կը ջանան ապահովագրել աւելի պայծառ ապագայ: Աշխարհը, այո, երկար քաղաքական պատմութիւն ունի պետութիւններու կայացման առումով, բայց 21-րդ դարու քաղաքական, այսպէս ըսած, ճարտարագիտութեամբ եւ տարբեր տեսութիւններով կը քննարկուին փոքր եւ միջակ պետութիւններու զարգացման ուղիները եւ տնտեսական ու քաղաքական համարկումները: Շատ յաճախ առաջ կը քաշուին արդի դրամատիրական մօտեցումներով եւ «միքրօ փոլիթիքս»ով եւ ճկուն քաղաքականութիւններու ցուցանիշներով յաջողած ու ձախողած պետութիւներու օրինակները: Եւ ինչքան ալ յարաբերական սեպուին եւ աշխահագրական պարագաներու ենթարկուին երկրի մը յաջողութեան, բարօրութեան ու հարստացման իրողութիւնները, մշտապէս աչքի առջեւ կան յաջողած ու, այսպէս ըսած, կերպար յառաջացնող երկիրներու օրինակը, ինչպէս՝ շատ մը երկիրներու համար Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները:

Բնականաբար արդի աշխարհը աւելի բացուելով ուղղուեցաւ դէպի միաբեւեռութիւն եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ ամէն տեղ աւելի աշխուժօրէն ներկայութիւն ունեցաւ։ Հակառակ բազմաթիւ սպասումներու, կայ Չինաստանի ասպարէզ գալը, բայց տակաւին ռազմականօրէն կը թուի, թէ անիկա  չէ  որոշած միջամտութիւններ կատարել: Բնականաբար հիմա ընթացող ռուս-ուքրանական եւ ռուս-արեւմտեան դիմակայութեան ֆոնին վրայ եւս շատ բան կրնայ յստականալ, բայց միշտ փոքր ու միջակ երկիրները կը մնան առաւել լծուած իրենց ապագային մասին օր ու գիշեր մտածելու ու տքնելու, որպէսզի գտնուին «ճիշդ ուղղութեան» վրայ եւ սայթաքումներ չունենան:

Տեւաբար մեծ քաղաքական ու տնտեսական պլոքները ներկայ եղած են Համաշխարհային երկրորդ պատերազմէն վերջ եւ անոնք ընդհանուր գիծերը ստեղծած են մեր աշխարհին: Ներկայիս այդ պլոքներու ամենափայլուն մարմնաւորումներէն մէկը Եւրոպական Միութիւնն է, որ քաշողականութիւն ու մանաւանդ՝ տնտեսական ու օրինական դրականութիւն մը ապահոված կը թուի ըլլալ միւս պետութիւններուն համար: Մեծ եւ զարգացած պլոքի մը հետ միացումը, բնականաբար, միջակ ու մանաւանդ պզտիկ երկիրի մը համար աւելի հանգստութիւն մը պիտի ստեղծէր եւ պահելով ինքնիշխանութեան աստիճանը (ինչպէս այս պարագային Եւրոմիութեան մէջ է)՝ անիկա պիտի կարենայ աւելի լաւ ապագայ կերտել ընդհանուր շրջագիծի մը մէջ, թէեւ Եւրոմիութիւնը կը համարուի «քրիստոնէական ակումբ» կամ յատուկ մշակոյթ կրողներու տեղ: Նոր բռնկած ռուս-ուքրանական պատերազմով շատ կը խօսուի նոյնինքն բացայայտօրէն Ռուսաստանի կողմէ նոր Սովետական Միութեան մը կազմութեան մասին, որուն տարազը կրնայ տարբեր ըլլալ նախկինէն, բայց միեւնոյն ժամանակ այն երկիրները, որոնք փոքր ու միջակ են ու կը գտնուին ուղղակի կամ անուղղակի Ռուսաստանի անվտանգութեան հովանիին տակ, կրնան միանալ Ռուսաստանի եւ այդ միութեան ընդմէջէն Եւրոմիութեան ու անոր անվտանգութեան հովանոց ՆԱԹՕ-ին դիմաց հակակշիռ մը ստեղել:

Վերջին տասնհինգ տարուայ պատերազմները Միջին Արեւելքի, Հիւսիսային Ափրիկէի եւ զանազան տեղերու մէջ այն տպաւորութիւնն ու մտավախութիւնը յառաջացուցին փոքր ու միջակ պետութիւններուն մօտ, թէ իրենք միշտ ենթակայ են յարձակման՝ իրենց դրացիներուն կողմէ, կամ ներքին խլրտումերու ենթակայ ըլլալով՝ անվտանգային համակարգ չեն կրնար ստեղծել ժողովրդավարութեամբ կամ նոյնիսկ բռնատիրութեամբ: Եւ մշտապէս այդ պատճառով նոր աշխարհը ինչքան ալ ազատական ու բաց համակարգերով բանեցաւ, տակաւին փոքր ու միջակ երկիրները մեծ փնտռտուքի մէջ են եւ այդ կրնայ յաջորդ շրջանին միջազգային յարաբերութիւնները մղել ուրիշ տեսակի, տեղական պաղ պատերազմներու: Այս ենթահողով պարզ մարդոց ու նոյնիսկ ժողովուրդներու երազած «Bonne epic»ը (համաշխարհային երկու պատերազմերու միջեւ եղած խաղաղ ժամանակաշրջանը), որ ձեւով մը եւ առաւելապէս ապահովուած էր Եւրոպայի մէջ, նորէն խախտուելու վարկածը կը դիմագրաւէ, հակառակ մարդկային հասարակութիւններու զարգացման:

Փոքր եւ միջակ երկիրները ինչո՞ւ այդքան մտահոգ են, հակառակ որ այն տպաւորութիւնն ու դրուածքը կայ միջազգային յարաբերութիւններու մէջ, թէ անոնք են պահողը միջազգային խաղաղասիրական ու հանդարտ, նաեւ յարաբերական արդարական իրավիճակը, մէկ պատճառով որ ինքնըստինքեան մեծ բախումներու ընթացքին նոյն այդ պզտիկ ու միջակ երկիրները ամենամեծ մտահոգութիւնը կ՚ապրին քաւութեան նոխազ դառնալու:

Բնականաբար, այս բոլոր մեր նշածներու կողքին միշտ պէտք չէ շրջանցնել որեւէ տուեալ փոքր ու միջակ երկրի իրաւականութեան աստիճանը, միջազգային օրէնքով հաստատագրուած առաւել կամ պակաս իրաւունքները ու արդարացիութիւնը եւ բնութագրական գիծերը:

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

27 փետրուար 2022

Երեքշաբթի, Մարտ 1, 2022