ՆՇԱՆԱՒՈՐ ՄԱՐԴԻԿ, ՈՐՈՆՔ ԴՊՐՈՑԷՆ ԴՈՒՐՍ ՄՆԱՑԱԾ ԵՆ

Մանուկներու եւ պատանիներու համար անշուշտ կենսական է ընկերային, ուսումնական եւ կրթական առումներով դպրոցի մթնոլորտին մէջ մնալը: Սակայն կեանքի զանազան պայմաններ կը պարտադրեն մարդոց՝ դուրս մնալ դպրոցէն: Ոմանք աւելի ուշ կը վերադառնան եւ կ՚ամբողջացնեն իրենց ուսումը, ուրիշներ կեանքի ասպարէզ կը նետուին եւ «շուկայի կրթութիւն» կը ստանան: Կարեւորը անշուշտ կեանքի մէջ յաջողիլը եւ լաւ մարդ ըլլալն է: «HowStuffWorks» կայքը ներկայացուցած է երեւելիներ, որոնք դպրոցէն դուրս մնացած են…

*

Բոլորը գիտեն, թէ որքա՛ն կարեւոր է մնալ դպրոցին մէջ, լաւ կրթութիւն ստանալ եւ աւարտել վկայականով: Բայց կրնայ դժուար ըլլալ կեդրոնացած մնալը՝ դպրոցէն դուրս մնացած այս երեւելիներուն մասին կարդալէ ետք: Քրտնաջան աշխատանքը, մղումը, բնական տաղանդը եւ բացայայտ բախտը օգնեցին անոնց յաղթահարել կրթութեան պակասը, բայց ոմանք աւելի ուշ վերադարձան դպրոց եւ… աւարտեցին:

ԹՈՄԱՍ ԷՏԻՍԸՆ

Թոմաս Էտիսըն, հաւանաբար բոլոր ժամանակներու ամենէն յայտնի եւ արդիւնաւէտ գիւտարարն է, որուն անունով պաշտօնապէս արձանագրուած են 1000 գիւտեր, ներառեալ՝ ելեկտրական լամբը, ֆոնոկրաֆը եւ շարժական տեսախցիկը: Ան դարձաւ ինքնուրոյն միլիոնատէր եւ արժանացաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսի ոսկի մետայլին: Էտիսըն ուշ սկսաւ դպրոց յաճախել, հիւանդութենէ մը ետք, որուն պատճառով ան չէր կրնար կեդրոնանալ: Այս պատճառով իր ուսուցիչներէն մէկը զինք անուանեց «բթամիտ»: Ան լքած է դպրոցը միայն երեք ամիս ուսում ստանալէ ետք: Բարեբախտաբար անոր մայրը եղած է Գանատայի դպրոցի ուսուցչուհի, եւ երիտասարդ Էտիսըն տնային կրթութիւն ստացած է:

ՊԵՆԺԱՄԻՆ ՖՐԱՆՔԼԻՆ

Պենժամին Ֆրանքլին քաղաքական գործիչ, դիւանագէտ, հեղինակ, հրատարակիչ, գիտնական, գիւտարար եւ ԱՄՆ-ի Անկախութեան հռչակագիրի համահեղինակ էր: Ան երկրորդական վարժարան չէր աւարտած: Ֆրանքլին 17 երեխայ ունեցող ընտանիքի 15-րդ երեխան եւ կրտսեր որդին էր: Ան երկու տարի յաճախեց Պոսթընի Լատինական դպրոցը, 12 տարեկանին ձգեց ուսումը եւ աշխատանքի անցաւ հօրը, իսկ ապա եղբօրը քով՝ որպէս տպագրիչ:

ՌԻՀԱՆՆԱ

Երգչուհի Ռոպին Ռիհաննա Ֆենտիի երգերը աշխարհի մէջ ամենէն շատ առցանց վաճառուողներն են: Ան գործարար է, ձեւագէտ եւ դերասան՝ առանց նոյնիսկ միջնակարգ դպրոցի վկայական ունենալու: Ռիհաննան ծնած է 1988 թուականին, Պարպատ: 2003 թուականին զայն յայտնաբերեցին Նիւ Եորքի երկու երաժշտական արտադրիչներ, որոնք կը հանգստանային Քարայիպեան ծովուն եզերքը: 15-ամեայ աղջիկը անմիջապէս ձգեց միջնակարգ դպրոցը եւ տեղափոխուեցաւ Նիւ Եորք, ուր հրապարակուեցաւ իր առաջին ալպոմը: Մինչեւ այսօր Ռիհաննան ծախած է աւելի քան 54 միլիոն ալպոմ, 210 միլիոն երգ եւ ամենէն երիտասարդ մենակատարն է, որ «Billboard Hot 100»ին մէջ ունի «թիւ 1» դասուած 14 երգ: Ան նաեւ հաւաքածոներ նախագծած է «Armani»ի համար եւ ունի շատ յաջող նորաձեւութեան եւ գեղեցկութեան հաւաքածոներ:

ԱԼՊԵՐԹ ԱՅՆՇԹԱՅՆ

Հակառակ անոր որ «Թայմ» ամսաթերթը զինք «Դարու մարդ» անուանած է, Ալպերթ Այնշթայն դպրոցին մէջ «Այնշթայն» չէր: Նոպելեան մրցանակի դափնեկիր գիտնականը, որ յայտնի է իր յարաբերականութեան եւ այլ տեսութիւններով, երկրորդական վարժարանէն հեռացած է 15 տարեկանին: Տարի մը ետք ան որոշած է շարունակել ուսումը եւ մասնակցած է Զուիցերիոյ հեղինակաւոր Դաշնակցային արհեստագիտութեան համալսարանի մուտքի քննութեան, սակայն ձախողած է: Ան վերադարձած է երկրորդական դպրոց, ստացած է իր վկայականը եւ երկրորդ փորձով յաջողած է համալսարանի մուտքի քննութեան:

ՃՈՆ ՌՈՔՖԵԼԸՐ

Երկրորդական վարժարանը աւարտելէն երկու ամիս առաջ, պատմութեան մէջ առաջին արձանագրուած միլիառատէրը՝ Ճոն Ռոքֆելըր, հիմնադրած է «Standard Oil» ընկերութիւնը 1870 թուականին՝ շահելով միլիառներ: Ճոն Ռոքֆելըր իր կեանքին վերջին 40 տարիներուն իր հարստութիւնը հիմնականին մէջ յատկացուցած է առողջութեան եւ կրթութեան կապուած նպատակներու: Ճակատագիրի հեգնանքով երկրորդական վարժարանը չաւարտելը միլիոնաւոր մարդոց օգնեց լաւ ուսում ստանալու:

ՈՒՈԼԹ ՏԻԶՆԻ

1918 թուականին, երբ դեռ երկրորդական վարժարան կը յաճախէր, ապագայ օսքարակիր շարժապատկերի արտադրիչը՝ Ուոլթ Տիզնի, սկսաւ գիշերային դասընթացքներու հետեւիլ Շիքակոյի Գեղարուեստի ակադեմիայի մէջ: Տիզնին հեռացաւ դպրոցէն 16 տարեկանին՝ բանակին միանալու համար, բայց քանի որ ան շատ երիտասարդ էր զինուորագրուելու համար, փոխարէնը միացաւ Կարմիր խաչին՝ կեղծ ծննդեան վկայագիրով: Տիզնին ուղարկեցին Ֆրանսա, ուր ան վարեց շտապօգնութեան ինքնաշարժ, որ վերէն վար ծածկուած էր գծանկարներով, որոնք ի վերջոյ դարձան անոր շարժապատկերներու հերոսները: «Ուոլթ Տիզնի» ընկերութեան միլիառատէր հիմնադիրը դառնալէն եւ Ազատութեան Նախագահական մետայլով պարգեւատրուելէ ետք, Տիզնին 58 տարեկանին ստացաւ երկրորդական վարժարանի պատուոյ վկայական:

ՏԱՅԱՆԱ ԻՇԽԱՆՈՒՀԻ

Տայանա իշխանուհին յաճախած է Ուեսթ Հիթ աղջկանց վարժարանը, ուր ան կը նկատուէր միջինէն ցած աշակերտուհի՝ երկու անգամ ձախողելով աւարտական դասարանի իր բոլոր քննութիւններուն (քննութիւններ, որոնք տրուած էին 16-ամեայ ուսանողներուն Բրիտանիոյ մէջ՝ ստուգելու համար անոնց դպրոցական գիտելիքները): 16 տարեկանին ան լքեց Ուեսթ Հիթը եւ կարճ ժամանակ ետք յաճախեց Զուիցերիոյ երկրորդական վարժարանը՝ նախքան այնտեղէն եւս հեռանալը: Տայանա տաղանդաւոր ոչ արհեստավարժ երգչուհի էր եւ կը տենչար պալերին դառնալ, թէեւ անոր համար չափազանց բարձրահասակ կը նկատուէր: Ան գնաց աշխատելու որպէս այցելու օգնական Երիտասարդ Անգլիոյ մանկապարտէզին մէջ: Հակառակ պնդումներու՝ ան մանկապարտէզի ուսուցչուհի չէր, քանի որ չունէր դասաւանդելու կրթական որակաւորում: Այնտեղ ան գերազանց էր, քանի որ ան շատ լաւ կը վարուէր երեխաներու հետ: 1981-ին՝ 19 տարեկանին, Տայանան նշանուեցաւ Չարլզ իշխանին հետ (այժմ՝ թագաւոր), եւ անոր աշխատանքային օրերը աւարտեցան: Տայանա եւ Չարլզ ամուսնալուծուեցան 1996-ին: Ան մահացաւ ինքնաշարժի արկածի պատճառով:

ԳՆԴԱՊԵՏ ՍԱՆՏԵՐՍ

Գնդապետ Հարլենտ Սանտերս յաղթահարեց իր ուսման պակասը՝ դառնալով տապկուած հաւու առեւտուրի ամենէն մեծ գործարարը: Անոր հայրը մահացած է, երբ ան 6 տարեկան էր, եւ քանի որ մայրը կ՚աշխատէր, ան ստիպուած էր ընտանիքի համար ճաշ պատրաստել: Եօթներորդ դասարանին դպրոցէն հեռանալէ ետք Սանտերս աշխատած է որպէս հրշէջ, շոգենաւավար, ապահովագրութիւն վաճառող եւ այլն: Յետագային ան իրաւագիտութեան վկայական ստացած է հեռակայ դպրոցէն: Սանտերսի խոհարարութեան եւ առեւտրականի փորձառութիւնը օգնեց անոր միլիոններ շահիլ որպէս «Kentucky Fried Chicken»ի (այժմ՝ KFC) հիմնադիր:

ՉԱՐԼԶ ՏԻՔԸՆԶ

Չարլզ Տիքընզ հեղինակն է բազմաթիւ դասական վէպերու՝ «Օլիվըր Թուիսթ», «Երկու քաղաքներու հեքիաթ» եւ «Սուրբ Ծննդեան» երգ: Ան կը յաճախէր նախակրթարան, մինչեւ որ իր կեանքը շրջադարձ կատարեց, երբ հայրը բանտարկուեցաւ պարտքերու համար: 12 տարեկանին ան ձգեց դպրոցը եւ սկսաւ օրական 10 ժամ աշխատիլ կօշիկներ ներկելու գործարանին մէջ: Յետագային ան աշխատեցաւ որպէս օրէնսդիր եւ դատարանի գրագիր: 22 տարեկանին ան դարձաւ լրագրող՝ հաղորդելով խորհրդարանական քննարկումներու մասին եւ մեկնաբանելով նախընտրական քարոզարշաւը թերթի համար: Անոր առաջին պատմուածքներու ժողովածուն՝ «Էսքիզներ Պոզի կողմէ» (Պոզը անոր ծածկանունն էր), լոյս տեսաւ 1836 թուականին եւ բերաւ անոր առաջին վէպը՝ «The Pickwick Papers», մարտ 1836-ին:

ԷԼԹԸՆ ՃՈՆ

Էլթըն Ճոն ձգած է Երաժշտութեան թագաւորական ակադեմիան՝ ռոքենրոլի ասպարէզ սկսելու համար: Սըր Էլթըն Ճոն վաճառած է աւելի քան 300 միլիոն ձայնագրութիւն եւ ունի աւելի քան 50 առաջին դասուած երգեր, որոնք զայն կը դարձնեն բոլոր ժամանակներու ամենէն յաջող երաժիշտներէն մէկը: 11 տարեկանին Էլթըն դաշնակի կրթաթոշակով կ՚ընդունուի Լոնտոնի Երաժշտութեան թագաւորական ակադեմիան: Ձանձրանալով դասական ստեղծագործութիւններէն՝ Էլթըն կը նախընտրէր ռոքենրոլը, եւ 17 տարեկանին ան լքեց դպրոցը՝ դառնալով շաբաթավերջի օրերու դաշնակահար պանդոկի մը մէջ: Յետագային ան ստեղծեց «Bluesology» խումբը եւ իր բեմական անունը կազմեց խումբի երկու անդամներու անուններով:

ՌԷՅ ՔՐՈՔ

Ռէյ Քրոք «McDonald՚s»ը հիմնադրած չէ, բայց ան զայն վերածած է աշխարհի ամենէն մեծ արագ սնունդի ցանցին՝ Տիք եւ Մաք Մաքտոնալտներէն սկզբնական վայրը գնելէն ետք: Քրոք իր կեանքի ընթացքին կուտակած է 500 միլիոն տոլար, իսկ 2000 թուականին ընդգրկուած է «Թայմ» ամսաթերթի 20-րդ դարու 100 ամենէն ազդեցիկ շինարարներու եւ գործարարներու ցանկին մէջ: Ա. Համաշխարհային պատերազմի ժամանակ Քրոք լքած է երկրորդական վարժարանը, 15 տարեկանին, եւ ստած է իր տարիքի մասին՝ դառնալով Կարմիր խաչի շտապօգնութեան վարորդ, բայց պատերազմը աւարտած է նախքան զինք արտասահման ուղարկելը:

ՌԻՉԸՐՏ ՊՐԵՆՍԸՆ

Բրիտանացի սըր Ռիչըրտ Պրենսըն ինքնաշխատութեամբ յաջողած է եւ այժմ միլիառատէր գործարար է: Ան հիմնած է «Virgin Atlantic Airways»ը, «Virgin Records»ը, «Virgin Mobile»ը եւ վերջերս տիեզերական զբօսաշրջութեան ընկերութիւն՝ ապահովելու ճամբորդութիւններ դէպի տիեզերք բոլոր անոնց համար, որոնք ի վիճակի են վճարելու… Ընթերցանութեան դժուարութիւն (dyslexia) ունեցող Պրենսըն աղքատ աշակերտ մըն էր, ուրեմն լքեց դպրոցը 16 տարեկանին եւ տեղափոխուեցաւ Լոնտոն, ուր սկսաւ իր առաջին յաջող գործարարական աշխատանքը՝ հրատարակելով «Student» ամսաթերթը:

ՃԵՆԻՖԸՐ ԼՈՈՒՐԸՆՍ

Լաւ է, որ Ճենիֆըր Լոուրընսի ծնողները թոյլ տուած են անոր լքել ուսումը 8-րդ դասարանին, քանի որ ան յետագային դարձաւ բոլոր ժամանակներու ամենէն բարձր վարձատրուող դերասաններէն մէկը: Ան ծնած է Լուիսվիլ, Քենթաքի, 1990-ին: Դպրոցէն հեռանալէ ետք, ան 14 տարեկանին գնաց Մենհեթթըն, ուր դերասանութեան ընդունուելու համար ընթերցումներ կատարեց: Գործակալները անմիջապէս տպաւորուեցան եւ ան շուտով յայտնուեցաւ ծանուցումներու, յետոյ շարժապատկերներու մէջ:

ՍԱՉԻՆ ԹԵՆՏՈՒԼՔԱՐ

Հակառակ յայտնի արձակագիր հայր եւ ապահովագրութեան մասնագէտ մայր ունենալուն՝ Սաչին Թենտուլքար ձախողեցաւ հնդկական 12-րդ դասարանի վկայականի քննութեան եւ լքեց ուսումը 16 տարեկանին: Բայց Թենտուլքար մտահոգ չէր, քանի որ ան արդէն քրիքեթի մարզիկ էր եւ անդամ էր Հնդկաստանի ազգային հաւաքականին: Ծնած է Մումպայի մէջ 1973 թուականին: Թենտուլքար դարձած է քրիքեթի աշխարհի լաւագոյն մարզիկներէն մէկը: Ան միակ մարզիկն է, որ շահած է աւելի քան 34 հազար մրցում: Անոր կինը՝ Անճալի Մեհտան, մանկաբոյժ է:

ՄԵՐԻ ՓԻՔՖՈՐՏ

1800-ականներու վերջաւորութեան ծնած բազմաթիւ կիներ երբեք չեն աւարտած միջնակարգ դպրոցը: Բայց Մերի Փիքֆորտ սկսաւ դերասանութեան 7 տարեկանին, որպէսզի օգնէ իր ընտանիքին՝ հօր մահէն ետք: Գանատացի Մերի, որուն իսկական անունը Կլետիս Սմիթ է, ծնած է 1892-ին: Ան ի վերջոյ յայտնի դարձաւ իր գեղեցկութեամբ եւ տաղանդով՝ որպէս անխօս շրջապատկերներու աստղ ԱՄՆ-ի մէջ եւ անոր սահմաններէն դուրս: Զայն անուանեցին «Ամերիկայի սիրելին»: Փիքֆորտ ամուսնացած է երեք անգամ, ներառեալ՝ հռչակաւոր դերասան Տուկլաս Ֆերպանքս Երէցի հետ եւ անոնք միասին հիմնադրած են շարժապատկերի «United Artists» ընկերութիւնը (Կրիֆիտ եւ Չափլին նոյնպէս հիմնադիրներ էին):

ՃԻՒԼԻ ԱՆՏՐԻՒՍ

Ճիւլի Անտրիւս կ՚ըսէ, որ իր կեանքի ամենէն մեծ ցաւերէն մէկը այն է, որ իր ուսումը դադրեցուցած է 15 տարեկանին: Թէեւ այդ կրնայ ճիշդ ըլլալ, բայց ան զարմանալի ասպարէզ ունեցած է շարժապատկերի ոլորտին մէջ: Ծնած է Անգլիա, 1935-ին, որպէս Ճուլիա Ուելս: Յետագային ան առած է խորթ հօրը՝ Անտրիւս մականունը: Ճուլիի մայրն ու խորթ հայրը բեմի կատակերգակ դերասաններ եղած են: Երբ անոր խորթ հայրը երգեցողութեան դասեր տուած է Ճիւլիին, օր մը յայտնաբերած է, որ ան հազուագիւտ չորս օքթաւ հասողութիւն ունի: 1954-ին ան ելոյթ կ՚ունենար Պրոտուէյի մէջ, որուն յաջորդեց շարժապատկերի յաջող ասպարէզ, մեծ ժողովրդականութիւն վայելած երաժշտախառն ժապաւէններով:

… ԵՒ Ի ՎԵՐՋՈՅ ԺԱՄԿՈՉԸ

Գործազուրկ մը կը լսէ, որ եկեղեցին ժամկոչի պէտք ունի, կը դիմէ եւ կը մերժուի, որովհետեւ գրել-կարդալ չէր գիտեր: Ճարահատ՝ փողոցները ծխախոտ կը ծախէ, ապա կրպակ մը կը վարձէ, քիչ մը դրամ կը շահի, խանութ մը կը գնէ, ի վերջոյ ծխախոտի ընկերութիւն մը կը հիմնէ եւ ծխախոտ արտադրողներու սենտիքայի նախագահ կ՚ըլլայ: Ժողովի մը, երբ նամակ մը կը տրուի իրեն, կ՚ըսէ, թէ ինք գրել-կարդալ չի գիտեր: Ժողովականները զարմացած եւ հիացած՝ կը հարցնեն. «Դուք, որ առանց գրել-կարդալ գիտնալու այս դիրքին հասած էք, գրել-կարդալ եթէ գիտնայիք, ով գիտէ՝ ի՜նչ պիտի ըլլայիք»:

Մարդը կ՚ըսէ. «Ժամկոչ պիտի ըլլայի»:

ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
«Ազդակ», Լիբանան

Շաբաթ, Ապրիլ 1, 2023