«ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԱՅՔԱՐ» (ՊԱԻՍԻՈՍ ԱԹՈՍԱՑԻ)

ԶՂՋՈՒՄԸ ՄԵԾ ԶՕՐՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԻ

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ ԿԵԱՆՔԻ ՄԷՋ

-Ո՜վ Ռոնտա. մարդ երբ իր կեանքին ընթացքը կը փոխէ, պէ՞տք է ուշադրութիւն դարձնէ մարդոց իր մասին կազմած մտածումներուն վրայ:

-Եսասիրութեամբ պիտի չփորձէ ուրիշները ուղղել: Եթէ ուշադրութիւն դարձնէ իր մտածումները բարելաւելու եւ ամրացնելու, ապա ուրիշներուն կարծիքները անպայմանօրէն պիտի անտեսէ: Եթէ իր մեղաւոր կեանքին յիշատակը մնայ ընկերութեան կամ իր նեղ շրջանակին մէջ, ապա իր լաւ վերաբերմունքը բաւարար է անոր նշանները թաղելու եւ մարելու զանոնք: Այն ատեն Աստուած է, որ կը խօսի՝ իր ապաշխարութեան միջոցով:

«ՄԵՂՔՍ ՄԻՇՏ ԴԻՄԱՑՍ Է» (ՍՂ 50.3)

-Ո՜վ Ռոնտա. օգտակա՞ր է արդեօք մեղքերը արձանագրելը, որպէսզի չմոռնանք ու պահենք զանոնք մինչեւ խոստովանութեան ժամանակ:

-Երբ իրապէս կը ցաւիմ սխալի մը համար՝ զոր գործեցի, ապա չեմ կրնար մոռնալ զայն, մնայուն կերպով կը յիշեմ զայն, հոգիս կը ցաւի ու խիղճս կը տանջէ զիս: Եւ ինչքան երկարի ընթացքը՝ որ ես խոստովանիմ զայն, այդ սխալը կը բորբոքի մէջս՝ որով ինքզինքս կը յանդիմանեմ: Ճի՛շդ է, որ կը ցաւիմ, սակայն յարմար վարձատրութիւն մը կը սպասեմ Աստուծմէ: Իսկ եթէ մեղք մը գործեցի ու մոռցայ զայն, ապա խղճահարութիւն, կամ յանդիմանութիւն, կամ ցաւ չեմ զգար, այս պատճառով ալ շատեր կը սկսին ծիծաղիլ երբ անոնց նկատողութիւն կը կատարուի մեղք մը գործած ըլլալնուն, ու ատոր մէջ [ծիծաղելուն] անտարբերութիւն եւ անկրթութիւն կայ: Կը յիշե՞ս Դաւիթի ըսածը. «Որովհետեւ կը խոստովանիմ թերութիւնս եւ կը զգուշանամ մեղքէս» (Սղ 37.18), եւ՝ «մեղքս միշտ դիմացս է» (Սղ 50.3): Աստուած ներեց անոր, սակայն եւ այնպէս, ուշադիր ըլլալուն համար ան կը ցաւի եւ մնայուն կերպով աստուածային մխիթարութիւնը կ՚ընդունի:

Կարգ մը մարդիկ կը մոլորին իրենց կատարած անձնական քննութեան համար: Իրենց յանցանքները կ՚արձանագրեն եւ մանրակրկիտ աշխատանք կը տանին, կարծես թէ մաղէ անցընեն զանոնք, որով կը յոգնին: Եթէ այդիսիները իրենց մեծ սխալները բռնեն -ամէն մէկը իր եղածով- եւ պայքարեցան զանոնք ուղղելու համար, ապա փոքր յանցանքները կ՚անհետանան:

-Ո՜վ Ռոնտա. եթէ մարդ մը զԱստուած կը փառաւորէ, սակայն զղջումի մէջ չ՚ապրիր, Աստուած այդ փառաբանութիւնը կ՚ընդունի՞:

-Ո՛չ: Աստուած ինչպէ՞ս ընդունի այդ փառաբանութիւնը: Մարդը զղջումի կարիք ունի: Ի՞նչ օգուտ պիտի տայ իրեն, ըսել՝ «փառք Քեզի, ո՜վ լոյսի Արարիչ», երբ ինք իր մեղքին մէջ ընկղած է: Միակ օգտակար եւ պատշաճ բանը ըսելն է.

-Աստուա՜ծ իմ, շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Քեզի, որ շանթ մը չիջեցուցիր վրաս՝ որ զիս այրէ:

Այս խօսքերուն մէջ անկեղծ զղջում կայ:

ՊԱՐՏԱԴՐՈՒԱԾ ԶՂՋՈՒՄԸ

-Ո՜վ Ռոնտա. Աբբա Իսահակը կը գրէ. «Իւրաքանչիւր ո՛չ ցանկալի զղջում, որմէ ուրախութիւն չի ծագիր, վարձատրութեան արժանի չի՛ համարուիր»: Ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ, որ մարդ ոչ ցանկալի զղջում մը ունենայ:

-Մարդ կը ստիպուի զղջալու՝ որովհետեւ ուրիշներուն աչքէն ինկած է: Սակայն անոր զղջումը խոնարհութեան կը կարօտի:

-Հետեւաբար, զղջում կայ, որ մեր կամքէն դո՞ւրս է:

-Այո՛: Պարտադրուած զղջումն է: Այսինքն՝ քեզի թողութիւն կը խնդրեմ չարիքի մը համար՝ որ քու նկատմամբդ գործեցի, փախչելով հետեւանքներէն, սակայն առանց ներքնապէս փոխուելու: Սատանայական մարդը զղջում կը ձեւացնէ եւ խորամանկութեամբ կ՚ընթանայ, հսկումներ կ՚ընէ կեղծ բարեպաշտութեամբ, որպէսզի մոլորեցնէ ուրիշները: Կրնայ ըլլալ, որ մէկը հոգեւոր հօր մօտ երթայ ու խոստովանի իր մեղքերը, վախնալով դժոխք երթալէն: Ասիկա եւ միւսը զղջումէն չեն: Իսկական զղջումը այն է, որ մարդ զգայ իր յանցանքը, ցաւի, Աստուծմէ ներողութիւն խնդրէ, եւ ի վերջոյ՝ խոստովանի: Այդ ատեն աստուածային մխիթարութիւնը կ՚իջնէ իր վրան: Այդ պատճառով միշտ կը խրատեմ զղջալ ու խոստովանիլ, եւ ո՛չ թէ միայն խոստովանիլ կը խրատեմ:

Երբ զօրաւոր երկրաշարժ մը կը պատահի, կը նկատուի, որ լաւ մտադրութիւն ունեցողները կը դողան, կը զղջան ու իրենց կեանքին ընթացքը կը փոխեն: Մինչ, մեծամասնութիւնը, պահուան մը համար կ՚ազդուին երկրաշարժին պատահած ժամանակ, եւ վտանգին անցնելէն ետք կը վերադառնան իրենց բնականոն կեանքին: Այդ պատճառով, երբ մէկը ինծի տեղեկացնէ, թէ քաղաքին մէջ ուր կը բնակի երկրաշարժ տեղի ունեցաւ, կը հարցնեմ անոր.

-Զօրաւոր ցնցո՞ւմ զգացիք. երկրաշարժը ձեզ ձեր քունէն արթնցո՞ւց:

Եւ երբ պատասխանէ ինծի.

-Այո՛, արթնցուց մեզ:

Կ՚ըսեմ անոր.

-Սակայն, կրկին անգամ պիտի քնանաք:

ԶՂՋՈՒՄԸ ԱՍՏՈՒԱԾԱՅԻՆ ՄԽԻԹԱՐՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ԲԵՐԷ

-Ո՜վ Ռոնտա. ի՞նչ է աստուածային մխիթարութիւնը:

-Ի՞նչ է աստուածային մխիթարութիւնը. քեզի օրինակ մը պիտի տամ, որ պիտի օգնէ քեզի աւելի լաւ հասկնալու համար:

Փոքրիկ մը սխալ մը կը գործէ, ինչպէս օրինակ՝ իր հօր իրերէն բան մը կը ջարդէ, որով կը նեղուի ու կու լայ, կարծելով, թէ ատիկա մեծ սխալ մըն է: Եւ ինչքան որ սկսի շատ լալ ու խոստովանիլ իր սխալը, այդքանով իր հօր քնքշանքն ու մխիթարութիւնը կ՚աւելնան.

-Լա՜ւ, տղաս, մի՛ նեղուիր: Հարց չկայ, ջարդուածին փոխարէն նոր մը կը գնենք:

Այս տղուն չափազանց ուշադրութեան պատճառով, որ իր հօր սէրը կ՚աւելցնէ, իր լացը կը շատնայ ու կ՚ըսէ.

-Դուն հիմա այդ իրին կարիքը ունիս, իսկ ես զայն ջարդեցի:

Ապա հայրը կը հասկցնէ անոր, որ այդ իրը հին էր եւ այդքան ալ արժէքաւոր չէր, ու տղան իրեն կը մօտեցնէ, կը սեղմէ իր կուրծքին, կը գուրգուրայ ու կը համբուրէ զայն:

Նմանապէս, մարդ ինչքան նեղուի ու ցաւի իր մեղաւոր վիճակին եւ իր լաւութիւնը անտեսելուն համար եւ անկեղծութեամբ կու լայ՝ որովհետեւ զԱստուած նեղացուցած է իր մեղքերով, ապա Աստուած կը վարձատրէ զինք աստուածային մխիթարութեամբ եւ անոր ներքին խաղաղութիւն կը պարգեւէ: Այս տխրութեան մէջ ցաւ կայ, ինչպէս նաեւ անոր մէջ յոյս եւ մխիթարութիւն կայ:

Ով որ աստուածային մխիթարութիւնը կ՚ուզէ, թող չփնտռէ զայն: Պէտք է զգայ իր յանցանքը ու զղջայ, եւ այն ատեն աստուածային մխիթարութիւնը ինքնաբերաբար կը հանգչի իր վրան:

Անգամ մը, Սուրբ Լերան վրայ հարց մը ծագեցաւ եւ ոմանք մեղադրուեցան այդ հարցը յառաջացնելուն մէջ: Պատահմամբ հանդիպեցայ այդ մարդոցմէ մէկուն, որ ըսաւ ինծի.

-Քեզ կը փնտռէի, կ՚ուզէի տեսնել քեզ, որպէսզի մխիթարես զիս:

Մէկը խիստ կերպով յանդիմանած էր զինք, եւ արդարացի էր: Զարմացայ՝ երբ լսեցի զինք. մեղաւոր էր եւ մխիթարութիւն կը խնդրէր: Պէտք է խոնարհէր ու ըսէր.

-Աստուած իմ, մեղանչեցի. որով աստուածային մխիթարութիւնը կը հանգչէր իր վրայ: Մեղաւոր ըլլալով հանդերձ, կ՚ուզէր որ ըսէի իրեն.

-Մի՛ նեղուիր, յանցանքդ մեծ չէր, յանցանքը միայն քու վրադ չէ, այլ՝ միւսին վրայ եւս: Թող յստակ ըլլայ, որ այս խօսքերը մխիթարութիւն չեն, որովհետեւ աստուածային մխիթարութիւնը զղջումէն կու գայ: 

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 28

10 մարտ 2021, Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Ապրիլ 1, 2021